Երեւան (“Թերթ“, “Երկիր“).- Երկուշաբթի, Յուլիս 2-ին կատարուեցաւ յուղարկաւորութիւնը, 35-ամեայ զինուորական բժիշկ Վահէ Աւետեանի, որ վերջերս “Հարսնաքար“ ճաշարանային համալիրի միջադէպին, մահացու հարուածներ ստացած էր:
Սուգի թափօրին մասնակիցները ո՛չ միայն մահացած բժիշկը ճանչցողներն էին, այլ նաեւ մտաւորականներ, քաղաքական գործիչներ, քաղաքացիական հասարակութեան անդամներ եւ Հայաստանի քաղաքացիներ:
Յուղարկաւորութիւնը, հակառակ պաշտպանութեան նախարարութեան առաջարկին` կազմակերպելու “Եռաբլուր“ զինուորական պանթէոնին մէջ, տեղի ունեցաւ Զէյթունի քաղաքացիական գերեզմանոցին մէջ:
Հազարաւոր ներկաներուն մէջ էին դերասան Սօս Սարգսեան, գրող, հրապարակախօս Զօրի Բալայեան, Ժառանգութիւն կուսակցութեան եւ Հայ ազգային քոնկրէսի պատգամաւորներ, Հ.Յ.Դ.-ի անդամներ, բարձրաստիճան զինուորականներ, որոնց մէջ էր նաեւ Հայաստանի զինեալ ուժերու գլխաւոր սպայակոյտի պետ զօր. Եուրի Խաչատուրով:
Հայ Օգնութեան Միութեան Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, ուր որպէս հասարակական կազմակերպութիւն` դատապարտած է տեղի ունեցած դէպքերը` ակնկալելով, որ կը դատապարտուին եւ խստագոյնս կը պատժուին “ե՛ւ կազմակերպիչները, ե՛ւ իրականացնողները“:
“Մեր մտահոգութիւնն այն է, որ անպատիժ մնացած ցանկացած բռնութիւն ծնում է նոր բռնութիւն“, նշուած է հայ կանանց մեծագոյն կազմակերպութեան` Հ.Օ.Մ.-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան, տարածած յայտարարութեան մէջ: