
Լուսանկարներ` Իննա Մխիթարեան
Հայաստանի տնտեսութեան բնագաւառէն ներս, ապրուստի պատճառով գաղթը, ծանր ազդեցութիւն ունեցած է տարածաշրջանին վրայ: Երկար ժամանակ միջազգային ուսումնասիրութիւններու առարկայ եղած է այս հարցը: Մարզի 17-էն քսան հազար բնակիչները, ամէն տարի կը մեկնին: Ըստ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն` Գեղարքունիքը կը նկատուի Հայաստանի ամէնէն աւելի պանդուխտ “արտադրող“ մարզը: Արդարեւ, 243 հազար բնակչութեան ութ տոկոսը այդ մարզէն են:
36 ամեայ Սիլվա Բարխոյեանը, իր 6 երեխաներուն եւ ամուսնոյն` 46 տարեկան Արայիկ Առաքելեանի հետ, կը բնակի Գեղարքունիքի մարզի Վարդենիկ գիւղին մէջ:
Անոնց տնակի պատուհանները փակուած են միայն “նայլըն“ տոպրակներով: Այդ պատճառով, Սիլվայի հազիւ չորս գարուններ բոլորած որդին` Արմանը, հիւանդ էր թոքախտով, իսկ ընտանիքը գումար չունէր բուժման համար: աւելին…14 ամեայ դուստրը այս տարի դպրոցէն հեռացաւ… հագուստ չունենալուն պատճառով:
Երկրորդ կարգի հաշմանդամ յիսնամեայ Լարիսա Վարդանեանը կ՛ապրի Ներքին Գետաշէն գիւղին մէջ, իր ամուսնոյն` Սամուէլ Ղազարեանի եւ զաւակներուն հետ: Սամուէլը արդէն 12 տարի է ի վեր գիւղէն դուրս չէ եկած, իր կողակիցին հիւանդութեան պատճառով: Ան ստիպուած էր վերադառնալ գիւղ երեխաներուն եւ կնոջը հոգալու համար: Մինչեւ կնոջ հիւանդութիւնը, ան 15 տարի շարունակ մեկնած էր այլ դրացի երկիրներ, ապրուստ ապահովելու:
Ցայսօր Գեղարքունիք մնալը, տնտեսական առումով այնքան էլ նպաստաւոր չէ: Մարզի 49 գիւղերէն ներս գիւղատնտեսութեամբ զբաղուիլը ձեռնտու չէ: Իսկ ձմեռն այդտեղ կրնայ տեւել …վեց ամիս: Նաեւ Խորհրդային տարիներուն աշխատատեղի ու ապրուստ ապահովող գործարանները փակուած են: