ԳՐԻԳՈՐ ԶԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

0 0
Read Time:3 Minute, 11 Second

 

Նիւ Ճըրզիի մեր գա­ղու­թը լա­ւա­պէս կը ճանչ­նար Գրի­գոր Զա­տուր­եա­նը: Մեզ­մէ շա­տեր բազ­միցս ներ­կայ գտնուած են Գրի­գո­րի եւ իր սի­րե­լի տիկ­նոջ Յաս­մի­կի բնա­կա­րա­նը, ուր անոնք սրտբաց հիւ­րըն­կա­լած են, մեր շրջա­նը այ­ցե­լող բարձ­րաս­տի­ճան հայ քա­ղա­քա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ եկե­ղե­ցա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ:

Սրտի ան­հուն կսկի­ծով կու գամ Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թեան »Դրօ« կո­մի­տէի եւ կո­մի­տէ­ու­թեան ըն­կեր­նե­րու եւ ըն­կե­րու­հի­նե­րու անու­նով խո­րին ցա­ւակ­ցու­թիւն­ներ յայտ­նե­լու Գրի­գո­րի ըն­տա­նի­քին, հա­րա­զատ­նե­րուն եւ բո­լո­րին:

Որ­պէս Գրի­գո­րի մտե­րիմ խօ­սա­կից­նե­րէն մէ­կը, յա­ճախ իրա­զեկ եղած եմ իր զա­նա­զան մտա­հո­գու­թիւն­նե­րուն՝ որոնց առանց­քը կը կազ­մէր գլխա­ւո­րա­բար հայ ժո­ղո­վուր­դի քա­ղա­քա­կան ար­դար դա­տը, ինչ­պէս նա­եւ նոր սե­րուն­դի հա­յե­ցի դաստ­ի­ա­րա­կու­թիւնը որոնց հա­մար մեր սի­րե­լի Գրի­գո­րը իր նիւ­թա­կա­նը չզլա­ցաւ:

Դաշ­նակ­ցու­թիւնը իր պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին միշտ ար­ժէ­քա­ւո­րած է իր հա­մա­կիր­նե­րու ստանձ­նած կեն­սա­կան դե­րը որուն տի­պար մարմ­նա­ցումն էր Գրի­գո­րը:

Ան կու­սակ­ցա­կան շար­քա­յին ըն­կեր չէր, սա­կայն իր ան­խախտ հա­մո­զու­մը, հաս­տատ հա­ւատ­քը եւ ան­սա­կարկ նուի­րու­մը Դաշ­նաց­կու­թեան գոր­ծին եւ գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թեան հան­դէպ՝ զինք դար­ձու­ցած էին դաշ­նակ­ցա­կան հա­մեստ զի­նուոր մը:

Վեր­ջին երե­սուն տա­րի­նե­րուն, երբ Հայ Դա­տի մեր ազ­գա­յին պայ­քա­րը կ’անց­նէր զա­նա­զան հանգր­ուան­նե­րէ, Գրի­գո­րը եղաւ մնա­յուն ներ­կա­յու­թիւն եւ իր բա­րո­յա­կան ու նիւ­թա­կան մաս­նակ­ցու­թեամբ՝ նպաս­տեց ազ­գա­յին գոր­ծու­նէ­ու­թեանց յա­ջո­ղութեան: Քա­ղա­քա­կան դիւա­նա­գի­տա­կան աշ­խա­տանք, պա­հան­ջա­տի­րա­կան զին­եալ պայ­քար, նո­րաս­տեղծ ան­կախ հայ­կա­կան պե­տա­կա­նու­թիւն, դաշ­նակ­ցու­թեան հան­դէպ հա­լա­ծանք, աղէ­տա­լի երկ­րա­շարժ, Ար­ցա­խի ազա­տագ­րա­կան պայ­քար բո­լորն ալ պատ­մա­կան պա­հեր էին, որոնց ըն­թաց­քին Գրի­գո­րը իր ան­շեղ կեց­ուած­քով կանգ­նե­ցաւ կու­սակ­ցու­թեան կո­ղին եւ հա­ւա­տա­րիմ ջա­տա­գո­վը հան­դի­սա­ցաւ անոր քա­ղա­քա­կան ազ­գա­յին ու­ղե­գի­ծին:

Բո­լո­րիս հա­մար դժուար պի­տի ըլ­լայ տես­նել այս հա­մայն­քը, առանց իր ազն­ուա­գոյն հայ­րին՝ Գրի­գո­րին:

Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն մեր մտեր­միկ խօ­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին միշտ իր փա­փա­քը եղած էր, որ դա­գա­ղը ծածկ­ուած ըլ­լայ Հայ­կա­կան Եռա­գոյ­նով: Իր փա­փա­քը կա­տար­ուած է ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս: Խոր ցա­ւակ­ցու­թիւն­ներ իր կո­ղա­կից՝ Յաս­մի­կին, զա­ւակ­նե­րուն՝ Ճա­նի եւ Ռի­չըր­տի եւ բո­լոր հա­րա­զատ­նե­րուն:

Հողդ թե­թեւ …սի­րե­լի Գրի­գոր: 

Սգա­կիր

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles