Գրո­ղի ան­կիւն.- ՆԱԽ` ՄԻ­Ա­ԿԵՐՊ ԳՐՈՒ­ԹԻՒՆ

0 0
Read Time:9 Minute, 57 Second

 ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

 

Բո­լո­րո­վին նո­րու­թիւն մը ըսած պի­տի չըլ­լամ, երբ յի­շեց­նեմ, թէ այս օրե­րուն ազ­գո­վին կ՛ապ­րինք խառն ժա­մա­նակ­նե­րու մէջ, որոնց բազ­մա­զան անդ­րա­դարձ­նե­րէն ան­մասն չենք կրնար մնալ: Հա­յաս­տա­նի թէ Սփիւռ­քի մեր կեան­քէն ներս, մենք հա­յերս` կը դի­մագ­րա­ւենք հո­գե­ւոր ու բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րու ան­կում, մշա­կու­թա­յին կեան­քի նա­հանջ եւ տա­կա­ւին այլ լուրջ տագ­նապ­ներ: Այս բո­լո­րը զգա­լի ու տե­սա­նե­լի են:

Ու տա­կա­ւին` Սփիւռ­քի տա­րած­քին հա­յա­խօս­նե­րու, հա­յե­րէն կար­դա­ցող­նե­րու եւ գրող­նե­րու թիւե­րուն նուա­զու­մով, արեւմ­տա­հա­յե­րէն մեր գոր­ծա­ծած լե­զուն սկսած է ապ­րիլ լուրջ մար­տահ­րա­ւէր­ներ, որոնք կը սպառ­նան իր եւ մեր ինք­նու­թեան:

Պէտք է ըսել նա­եւ, թէ հայ լե­զու, հայ գի­տակ­ցու­թիւն եւ հա­յա­խօ­սու­թիւն իրար շաղ­կապ-ւած եւ զի­րար ամ­բող­ջաց­նող էա­կան տու­եալ­ներն են մեր ազ­գա­յին գո­յու­թեան եւ բար­գա-ւաճ­ման: Որով­հե­տեւ լե­զու մը ողջ է եւ կը մնայ, եթէ զայն խօ­սող­ներ կան: Սա­կայն գի­տենք նա­եւ, թէ այդ լե­զուն գիտ­նա­լը բա­ւա­րար չէ: Օրի­նակ վերց­նե­լով կրնանք հաս­տա­տել, թէ լա­տի­նե­րէն գիտ­ցող­ներ շատ կան, սա­կայն լա­տի­նե­րէ­նը մե­ռած լե­զու է: Խօ­սող չու­նի:

Իսկ ասոր հա­կա­ռա­կը, հրեա­նե­րը վերս­տեղ­ծե­ցին իրենց մեռ­եալ լե­զուն, այն լե­զուն` որ նոյ­նիսկ չէ­ին գի­տեր թէ ինչ­պէս կ՛ար­տա­սան­ուի:

Անոր հա­մար միշտ կը շեշ­տենք, թէ լե­զու մը, որ չի գրուիր կամ չի խօս­ուիր տան, դպրո­ցին կամ շու­կա­յի մէջ, այլ խօս­քով ամէ­նօր­եայ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մի­ջոց մը չէ, կ՛աղ­քա­տա­նայ, կը սնան­կա­նայ, իր կա­րո­ղա­կա­նու­թիւնը կը կորսնց­նէ եւ պատ­մու­թեան հո­սան­քին մէջ ալ կա­մաց կա­մաց կ՛ընկղ­մի, իր հետ տա­նե­լով նա­եւ իր ազ­գը:

Այս­պէս հա­յե­ցի դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան գոր­ծը օրէ օր աւե­լի սկսած է դժուա­րա­նալ: Վտան­գա­ւոր հանգր­ուա­նէ մը կ՛անց­նինք: Ժա­մա­նակն է վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կել սփիւռք­եան մեր ներ­կայ կա­ռոյց­նե­րու իրա­վի­ճա­կը: Կեց­ուած­քի փո­փո­խու­թիւն է պէտք:       

Մես­րոպ­եան յար­կե­րու շի­նու­թեան կա­րի­քը կայ ամէն տեղ: Միւս կող­մէ ապա­կան­ուած է մեր շրջա­պա­տը: Վաղ­ուան մեր ինք­նու­թիւնը  արա­գօ­րէն սկսած է մա­շիլ: Այս բո­լո­րին  ախ­տա­ճա­նա­չու­մը կա­տար­ուած է եւ ժա­մա­նա­կէ մը ի վեր ահա­զան­գը` հնչած: Մէկ խօս­քով օրե­րը գե­ղե­ցիկ չեն:

Սա­կայն ի տես այս բա­ցա­սա­կան կէ­տե­րուն, հպար­տու­թեամբ կու գանք ըսել, թէ 2012 տա­րին յատ­կանշ­ուե­ցաւ անու­րա­նա­լի եւ անժխ­տե­լի իրո­ղու­թեամբ մը:

Այս­պէս, Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սը ինք ան­ձամբ նա­խա­ձեռ­նեց ու ստանձ­նեց արեւմ­տա­հա­յե-րէ­նի պաշտ­պա­նու­թեան կամ փրկու­թեան հար­ցը լոյ­սին բե­րե­լու եւ այս առ­թիւ լու­ծում մը կամ լու­ծում­ներ որո­նե­լու դժուա­րին եւ ծանր պար­տա­կա­նու­թիւնը:

Ճշմար­տու­թիւնը տես­նել ու ըսել, նպա­տա­կին հաս­նե­լու ճամ­բուն կը ծա­ռա­յէ, ըսած են մեր մե­ծե­րը:

Ան­կաս­կած, որ այս հսկա­յա­կան աշ­խա­տան­քը ինք­նին խա­րիսխ պի­տի դառ­նայ, արեւմ­տա-հայ լե­զուն դար­մա­նե­լու, անոր գոր­ծա­ծու­թեան ի խնդիր գոր­ծօն քայ­լեր որո­նե­լու, անոր կարգ մը շրջան­նե­րէն ներս հիւ­ծած վի­ճա­կը բա­րե­լա­ւե­լու եւ վեր­ջա­պէս զայն կո­րուս­տէ փրկե­լու հա­մար:

Մե­զի հա­մար մեր լե­զուն գանձ է ու հարս­տու­թիւն: Ոչ մէկ կաս­կած եւ տա­րա­կու­սանք:

Ու իբ­րեւ արագ վե­րա­քաղ` կ՛ու­զենք նա­եւ յի­շեց­նել, թէ Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի, Սա­հակ Պար-թե­ւի ու անոնց աշա­կերտ­նե­րուն ջան­քե­րուն շնոր­հիւ ստեղծ­ուած մեր լե­զուն, մե­զի հաս­ցու­ցած է ազ­գա­յին ան­մա­հու­թեան դրան առ­ջեւ: Շնոր­հիւ այդ լեզ­ուին, դա­րե­րէ ի վեր մենք կը գո­յա­տե­ւենք ու տա­կա­ւին պի­տի գո­յա­տե­ւենք, մին­չեւ այն ժա­մա­նակ, որ այս մո­լո­րա­կին վրայ հա­յե­րէն լե­զուով խօ­սող մը կ՛ապ­րի:

Յե­տոյ պէտք չէ մոռ­նանք, որ մեր լե­զուն զար­գա­նա­լով, անոր զու­գըն­թաց զար­գա­ցած են նա­եւ լեզ­ուա­կան օրէնք­ներն ու կա­նոն­նե­րը, որոնց քե­րա­կա­նու­թիւն անու­նը կու տանք:

Հա­յերս յոյ­նե­րէն սոր­վե­ցանք քե­րա­կա­նու­թիւն, ստու­գա­բա­նու­թիւն եւ փի­լի­սո­փա­յու­թիւն:

Ժա­մա­նա­կին` գրա­բա­րը ժո­ղովր­դա­կան խօ­սակ­ցա­կան լե­զուն էր: Այդ նոյն մեր գրա­բա­րը, շնոր­հիւ Մես­րոպ Մաշ­տո­ցին եւ իր աշա­կերտ­նե­րուն, դար­ձաւ նա­եւ գրա­կան լե­զու ու դա­րե­րու ըն­թաց­քին ալ` կա­տա­րե­լա­գործ­ուե­ցաւ:    

Ամէն ժո­ղո­վուրդ կ՛ու­զէ, կը բաղ­ձայ ու­սա­նիլ իր գրա­ւոր լե­զուն: Այս մէ­կը‘ ոչ թէ որով-հե­տեւ բո­լո­րին լե­զուն ըլ­լա­լէն կը բխի, այլ տե­սակ մը ընդ­հա­նուր պա­հանջք մըն է:

Ու հպար­տու­թեամբ կու գանք յի­շել նա­եւ, թէ ամէն օր հայ միտ­քը շա­րու­նա­կե­լով իր մտա­ծո­ղա­կան զար­գաց­ման դրօ­շար­շա­ւը, հա­յե­րէ­նը 19րդ դա­րուն նոր շունչ ու կեր­պար ստա­ցաւ: Շնոր­հիւ մեր մե­ծա­նուն գրա­գէտ­նե­րուն եւ հայ մտքի մշակ­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն, գրա­բա­րը ինք­նա­բե­րա­բար նա­հան­ջե­լով իր տե­ղը տուաւ աշ­խար­հա­բար լեզ­ուին, որ իր կար­գին դար­ձաւ կեն­դա­նի, բա­րե­փոխ­ուած ու մշակ­ուած լե­զու մը իր արեւմ­տա­հա­յե­րէն եւ արե­ւե­լա­հա­յե­րէն եր­կու թե­ւե­րով:

Այլ խօս­քով, աշ­խար­հա­բա­րը դար­ձաւ մեր ժո­ղո­վուր­դին գոր­ծա­ծած ներ­կայ լե­զուն:

Ապա, գրա­կան նոր դէմ­քեր կրկին ան­գամ վե­րա­կեն­դա­նա­ցու­ցին զայն, վե­րա­նո­րո­գե­ցին, զար­գա­ցու­ցին անոր ար­մատ­ներն ու բա­ռե­րը ու այս ձե­ւով անոր տուին նոր երանգ:

Եթէ այս­քա­նը պատ­մու­թեան կը պատ­կա­նի, հա­պա ներ­կա­յիս կայ այն իրո­ղու­թիւնը, թէ նոյն մեր այս գոր­ծա­ծած լե­զուն` արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը, վտանգ­ուած է վե­րեւ նշուած զա­նա-զան պատ­ճառ­նե­րու բե­րու­մով:

Այս տո­ղե­րով միայն կ՛ու­զեմ անդ­րա­դառ­նալ արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի լեզ­ուի մա­սին:

Անոր հա­մար կը հա­ւա­տամ, որ ամէն տե­սա­կի լու­ծում­նե­րէ առաջ ան­պայ­մա­նօ­րէն մեր այս գոր­ծա­ծած արեւմտ­հա­յե­րէ­նը պէտք է նախ դարձ­նել մի­ա­կերպ, որով­հե­տեւ մտա­հո­գու­թիւնս կը պատ­կա­նի մեր հա­ւա­քա­կա­նին:

Կը կար­ծեմ, որ պէտք է որո­նել, սրբագ­րել, դար­մա­նել տա­րի­նե­րու թե­րին կամ թե­րի­նե­րը, վե­րագտ­նել եզր մը, հա­սա­րակ յայ­տա­րար մը, որ­պէս­զի մեր այս լե­զուն թար­մա­նայ, ու մի­եւ­նոյն ժա­մա­նակ դառ­նայ մի­օ­րի­նակ իր տես­քով, մի­ա­կերպ իր ուղ­ղագ­րու­թեամբ` մի­ա­տառ եւ առողջ լե­զու մը:

Տեսն­ուած իրո­ղու­թիւն է, թէ այ­սօր տե­սա­կա­ւոր են այս մեր լեզ­ուին ներ­քին կա­նոն­նե­րը, ըլ­լան անոնք ուղ­ղագ­րա­կան, թարգ­մա­նա­կան եւ կամ քե­րա­կա­նա­կան տե­սան­կիւ­նե­նե­րէ դիտ­ուած:

Քա­նի մը օրի­նակ­ներ բա­ւա­րար են յի­շո­ղու­թիւն­նե­րը թար­մաց­նե­լու:

– Քա­լի­ֆորն­ի­ան քէ-ով գրող­ներ կան, մինչ կան նա­եւ գ-ով գրող­ներ:

– Յուն­ուա­րը, Կի­րա­կին գլխագ­րով կը գրեն, իսկ շա­տեր ալ` պարզ գի­րով: 

– Ամէ­նէն-ը եր­կու է-ով գրող­նե­րու թիւը շատ է. մինչ առա­ջի­նը ե-ով գրող­ներ ալ կան:

Եւ տա­կա­ւին կան թարգ­մա­նա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու ըն­թաց­քին ծնունդ առած զա­նա­զան հար­ցեր եւ տա­րա­կար­ծու­թիւն­ներ:

Հի­մա: Ո՞ր մէկ ձե­ւը ճիշդ է: Ո՞ր մէկ ձե­ւը պէտք է որ­դեգ­րէ մեր աշա­կեր­տը կամ ու­սու­ցի­չը: Ին­չո՞ւ, ա՛յս ձե­ւով չէ եւ ա՛յդ ձե­ւով է:

Կը հա­ւա­տամ, որ արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պաշտ­պա­նու­թեան յա­տուկ ամէն ճի­գե­րէ առաջ նախ պէտք է զայն մի­օ­րի­նա­կաց­նել: Այս լեզ­ուի մաս­նա­գէտ­ներ, ուղ­ղագ­րա­գէտ­ներ` եթէ նման բառ մը գո­յու­թիւն ու­նի եւ կամ քե­րա­կա­նա­գէտ­ներ, ճշգրիտ ու տրա­մա­բա­նա­կան տու­եալ­նե­րու հի­ման վրայ, էա­կան է, որ նախ  շտկեն կամ հիմ­նա­ւո­րեն մեր գոր­ծա­ծած կարգ մը բա­ռե­րու լեզ­ուա­կան օրէնք­նե­րը, ընդ­հա­նուր հա­մազ­գեստ մը հագց­նե­լով անոր օրէնք­նե­րուն:

Մէկ խօս­քով անոնք մի­օ­րի­նա­կա­նաց­նեն մեր լեզ­ուի ուղ­ղագ­րա­կան կա­նոն­նե­րը:

Ահա թե­րեւս ու­րիշ­նե­րու հա­մար այս մանր կարծ­ուած սա­կայն ին­ծի հա­մար իբ­րեւ կա­րե­ւոր նա­խա­քայլ նկատ­ուած հար­ցերն են, որոնք զիս կը մտա­հո­գեն: Որով­հե­տեւ կը հա­ւա­տամ, որ մեր մայ­րե­նի լե­զուն ան­փո­խա­րի­նե­լի ար­ժէք մըն է, որ կը պահ­պան­ուի պայ­քա­րով: Այս բո­լո­րին հետ ու մի­ա­սին փա­փաքս է, որ ան­պայ­մա­նօ­րէն պա­հել լեզ­ուա­կան մեր ու­նե­ցած ար­ժէք­նե­րը: Նեղ սահ­ման­նե­րէն դուրս գա­լով` հա­մա­հայ­կա­կան եւ ազ­գա­յին մտա­ծո­ղու­թեամբ փայ­փա­յել մեր ու­նե­ցա­ծը, որ­պէս­զի յա­նուն մեր գրա­կան լեզ­ուին հա­մար մղուող ազ­նիւ ու լուրջ պայ­քա­րին ոչ միայն պատ­րաստ ըլ­լանք, այլ նա­եւ` մի­ա­կամ մաս­նա­կից դառ­նանք:

Իրա­տես պէտք է ըլ­լալ: Կա­րե­ւո­րը այս մտա­հո­գու­թիւնը բաժ­նելն է:

Ուս­տի` ուժ, ձգտում եւ թափ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles