16 Մայիսին իր աւարտին հասաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովը, որ վերընտրեց թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանը` պաշտօնավարութեան երրորդ քառամեակի մը համար: Ընտրութիւնը պէտք է վաւերացուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի կողմէ։ Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը Թեմակալ Առաջնորդն է 2018-էն ի վեր։
Երեսփոխանական ժողովի եզրափակիչ նիստին տեղի ունեցան նաեւ Ազգային վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու մասնակի ընտրութիւններ: Կրօնական ժողովի անդամներ ընտրուեցան` Հրանդ ծ. վրդ. Թահանեան եւ Դանիէլ քհնյ. Մանճիկեան, իսկ Քաղաքական ժողովի անդամներ` գնդ. Արամ Սարաֆեան (վերընտրեալ), Յակոբ Ա. սրկ. Խաչատուրեան (վերընտրեալ), Ռաֆֆի Սամքիրանեան եւ Ալպերթ Սուլթանեան:

Չորեքշաբթի, 13 Մայիսի միջօրէին, նախագահութեամբ բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիկոպոս Դանիէլեանի, բացումը կատարուեցաւ հոգեւորականաց համագումարին՝ Սուրբ Սարգիս (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք) եկեղեցւոյ մէջ։ Սրբազան Հօր բացման աղօթքէն ետք, Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան՝ Կրօնական Ժողովի ատենապետ, կարդաց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի պատգամը ժողովականներուն։ Այնուհետեւ, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Նարեկ Ա. Քհն. Թրթռեան, բարի գալուստ մաղթեց բոլոր հոգեւորականներուն։ Տեղի ունեցաւ ժողովի դիւանի ընտրութիւն. ատենապետ ընտրուեցաւ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան, իսկ ատենադպիր՝ Արժպ. Տ. Սամուէլ Քհն. Աճէմեան։ Արժպ. Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեան կարդաց Կրօնական Ժողովի տարեկան տեղեկագիրը, որուն մասին քննարկում տեղի ունեցաւ։ Իբրեւ պատգամաւոր ընտրուեցան հետեւեալ հոգեւորականները. Արժպ. Տ. Մեսրոպ Ա. Քհն. Լագիսեան, Արժպ. Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեան, Արժպ. Տ. Միքայէլ Քհն. Տէր Խոսրովեան եւ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան։
Արժպ. Տ. Պետրոս Ա. Քհն. Շիթիլեան դասախօսեց «Երաժշտութիւնն ու հոգեւոր կեանքը» նիւթին շուրջ։ Աւարտին, տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն։
Հինգշաբթի, 14 Մայիսի առաւօտեան, հոգեւորականները այցելեցին Սիտար Կրով գերեզմանատունը, ուր հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեցին ի յիշատակ հոն թաղուած Թեմիս ծառայած հոգեւորականներու՝ Գերպ. Տ. Ղեւոնդ Ծ. Վրդ. Մարդուկէսեանի, Արժպ. Տ. Խաչատուր Ա. Քհն. Կիրակոսեանի, Արժպ. Տ. Ասողիկ Ա. Գլըճեանի եւ Արժպ. Տ. Մուշեղ Ա. Քհն. Տէր Գալուստեանի, երէցկիներ Անժէլ Գլըճեանի եւ Վարդուհի Տէր Գալուստեանի, եւ բարերարներ Սիւզըն Յակոբեանի եւ Պետրոս Ճիւելէկեանի։

Ուրբաթ, 15 Մայիսին, հիւրընկալութեամբ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք), տեղի ունեցաւ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ճաշկերոյթը «Հիլթըն» պանդոկին մէջ։
Հանդիսավարութիւնը կատարեց Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ գնդ. Արամ Սարաֆեան։ Ամերիկեան եւ հայկական փառերգերը մեկնաբանեց Անն Մարի Հազարեան, որուն յաջորդեց բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւանի աղօթքը։
Բարի գալուստի խօսք արտասանեց տիկ. Անիթա Ներսէս՝ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետուհի, որ անդրադարձաւ նախորդ օրերու ժողովին եւ իբրեւ մեր հաւատքին մէջ արմատաւորուած ընտանիք հաւաքուելու կարեւորութեան։
Երեկոյթին գեղարուեստական բաժինը ներկայացուցին ջութակահար Անկելինա Թոզլեան, որ Պախէն եւ Կոմիտաս Վարդապետէն գործեր մեկնաբանեց, եւ Անն Մարի Հազարեան, որ երգեց «Երեւան-Էրեբունի» եւ «Բարի արագիլ» երգերը։
Երեկոյեան ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը «Առաջնորդարանի արծիւ» մրցանակը յանձնեց տոքթ. Արթըր Քիւպիքեանին։ Արժպ. Տ. Նարեկ Ա. Քհն. Թրթռեան՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, խորհրդածեց մեծարեալին տասնամեաներու ծառայութեան մասին թէ՛ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ եւ թէ՛ համայնքին։ Խօսք առնելով, տոքթ. Քիւպիքեան սիրալիր խօսքերով յիշեց շուրջ հինգ տասնամեակներու իր կապը եկեղեցւոյ հետ։
Այնուհետեւ, առաջին անգամ ըլլալով տիկ. Նայտա Ոսկերիչեան «Տարուան կինը» մրցանակով պարգեւատրուեցաւ Սրբազան Հօր կողմէ։ Տ. Նարեկ Ա. Քհն. Թրթռեան շեշտեց տիկ. Ոսկերիչեանի արտակարգ կարողութիւնը՝ անձնական ցաւը վերածելու կարեկցութեան եւ ծառայութեան աղբիւրի, եւ նուիրումը՝ եկեղեցւոյ եւ ընդհանրապէս մեր համայնքին։ Տիկ. Ոսկերիչեան, որ նաեւ Ազգային Վարչութեան անդամ եղած է, իր խօսքով անդրադարձաւ Հայ Եկեղեցւոյ իր վրայ ունեցած խոր ազդեցութեան՝ Հալէպի մանկութեան օրերէն մինչեւ ընտանեկան կեանքի կերտումը՝ Նիւ Եորքի մէջ։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր փակման խօսքով խօսեցաւ հաւատքի ու ծառայութեան հիմնական դերին մասին Հայ Եկեղեցւոյ մէջ։ Ճաշկերոյթը փակուեցաւ «Կիլիկիա» երգով։



