ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Անցեալ շաբաթավերջին, Կրօնական Ժողովը եւ Ազգային Վարչութիւնը յայտարարեցին, թէ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան Արեւելեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ նշանակուած է։ Հ. Սահակը թեմին միացած է Օգոստոս 2013-էն ի վեր եւ ներկայիս կը ծառայէ իբրեւ Ուստրի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։ Ան պիտի շարունակէ իր ծառայութիւնը Ուստրի մէջ՝ առաջնորդական փոխանորդի իր պաշտօնին զուգընթաց։
Հ. Սահակ Վրդ ․ ծնած է Երեւան, 1983_ին։ Ինը տարի ուսում ստանալէ ետք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքին մէջ, կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 2006_ին։ Ան Կաթողիկոսարանին մէջ աշխատած է չորս տարի իբրեւ արխիւներու տնօրէն եւ դպրեվանքի դասատու։ Եղած է նաեւ Սելանիկի (Յունաստան) համայնքի հոգեւոր հովիւ։ 2010_ին ստացած է վարդապետութեան աստիճանը։
Միացեալ Նահանգներ ժամանելէ ետք, Հայր Սուրբը սկզբնապէս ծառայած է թեմիս մէջ իբրեւ արտահաս հովիւ, մինչեւ իր նշանակումը իբրեւ՝ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հովիւ Ուստրի մէջ։ 2016-ին, Արամ Ա. Կաթողիկոսէն Հ. Սահակ վարդապետ ստացած է ծայրագոյն վարդապետի աստիճանը։ Աստիճանի ստացումը՝ ձեռամբ նախկին առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեանի, տեղի ունեցած է Ուոթըրթաունի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, Մայիս 2016-ին, յընթացս Ս. Պատարագի, զոր կը մատուցէր Անուշաւան եպս. Դանիէլեան, որ այդ ժամանակ առաջնորդական փոխանորդն էր։ Հ. Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան նաեւ ամբողջացուցած է իր աստուածաբանական ուսումը Պոսթըն քոլէճին մէջ, 2018-ին ստանալով մագիստրոսի տիտղոսը։

