
ԵՐԵՒԱՆ.- Հ.Յ.Դ. Հայաստանի երիտասարդական միութիւնն ու «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութիւնը, Պելոռուսիոյ դեսպանատան առջեւ կատարեց բողոքի ցոյցեր` առ ի զօրակցութիւն Դեկտեմբեր 15-ին, Մինսքի մէջ Ատրպէյճանի պահանջով ձերբակալուած, Իսրայէլի եւ Ռուսաստանի քաղաքացի Ալեքսանտր Լափշինի:
Հանրածանօթ լրագրողը քանի մը անգամ այցելած էր Արցախ եւ հակա-ազերի գրութիւններ լոյս ընծայած էր:
Երիտասարդները նամակ-պահանջը կ՛ուզէին յանձնել դեսպանին կամ գոնէ դեսպանատան ներկայացուցիչին, սակայն ոչ ոք դուրս ելած է դեսպանատունէն` նամակը ստանձնելու:
«Մեր բողոքի գիրը կ՛ուզենք յղել Պելոռուսիոյ Հանրապետութեան` Հայաստանի մէջ Պելոռուսիոյ դեսպանատան միջոցով, եւ պիտի հետեւինք քաղաքական զարգացումներուն, Պելառուսիոյ քաղաքականութեան շարունակութեան` գիտնալու, թէ Ալեքսանտր Լափշինը արդեօք պիտի յանձնե՞ն Ատրպէյճանին: Նամակին մէջ նշուած է, թէ այնքան ատեն որ յստակ է տարիներ շարունակ Ատրպէյճանի վարած քաղաքականութիւնը, ապա Լափշինը Ատրպէյճանին արտայանձնելը կրնայ շատ վատ հետեւանքներ ունենալ, եւ անոր հիմնական իրաւունքները ամբողջովին խախտած են: Պելոռուսիա պէտք չէ տուրք տար Ատրպէյճանին, ընդառաջէր անոր պահանջին եւ ձերբակալէր Լափշինը: Նշենք, որ Լափշինը Իսրայէլի եւ Ռուսիոյ քաղաքացի է, եթէ ըլլար Ատրպէյճանի քաղաքացի` տրամաբանական պիտի ըլլար անոր` Ատրպէյճանին արտայանձնումը, բայց այս պարագային Ատրպէյճան իրաւունք չունի պահանջելու, որ այլ երկրի քաղաքացի մը իրեն արտայանձնուի», նշած են Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան անդամներ:
Նշենք թէ, Ալեքսանտր Լափշինի մայրը դիմած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին` խնդրելով ներում շնորհել իր զաւկին: Ազերի լրատուամիջոցներ կը տեղեկացնեն, թէ Լափշինի մայրը դիմած է Իսրայէլի մարդու իրաւունքներու պաշտպանին` խնդրելով Ալիեւին փոխանցել իր նամակը: