Աւստրիոյ Մէջ Մեկնարկը Տրուեցաւ Եպիսկոպոսաց Ժողովին
Փետրուար 17-ին, Աւստրիոյ Սէնթ Փոլթըն քաղաքին մէջ, մեկնարկը տրուեցաւ Եպիսկոպոսաց Ժողովին, որուն կը մասնակցին Հայաստանեաց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցիի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան 25 արքեպիսկոպոսներ եւ եպիսկոպոսներ, ներառեալ՝ Երուսաղէմի եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւններէն ներկայացուցիչներ։
Առաւօտեան ժողովականները մասնակցած են Արեւագալի ժամերգութեան։ Հոգեւոր խորհրդածութենէ եւ աղօթական առանձնացումէ ետք, կէսօրէն յետոյ մեկնարկած է ժողովը։
Ժողովը բացուած է Տէրունական աղօթքով, որուն յաջորդած է Սուրբ Պօղոս Առաքեալի՝ Եփեսացիներուն ուղղուած նամակէն ընթերցում մը միասնութեան մասին։ Այնուհետեւ հայրական իր պատգամը առցանց փոխանցած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։
Մասնակիցներուն իրենց ուղերձները փոխանցած են նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Նուրհան Մանուկեանը եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Մաշալեանը։
Օրակարգի քննարկումէն եւ հաստատումէն ետք ընտրուած է դիւանը՝ ղեկավարելու ժողովի աշխատանքները։
Տեղւոյն Մայր Տաճարին մէջ, եպիսկոպոսներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է Երեկոյեան ժամերգութիւն, որու առիթով ողջոյնի խօսք յղած է շրջանի կաթողիկէ թեմի առաջնորդը՝ Գերաշնորհ Ալոիս Շվարց եպիսկոպոսը։
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի իշխանութիւնները Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամ վեց եպիսկոպոսի եւ արքեպիսկոպոսի, ներառեալ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, երկրէն դուրս գալու արգելք սահմանած են: Այդ պատճառով, անոնք ժողովին մասնակցած են առցանց։

