Կիրակի, 22 Դեկտեմբերի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան հովուական այցելութեամբ ժամանեց Քեսապ, ուր ջերմապէս դիմաւորուեցաւ Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Եսայի Վրդ. Էօրտէքեանի եւ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին կողմէ: Սրբազան Հօր կ’ընկերակցէին Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան եւ Յարաբերական Յանձնախումբի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան:


