
Տօներու բարձրախօսային աղմուկին մէջ, արդարօրէն կը խօս-ուի իրենց ժամանակը դրոշմած ծանօթ անուններու մասին: Բայց կար-գախօսային աղմուկը յաճախ կը մոռցնէ դէպքեր, նուաճումներ, որո-շումներ եւ դէմքեր, որոնք այսօր ալ կրնան հպարտութիւն պատճառել մեր ժողովուրդին, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ): Միայն հեռաւոր անց-եալին չի վերաբերիր խօսքը, այլ նաեւ մեզի համեմատաբար մօտ օրե-րու:
Հակառակ իր սեղմուած եւ հիւծած վիճակին, 14.000 քառակուսի քիլոմեթր տարածութեան սահմաններէն ներս, անդրանիկ հանդիսա-ցաւ յառաջադէմ եւ արդիական: Մեր ժողովուրդը վհատելու բազմաթիւ պատճառներ ունեցած է եւ ունի, զորս տեւաբար կը կրկնենք այնքան, որ հայը կ’ունենայ հոգեկան ընկճուածութիւն: Այսպէս, եթէ տեւաբար խօսուի, որ դարեր շարունակ հալածուած ենք, ջարդուած, տեղահան-ուած, ցեղասպանութեան ենթարկուաւծ, օտարացած եւ ձուլուած, զանգուածը եւ մանաւանդ նորահաս սերունդը կը մատնուին յուսա-լքման:
Ինչո՞ւ չենք խօսիր այն մասին, որ մենք ունեցած ենք ԺԲ դարուն ունեցած մեծ բժիշկ Մխիթար Հերացին, որ գրած բժշկական գիրք՝ Ջեր-մանց Մխիթարութիւն անունով: Իր անունով կը կոչուի Երեւանի բժշկական համալսարանը:
Մեզի աւելի մօտ, ունեցած ենք մեծ աստղագէտ Վիկտոր Համ-բարձումեանը (1908-1996), հիմնադիրը մեր փոքրիկ երկրի մեծ աստ-ղադիտարանին: Հպարտութիւն. մեր փոքրիկ ժողովուրդին գիտնակա-նը, դուրս գալով Հայաստանի եւ Խորհրդային Միութեան սահմաննե-րէն, եղած է Միջազգային Աստղագիտութեան միութեան փոխ-նա-խագահ (1948-1955), ապա նախագահ (1968-1972): Փակագիծ մը բա-նանք: Միջազգային հռչակի տիրացած կամ այդ ձգտումը ունեցող հա-յեր եւ ծագումով հայեր, թող իմանան թէ ինչպէ՞ս մեծութիւնը ուրաց-ման չէ տարած մեծ գիտնականը: Ան ըսած է, Ամէն մէկը պէտք է իր պարտքը համարի ուսումնասիրել հայոց լեզուն, գրագէտ լինի հայե-րէն, անկախ նրանից ինչպիսի տոկոս է կազմում նրա մեջ հայկական արիւնը։ Ինքնութիւն պահել լեզուով եւ օտարախօսութիւնը յառաջդի-մութիւն չհամարել: Այս մեծ մարդուն մէջ վառ մնացած է ազգին հան-դէպ պարտքի գիտակցութիւնը: Արցախեան շարժման օրերուն, 9 Սեպտեմբեր 1990ին, ինք ալ Զորի Բալայեանի հետ հացադուլ յայտա-րարած էր, երբ Միխայիլ Կորպաչեւ լուծած էր Ղարաբաղի օրինական իշխանութիւնը: Երկու օր ետք, երբ Կորպաչեւ շնորհաւորած է իր ծննդեան տարեդարձը, եւ խնդրած՝ որ դադրեցնէ հացադուլը: Հայ գիտ-նականը նամակաբերին ըսած է. Խնդրում եմ Միխայիլ Սերգեւիչին փոխանցել, որ եթէ ինքը խնդրում է դադարեցնել քաղաքական ձեռ-նարկումը, ապա կարող էր նշել նաեւ հացադուլ յայտարարած իմ ըն-կերների անունները: Թէ չէ, մի տեսակ լաւ չի ստացւում: Նրան նաեւ փոխանցէք, որ մենք կը գնանք մինչեւ վերջ եւ որ անձամբ ես երբեք չէի դիմի նման ծայրայեղ միջոցի, եթէ վստահ չլինէի իմ իրաւացիութեանը: Փառքը չէր փոքրացուցած հայը:
Հարիւրամեակ է: Առաջին անկախ Հանրապետութիւնը կարճա-տեւ եղաւ: Բայց այդ երկուքուկէս տարիներուն, աշխարհին ցոյց տուինք, որ մենք յառաջադէմ, արդիական եւ արդար ըլլալու ատակ ժողովուրդ էինք: Երբ Եւրոպայի յառաջադէմ երկիրներէն շատեր իրենց կիներու քուէարկելու իրաւունք չէին տուած եւ անոնք իրենց խորհրդարաններուն մէջ ընտրուած կին երեսփոխաններ չունէին, Ֆրանսան այդ իրաւունքը կիներուն տուաւ միայն 1945ին, Հայաստանի անդրանիկ ընտրուած խորհրդարանը ունեցած է երեք կին երեսփո-խաններ:
Յիշենք անունները. բժշկուհի Կատարինէ Զալեան-Մանուկեան, Ժընեւ ուսանած Պերճուհի Պարտիզպանեան-Բարսեղան, Վարվառա Սահակեան: Երեքն ալ մասնակից եղած են ոչ միայն խորհրդարանա-կան աշխատանքին, այլ նաեւ մասնակից առողջապահութեան, որբե-րու, նպաստամատոյցի, համաճարակներու դէմ պայքարի եւ կրթու-թեան աշխատանքներուն: Խորհրդայնացումէն ետք, Կատարինէ Զալ-եան-Մանուկեան, Արամ Մանուկեանի այրին, իր մանուկ դստեր Սե-դային հետ մնացած է Հայաստան, Պերճուհի Պարտիզպանեան-Բար-սեղեան իր զաւակին հետ յաջողած է դուրս գալ երկրէն եւ հուսկ հաս-տատուիլ Փարիզ, ուր նուիրուած է գրականութեան եւ աշխատած է Նանսէնեան գրասենեակին մէջ, իսկ Վարվառա Սահակեան, Հայաս-տանի խորհրդարանի առաջին նախագահ Աւետիք Սահակեանի (հայր Աբրահամի կինը), յաջողած էր ամուսինին հետ հասնիլ Պէյրութ, ուր ծաւալած էր բարեսիրական գործունէութիւն, Հայ Օգնութեան Խաչի շրջանակին մէջ:
Հայաստան ունեցած է աշխարհի առաջին կին դեսպանը Տիա-նա Աբգարը: Որքան լաւ պիտի ըլլար, որ այս չորս կիներու մասին յա-ճախ խօսուէր, անոնց կեանքի մանրամասնութիւնները դառնային սե-փականութիւնը նորահաս սերունդին, որպէսզի հայուհիները գիտնա-յին, որ իրենք ալ հայ կեանքին մասնակցելու իրաւունք եւ պարտա-կանութիւն ունին, այսօր թերեւս աւելի քան երբեք, քանի որ իրենք ալ նուաճած են գիտութիւն, ուսման բարձր մակարդակ: Երբ աշխարհի մէջ այսօր կանանց իրաւունքերուն եւ հաւասարութեան համար պայ-քար կը մղուի, հայուհիներ մասնակից են եղած են հայ կեանքին, ոչ միայն բարեսիրական աշխատանքներու համար: Այսինքն հայը ոչ ոքէ ետ չէ մնացած ինչ կը վերաբերի ընկերային հաւասարութեան եւ ար-դարութեան: Այս ծանօթացումը ուրիշներէ ետ մնացած չըլլալու հպարտութիւն կը ներշնչէ եւ թափ կու տայ կազմակերպական եւ յանձնառու աշխատանքի մասնակցութեան:
Ըսել նաեւ, որ այս կիները ունէին շնորհ եւ գիտութիւն, եւ զա-նոնք ծառայեցուցին իրենց ժողովուրդին, հռչակի հասնելու համար ու-րիշներու դրան առջեւ չկանգնեցան:
Այս հպանցիկ նշումները կարելի է ընդլայնել, կրկնել ի հարկին, որպէսզի հայը, ուր ալ գտնուի, գիտնայ, որ ինք կրնայ տեւել, ոչ թէ վե-րացականութեամբ, այլ իր պատմութիւնը շարունակելով:
Մխիթար Հերացի կամ Վիկտոր Համբարձումեան, Կատարինէ Մանուկեան, Պերճուհի Բարսեղեան, Վարվառա Սահակեան եւ Տիանա Աբգար օրինակներ են, օրինակելի են նոյնքան որքան է Աղբիւր Սերոբի կին առասպելական Սօսէ Մայրիկը կամ մեր օրերու Արցախի ազատագրական կռիւներուն մասնակցած ազատամարտիկ կիները:
Յառաջադէմ ազգի գիտակցութիւնը կար առաջին հանրապե-տութեան օրերուն եւ ան շարունակուած է: Հարիւրամեակի տօնախմբութիւնները, գիտաժողովները, ձայնասփիւռային եւ հեռատեսիլային հաղորդումները, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, որոնց կուրծք տուած ենք եւ դեռ կու տանք, պէտք է վեր առնեն այն հպարտութիւնը՝ որ կրաւորականութիւնը պարտութիւն է, անհատական եւ հաւաքա-կան մակարդակներու վրայ:
100 տարի ետք կրկին հնչած է հայրենատիրութեան ժամը, որ փոխանորդներով չի կրնար տեղի ունենալ: Պատնէշի վրայ գտնուելու հպարտութիւնը հարկ է վերագտնել եւ փոխանցել: Այլապէս ամեակ եւ ամեակներ կը ծառայեն երգիչներով, պարողներով եւ բարձրախօսնե-րով զուարճացնելու ձանձրացողներ եւ զբօսաշրջիկներ:
Այսինքն վերականգնած հպարտութեամբ պէտք է պատասխա-նել ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման, առանց ընդարմացած մնալու հայրենիքի հանդէպ պղատոնական սիրով կամ խիղճ հան-դարտեցնող բարեսիրութեամբ:
Հարիւրամեակի հունով եկած պատասխանը պարզ եղած է եւ է. առանց Հայաստանի հայութիւն պիտի չըլլայ, առանց հայու Հայաս-տանը աշխարհագրական անուանում մը կ’ըլլայ: