Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ 52ՐԴ ԺՈՂՈՎԸ՝ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:10 Minute, 18 Second

Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը, գումարեց իր 52րդ ժողովը՝ Նիւ Եորքի մէջ, Մայիս 13էն 15ին, նախագահութեամբ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեանի եւ հովանաւորութեամբ շրջանի երկու եկեղեցիներուն՝ Սուրբ Սարգիս եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ: Երեք օրերու վրայ տեւողութիւն ունեցող այս ժողովը քննարկեց Առաջնորդարանին, Կրօնական ժողովին ու Ազգային վարչութեան միամեայ աշխատանքներն ու արձանագրուած արդիւնքները: Նաեւ, մշակուեցաւ յառաջիկայ տարուան ծրագիրը, ապա կատարուեցան կրօնական ժողովի եւ ազգային վարչութեան ընտրութիւնները: Ազգային վարչութեան անդամ ընտրուեցան հետեւեալ ազգայինները՝ Սթիւըն Յակոբեան, Ռաֆֆի Ուրլեան, Զօհրապ Թազեան, Զարեհ Սողոմոնեան եւ Յակոբ Անդրանիկեան: ժողովը վերստին ընտրեց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեանը:
Համաձայն տարիներու ընկալեալ սովորութեան, Թեմի Ազգային Վարչութեան զոյգ ժողովները՝ Կրօնական եւ Վարչական, գումարուեցան միասին, իսկ Կրօնական Ժողովը ունեցաւ առանձին հինգ նիստեր, եւ խորհրդակցական հանդիպումներ ինչպէս նաեւ հեռաձայնային ժողովներ՝ նախագահութեամբ Բարեջան Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ կանոնաւոր եւ հետեւողական կերպով կապ պահեց Վեհափառ Հայրապետին հետ, տեղեակ պահելով Թեմի առօրեայ կեանքին ու գործունէութեան:
Անցնող տարեշրջանի ընթացքին Սրբազան Հայրը չորս առիթներով գտնուեցաւ Մայրավանք եւ առանձին հանդիպումներ ունեցաւ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տ. Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ եւ քննարկուեցան Կաթողիկոսական եւ Թեմական հարցեր: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Մայիս 29  Յունիս 11, 2009ին մասնակցեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերու առաջնորդներու հանդիպումին՝ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներուն հետ: Նոյեմբեր 1820, 2009ին, Սրբազան Հայրը ընկերակցութեամբ Տ. Արամ Աւագ Քհնյ. Ստեփանեանին, Ճէք Մարտոյեանին, Նուպար Մկրեանին եւ Ռաֆֆի Ուրլեանին յատուկ ժողով մը ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներուն հետ՝ քննարկելով Թեմիս դժուարութիւնները, մարտահրաւէրներն ու ակնկալութիւնները:  Մնայուն յարաբերութիւն մշակուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ենթակայ թեմերուն հետ, յատկապէս Ա. Մ. Նահանգներու Արեւմտեան եւԳանատայի թեմերուն հետ: Յատուկ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Կիլիկեան Թեմերու Առաջնորդներուն միջեւ Յուլիս 2324ին, Մոնրէալի մէջ: Այս առիթով, քննարկուեցան թեմերը յուզող հասարակաց հարցեր, համակարգելու եւ ներդաշնակելու համար քարոզչական, արարողական, ծիսական աշխատանքները եւ խուսափելու համար հրատարակչական կրկնութիւններէ: Նաեւ գաղափարներ փոխանակուեցան թեմերէն ներս տարուող կրօնական եւ դաստիարակչական ծրագիրներու մասին:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչի հանգամանքով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Նարեկ Արքեպիսկոպոս Ալեէմեզեան հիւրընկալեցին Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու եւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ միջեւ աստուածաբանական երկխօսութեան տարեկան հանդիպումը, որ տեղի ունեցաւ Յունուար 23  Փետրուար 2, 2010ին:

ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԵՒ ԵՆԹԱԿԱՅ ԹԵՄԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Յունուար 14ին Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ: Սրբազան Հայրը հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Էջմիածնական Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանին հետ եւ որպէս համաատենապետներ Սուրբ Էջմիածնի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երկխօսութեան Յանձնախումբին, քննարկեցին Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ եւ ընդհանրապէս հայութեան առնչուող, ինչպէս նաեւ տեղական բնոյթ ունեցող հարցեր: Այս հանդիպումները մեծապէս օգտակար եղան թիւրիմացութիւններ յստակացնելու, փոխադարձ սէրն ու յարգանքը զօրացնելու, ինչպէս նաեւ որոնելու մարզեր ուր համագործակցութեան ձեւեր կարելի է ստեղծել:
Սրբազան Հայրը առաջնորդուելով քոյր թեմերու եկեղեցիներու եւ ծխականներու համերաշխ համագործակցութեան ազգակերտման հրամայականէն, յաճախ թելադրեց Թեմիս հոգեւորականներուն եւ յորդորեց ու քաջալերեց հաւատացեալները, որ իրենց փոխյարաբերութիւններուն մէջ ցուցաբերեն փոխհասկացողութեան ոգի եւ ազնիւ վերաբերմունք:

ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եւ Ամերիկայի Արեւելեան Թեմը բծախնդրութեամբ առաջ կը տանին միջեկեղեցական յարաբերութիւններ: Անցնող տարուան ընթացքին այդ յարաբերութիւնները պահուեցան կանոնաւոր կերպով՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ջանքերով ու մանաւանդ Թեմիս Առաջնորդական Փոխանորդ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Եպիսկոպոս Դանիէլեանի աշխատանքով, որ իր Առաջնորդական Փոխանորդի պաշտօնին առընթեր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչն է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ միջեկեղեցական յարաբերութեանց եւ կը մասնակցի Համաշխարհային Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ամերիկայի բաժանմունքի (WCC US Conference) ժողովներուն:
Սեպտեմբեր 14ին Օշական Արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ Առաջնորդական Փոխանորդ Սրբազան Հօր, մասնակցեցաւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան 64րդ ընդհանուր համաժողովին բացման արարողութեան, որ կազմակերպուած էր Մ.Ա.Կ.ի մօտ Պապական Նուիրակին եւ Նիւ Եորքի Արքեպիսկոպոսին կողմէ: 

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ
Ընդառաջելով համայնքներէն եկած հրաւէրներուն, Բարեջան Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գործակցութեամբ Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Եպիսկոպոսին, իր այցելութիւններով եւ հայրական յորդորներով, իր կարելին ըրաւ եւ  բաւարարեց գաղութներու պահանջքները: Այս այցելութիւնները յատուկ առիթներ եղան խանդավառութիւն եւ հոգեւոր վերանորոգութեան ապրումներ ստեղծելու  ժողովուրդին մօտ:
Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից հոգեւորականաց 35րդ համագումարը տեղի ունեցաւ Փետրուար 810, 2010ին, նախագահութեամբ Բարձրաշնորհ Տ. Օշական Արքեպիսկոպոս Չօլոյեանի, եւ Բարձրաշնորհ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Յակոբեանի (Գանատա), հիւրընկալութեամբ Ինտիըն Օրչըրտի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ, եւ մասնակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմին եւ Գանատայի Թեմին մէջ ծառայող հոգեւորականներուն:
Համագումարի խորհրդածութեան գլխաւոր նիւթն էր Նորին Սուրբ Օծութիւն Տ. Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին պատգամը, ըստ որուն 2010 թուականը կը հռչակէր եՀայ Կնոջ Տարի,: Քննարկուեցան նաեւ հովուական կեանքի հետ առնչուած զանազան հարցեր եւ մտահոգութիւններ: Յաւարտ սուրբ պատարագին, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան Թեմերուն եւ Գանատայի Թեմին մէջ ծառայած ու վախճանած բոլոր եկեղեցականներու հոգիներուն ի հանգիստ: Պատարագէն վերջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ՝ կազմակերպութեամբ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան եւ մասնակցութեամբ համայնքի անդամներուն:
Հոգեւոր հայրերու առօրեային մաս կազմեց նաեւ աղօթական կեանքը՝ կատարելով առաւօտեան եւ երեկոյեան ժամերգութիւնները, որոնց ընթացքին հոգեշահ խորհրդածութիւններ կատարեցին եկեղեցական հայրեր:
Միւս կողմէ, բարձր տնօրինութեամբ Առաջնորդ՝ Տ. Օշական Ս. Արքեպիսկոպոսին, թեմէն ներս ծառայող եկեղեցականներու երկրորդ հաւաքը տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 2009ին, Ղպտի Եկեղեցւոյ Ս. Կոյս Մարիամի հոգեւոր կեդրոնին մէջ՝ Չարլթըն, Մասաչուսէց: Հաւաքի ընթացքին Հայոց Եկեղեցւոյ արարողակարգի եօթը ժամերգութիւնները կատարուեցան, մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ Աւագ Շաբթուան շարականներու վերաքաղ եւ տարուեցան արարողակարգի նոր բնագրի նախապատրաստական աշխատանքները: Եռօրեայ այս հաւաքը եկեղեցական հայրերուն համար եղաւ ինքնամփոփման եւ ինքնանորոգութեան բացառիկ առիթ մը:

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ
Թեմի կրօնական եւ դաստիարակչական աշխատանքներն ու ծրագիրները կþիրականացուին Ազգային Առաջնորդարանի Կրօնական Դաստիարակութեան գրասենեակին կողմէ, որուն վարիչ քարտուղարն է Բարեշնորհ Շանթ Աւագ Սարկաւագ Գազանճեանը: Կրօնական դաստիարակութիւնը կը կազմէ Առաջնորդարանի հիմնական մարզը եւ որուն համար թէ° Առաջնորդարանը եւ թէ°  բոլոր համայնքները կը գործադրեն ու կþիրականացնեն ծրագրուած բոլոր աշխատանքները: Ըլլա°յ Աւետարանի ճշմարտութեանց տարածումը եւ այս նպատակով նուիրեալ անձերու պատրաստութիւնը, ըլլա°յ պատանիներու մօտ հաւատքի ներարկումը եւ ըլլա°յ գործնական նպատակներով օգտակար գիրքերու հրատարակութիւնը կորիզը կը կազմեն այն կենսական աշխատանքին, որով Թեմս կը ջանայ քրիստոնէական հաւատքը վառ պահել եւ տարածել մեր հաւատացեալներուն մէջ:  Նոյեմբեր 23էն Փետրուար 8ի միջեւ Բարեշնորհ Շանթ Աւագ Սարկաւագ Գազանճեան ներկայացուց վեց հանդիպումներու վրայ տարածուող Սուրբ Գիրքի սերտողութեան շարք մը, նիւթ ունենալով եՀաւատամք,ը: Այս սերտողութիւններուն մասնակցեցան շրջանիս երիտասարդները:
Կրօնական Դաստիարակութեան բաժանմունքի գործունէութեան շուրջ մանրամասնութիւնները կարելի է տեսնել Ազգային Վարչութեան տեղեկագրին մէջ:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութեամբ, Կրօնական Դաստիարակութեան բաժանմունքի կազմակերպութեամբ եւ Առաջնորդարանի ու Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեանց օժանդակութեամբ, այս տարի եւս տեղի ունեցաւ Մեծ Պահոց դասախօսական շարքը՝ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ: Այս տարուան դասախօսական շարքը նուիրուած էր Վեհափառ Հայրապետին եՀայ Կնոջ Տարի, հռչակագրին:
Ազգային Առաջնորդարանի Ս. Գրիգոր Տաթեւացի ամառնային լսարանի 23րդ տարուան դասընթացքները տեղի ունեցան Յունիս 28  Յուլիս 5, 2009ին, Էլվըրսըն (Փենսիլվանիա) մէջ: Ուսանողներուն ընդհանուր թիւն էր 51, որոնք կը մասնակցէին տաս տարբեր գաղութներէ: Ուսուցչական կազմի անդամներն էին Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Եպիսկոպոս՝ լսարանի Ընդհանուր Տեսուչ, Արժանապատիւ Տ. Խորէն Աւագ Քահանայ Հապէշեան, Արժանապատիւ Տ. Անդրանիկ Աւագ Քահանայ Պալճեան, Տ. Ներսէս Աւագ Քահանայ Մանուկեան, Տ. Սարգիս Քահանայ Ագթաւուգեան, Տ. Ստեփան Քահանայ Պալճեան,  Բարեշնորհ Շանթ Ա. Սարկաւագ Գազանճեան, ինչպէս նաեւ Օրդ. Ժանէթ Նազարեան, Տիկին Տընիս Պօրէքճեան եւ Ճէյմս Սրկ. Հատտատ, որոնք դասաւանդեցին աշխարհաբար, գրաբար, եւ հայ գրականութիւն, ներածութիւն հին եւ նոր կտակարաններու, սուրբ պատարագ, հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն, աստուածաբանութիւն, եօթը խորհուրդներ, ժամերգութիւններ եւ յատուկ արարողութիւններ, բարոյագիտութիւն, մատենագրութիւն, սուրբք եւ տօնք, ընկերային եւ երիտասարդական հարցեր: Օգտակար եւ քաջալերական էր նաեւ ներկայութիւնն ու ներդրումը հիւր դասախօսներու՝ Հայր Փօլ Թարազիի, դասախօս՝ Նիւ Եորքի Սուրբ Վլատիմիր ուղղափառ աստուածաբանական դպրեվանքէն, Փրոֆ. Մայքըլ Փափազեանի, դասախօս՝ Ճորճիա նահանգի Պէրի Քալէճի եւ Էտուըրտ Մէթիուզ, դասախօս Սուրբ Ներսէս աստուածաբանական Ճեմարանին: Յուլիս 4ին, Ամերիկայի Անկախութեան Տօնին առիթով, տեղի ունեցաւ աւանդական դաշտահանդէսը, որուն սեղանակից դարձան Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, շրջանի ազգայինները եւ կեդրոնի բնակիչները:
Հայ Երիտասարդաց շրջանային տարեկան Բ. հաւաքը (LinkedIN) տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 2527, 2009ին, Ղպտի Եկեղեցւոյ Սուրբ Կոյս Մարիամի հոգեւոր Կեդրոնին մէջ,Չարլթըն (Մասաչուսէց): 1835 տարեկան ուսանողներ եւ տարբեր ասպարէզի մէջ եղող 41 երիտասարդներ մասնակցեցան սոյն հաւաքին: Օրուան գլխաւոր թեման էր եՃանչցիր Եկեղեցիդ,, զոր ներկայացուցին Դոկտ. Մայքըլ Փափազեան, Տ. Անուշաւան Եպիսկոպոս Դանիէլեան, Տ. Անդրանիկ Աւագ Քհնյ. Պալճեան, Տ. Արամ Աւագ Քհնյ. եւ Երէցկին Մարկարիթ Ստեփանեան, որոնք յաջորդաբար խօսեցան եՆուիրապետութիւնը Եկեղեցւոյ մէջ,, եՆմանութիւններ եւ տարբերութիւններ Հայ, Յոյն եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու միջեւ,, եՔրիստոնէական Արժէքները տան մէջ,, եՆ.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի “2009 տարին Հայ երիտասարդի տարի” հռչակագրին քննարկումը եւ իրականացումը գաղութներէն ներս գործնական առաքելութեան ճամբով,: Կիրակի առաւօտ սուրբ պատարագը մատուցանեց Տ. Ստեփան Քհնյ. Պալճեան:

ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ  ԵՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան, որ ձեռամբ Բարեջան Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տ. Օշական Արքեպիսկոպոսի ձեռնադրուած էր Մարտ 8, 2009ին, Քեսապի մէջ, երէցկին Սեւանին հետ Ամերիկա ժամանեց Հոկտեմբեր 1, 2009ին: Տէր հայրը ներկայիս կը մնայ Պոսթընի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ երիցատունը, կը վայելէ համայնքին հիւրընկալութիւնը եւ Տ. Անդրանիկ Ա. Քհնյ. Պալճեանի անմիջական հսկողութեան ներքեւ կը բոլորէ փորձառական շրջան մը: Անցնող ամիսներուն Պոսթընի գաղութին մէջ իր ծառայութեան կողքին Տէր Գարեգին պատարագեց Աթլանթայի, Նիւ Եորքի, Նորթ Էնտովրի, Շիքակոյի, Ուայթընզվիլի եւ Օրլանտոյի գաղութներուն մէջ:
Անցնող տարեշրջանին, Անուշաւան Եպիսկոպոս 14 Փետրուարին Փրաւիտենսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ ուրարի տուուչութիւն կատարեց դպիր Կարօ Թաշճեանին:
Ազգային Առաջնորդարանս յատուկ ծրագրով մեծ ճիգ կը թափէ ստուարացնելու համար մեր Թեմի հոգեւորականներու շարքը՝ նուիրեալ, պատրաստուած երիտասարդ քահանաներով: Այս աշխատանքը յաջողութեամբ կը պսակուի, եւ արդէն իսկ թեկնածուներէն ոմանք քահանայ ձեռնադրուած են եւ կը ծառայեն Թեմէն ներս:
Քահանայութեան թեկնածուներն են. Ճէյմս Հատտատ, Նիւ Ճըրզիէն եւ Սեպուհ Գէորգեան, այժմ կը հետեւին քահանայական պատրաստութեան դասընթացքներուն Մայրավանքին մէջ: Տիրան Տէր Խոսրովեան, շուտով պիտի սկսի իր աստուածաբանական եւ եկեղեցագիտական ուսումին:
Ընդառաջելով Բարեջան Առաջնորդ Տ. Օշական Արքեպիսկոպոսի խնդրանքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Նորին Սուրբ Օծութիւն Տ. Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ յատուկ կոնդակով ծաղկեայ փիլոն կրելու իշխանութիւն եւ Աւագութեան տիտղոս շնորհեց Թեմիս Կրօնական Վարչութեան ատենապետ եւ Ուայթընզվիլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Արամ Քհնյ. Ստեփանեանին, 24 Մայիս 2009ին,  Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ 52րդ ամեակի տօնակատարութեան առթիւ:
Յատուկ կոնդակով քահանայական լանջախաչ կրելու իշխանութիւն շնորհուեցաւ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Լաքիսեանին ի գնահատումն իր հնգամեայ հոգեւոր ծառայութեան, Սեպտեմբեր 20, 2009ին յընթացս Սուրբ Պատարագին Մայր Եկեղեցւոյ վերանորոգութեան եւ խորանին վերստին օծումին առթիւ:
Թեմէն ներս իրենց բազմամեայ ծառայութենէն ետք այժմ հանգստեան կոչուած հովիւները անխտիր ամենայն կանոնաւորութեամբ իրենց գործօն ծառայութիւնը բերին փոքր համայնքներուն, ինչպէս նաեւ արձակուրդներուն փոխարինեցին հոգեւոր հովիւները,: Այսպէս, Արժանապատիւ Տ. Մուշեղ Աւագ Քհնյ. Տէր Գալուստեան պատարագեց Նիւ Եորքի, Նիւ Ճըրզիի,  Տիթրոյիթի , Ֆլորիտայի, Ֆիլատելֆիայի եւ Փրաւիտենսի մէջ: Տ. Կորիւն Աւագ Քհնյ. Շրիքեան իր ներկայութեամբ զօրավիգ կը կանգնի Տիթրոյիթի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին: Տէր Մեսրոպ Աւագ Քհնյ. Թաշճեան (Քալիֆորնիա), պատարագեց Աթլանթայի մէջ: Տ. Արշակ Աւագ Քհնյ. Տաղլեան, Ուոթըրթաունի Ս. Ստեփանոս եւ Նորթ Անտովըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներէն ներս իր օրհնաբեր ներկայութեամբ աղօթակից կը դառնայ հաւատացեալներուն: Տ. Խորէն Աւագ Քհնյ. Հապէշեան (Քալիֆորնիա), պատարագեց Նիւ Եորքի եւ Ուաշինկթըն Տի. Սի.ի մէջ: Տ. Արմէն Աւագ Քհնյ. Իշխանեան (Քանատա) պատարագեց Պոսթընի եւ Նիակարա Ֆոլզի մէջ: Տ. Վազգէն Աւագ Քհնյ. Պէքիարեան պատարագեց Աթլանթայի, Քլիվլէնտի, Ուոթըրթաունի, Ուստըրի, Նորթ Անտովըի, Ուաշինկթըն Տի. Սի.ի , Ինտիըն Օրչըրտի, Տիթրոյիթի եւ Ֆիլատելֆիոյ մէջ :
Գերաշնորհ Տ. Սուրէն Արքեպիսկոպոս Գաթարոյեան (Գանատա),  Տիթրոյիթի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետեց Աւագ Շաբթուան արարողութեանց, եւ սուրբ եւ անմահ պատարագ մատոյց Ս. Յարութեան տօնին առթիւ:
Սէնթ Քէթրինզի (Գանատա) հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգեշնորհ Տ. Գեղարդ Վրդ. Քիւսպէքեան, Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Յակոբեանի տնօրինութեամբ, 2009ի Մայիսէն սկսեալ ամիսը անգամ մը կը պատարագէ Նիակարա Ֆոլզի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, եւ կը մատակարարէ գաղութին հոգեւոր կարիքները:

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏՆԵՐ ԵՒ Ի ՏԷՐ ՀԱՆԳԵԱՆ
Սեպտեմբեր 3, 2009ին, ի Տէր հանգեաւ Պոսթընի նախկին Հոգեւոր Հովիւ, բազմավաստակ Տ. Թորգոմ Աւագ Քահանայ Յակոբեան: Յընթացըս սուրբ պատարագի տեղի ունեցաւ Օծման Կարգը Տ. Թորգոմ Աւագ Քահանայ Յակոբեանին: Առաջնորդական Փոխանորդ Անուշաւան Եպիսկոպոս օծելէ ետք հանգուցեալ Տէր Հօր ճակատը եւ աջ բթամատը, բազմահարիւր հայ եւ օտար եկեղեցական ու աշխարհական սգակիրներու ներկայութեան իր սրտի խօսքը ուղղեց, բարեմասնելով Տէր Հօր անձնդիր հովիւի արժանիքները: Յաւարտ սուրբ պատարագի, բազմահարիւր սգակիրներու ներկայութեան, Տէր Հօր մարմինը յանձնուեցաւ հողին, Ուոթըրթաունի Մաունթ Օպըրն գերեզմանատան մէջ:
Յունուար 13, 2010ին ի Տէր հանգեաւ Կլէնտէյլի (Քալիֆորնիա) Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ նախկին հովիւ՝ Տ. Անուշաւան Աւագ Քհնյ. Արթինեան, որ նախօրօք հովուած է  Ինտիըն Օրչըրտի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ համայնքը: Նաեւ, Փետրուար 8, 2010ին, ի Տէր հանգեաւ Հոլիվուտի (Քալիֆորնիա) Սուրբ Կարապետ Եկեղեցւոյ նախկին հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Վաչէ Աւագ Քհնյ. Նագգաշեան, որ նախօրօք հովուած է Ուայթընզվիլի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ համայնքը: Անցնող տարեշրջանի կորուստներէն են նաեւ.
 Վըրճինիա Գըրպէքեան՝ նախկին Ազգային Երեսփոխան, Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցի, Նիւ Ճըրզի:
 Ճէք Փափազեան՝ Ազգ. Երեսփոխան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի, Ֆիլատելֆիա:
 Անդրանիկ Խաչատուրեան՝ հայրը Ազգ. Վարչութեան ատենապետ՝ Յակոբ Խաչատուրեանի, Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցի, Փրավիտենս:
 Արա Մարկոսեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան անդամ, Ս. Ստեփանոս Եկեղեցի, Պոսթըն:
 Անդրանիկ Սարգիսեան՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Հիմնադրամի Յանձնախումբի անդամ, Ս. Սարգիս Եկեղեցի, Նիւ Եորք:
 Երէցկին Արփինէ Շրիքեան, Ս. Սարգիս Եկեղեցի, Տիրպորն:
 Էտի եւ Շըրլի Գըրպէքեան՝ Բրէլըսի Բիլըրզ, Վարդանանց Եկեղեցի, Նիւ Ճըրզի:
 Աղաւնի Պաշեան՝ Կրօնական Դաստիարակչական Գրասենեակի նախկին վարիչ Ազգ. Առաջնորդարանի, Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցի, Նիւ Ճըրզի:
 Գրիգոր Ծատուրեան՝ Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցի, Նիւ Ճըրզի:
 Ալէն Քալեան՝ հոգաբարձու Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ, Նիւ Եորք:
 Վահրամ Կիրակոսեան՝ որդին Տէր Խաչատուր Ա. Քհնյ. Կիրակոսեանի եւ դպրաց դասի անդամ Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ, Նիւ Եորք:
Ասպետ Մարաշեան՝ Առաջնորդարանի Հաշուեքննիչ Յանձնախումբի անդամ եւ նախկին հոգաբարձու Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ, Նիւ Ճըրզի:
Հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւններ տեղի ունեցան Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հետեւեալ առիթներով.
Մայիս 24, 2009ին, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտներուն զոհուած հերոսներուն եւ Արցախեան գոյապայքարի նոր նահատակներուն հոգւոց ի հանգիստ:
Փետրուար 7, 2010ին, Թեմիս մէջ ծառայած եւ այժմ վախճանած հոգեւորականաց հոգւոց ի հանգիստ:
 Փետրուար 21, 2010ին Հայ Օգնութեան Միութեան հիմնադիրներուն եւ բարերարներուն հոգւոց ի հանգիստ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles