Բարձրաստիճան Ոստիկաններ Մայր Աթոռի մուտքը Փակեցին

ԵՐԵՒԱՆ.- Հինգշաբթի 18 Դեկտեմբերին, ոստիկանութեան մեծ ուժեր կեդրոնացած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մուտքին մօտ։ Անոնք փակած են Մայր Աթոռի մուտքը եւ հրահանգներ կու տան ոստիկանութեան ծառայողներուն։
Նշենք, թէ Դեկտեմբեր 17-ին Հ.Հ. վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին՝ Հայ Եկեղեցւոյ հետ իր դիմակայութեան մէջ աջակցող 10 եպիսկոպոսներու կողմէ տարածուած յայտարարութեան մէջ քաղաքացիներուն կոչ ուղղուած էր Դեկտեմբեր 18-ին, միանալու իրենց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ պահանջելու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի հրաժարականը։
Արագածոտնի թեմը, որուն առաջնորդը ձերբակալուած բարձրաստիճան հոգեւորականներու շարքին մէջ է, յայտարարութիւն տարածեց՝ Բիւրականի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ նախատեսուած համատեղ պատարագը փոխադրելով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Ձերբակալուած հոգեւորականներուն աջակցութեան համատեղ պատարագը պիտի սկսի կաթողիկոսի հրաժարականը պահանջողներու հաւաքին հետ միաժամանակ։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ ինք 10 եպիսկոպոսներու հաւաքին պիտի չմասնակցի, թէեւ անոնց կը զօրակցի։

