
Երիտասարդ դաշնակահար Նարէ Աղամանեան, յառաջիկայ քանի շաբաթներուն ելոյթներ պիտի ունենայ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանէն ներս: Առաջին ելոյթը պիտի կատարուի այս Կիրակի, Հոկտեմբեր 21-ին, Պոսթընի “Isabella Steward Gardner“ թանգարանի “Calderdwood“ սրահէն ներս, ժամը 1:30-ին: Ան պիտի նուագէ գործեր` Շումանէն, Պախէն եւ Ռախմանինովէն: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել.- www.gardnermuseum.org.
Ապա, Հոկտեմբեր 24-ին եւ 28-ին, միեւնոյն յայտագիրը պիտի կրկնուի յաջորդաբար Ֆիլատելֆիոյ (Philadelphia Chamber Music Society, www.pcmsconcerts.org) եւ Նիւ Եորքի (Lincoln Center Walter Reade Theatre, www.lcgreatperformers.org) մէջ:
Նշենք թէ, 23 գարուններ բոլորած Նարէ որ ծնած է Վանաձոր, Պոսթընի մէջ իր անդրանիկ ելոյթը կատարած է 2004-ին, երբ հազիւ 14 տարեկան էր, Քէյմպրիճի “Longy School of Music ին“ մէջ: