Արցախի պատուիրակութիւնը Ուրուկուայի Մէջ
ՄՈՆԹԵՎԻՏԷՕ․- Ուրուկուայի Հայ Դատի յանձնախումբին հրաւէրով, Արցախի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ժամանեց Ուրուկուայ եւ մասնակցեցաւ քաղաքական հանդիպումներու։
Մայիլեան ներկայացուց Արցախի արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւնները: Մասնաւորապէս, ան անդրադարձաւ Արցախի միջազգային ճանաչման գործընթացին։
Արցախի պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ հայոց ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին նուիրուած շարք մը ձեռնարկներու: Ապրիլ 24-ին պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ կազմակերպուած յիշատակի երթին, որ աւարտեցաւ հանրահաւաքով: Այս հանրահաւաքի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նախարար Մայիլեան: Ան իր խօսքին մէջ, շեշտեց կարեւորութիւնը Արցախի միջազգային ճանաչման։
«Սփիւռքահայ կազմակերպութիւններն իրենց գործունէութեան առաջնահերթ ուղղութիւնների շարքում հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցի հետ մէկտեղ հարկ է հաւասարապէս դիտարկեն նաեւ Արցախի հանրապետութեան միջազգային ճանաչման հարցը»:
Մայիլեան նաեւ ելոյթ ունեցաւ «Ազատութիւն» եւ «Հայաստան» հրապարակներու մօտ կատարուած հաւաքներուն, որոնց ներկայ էին Ուրուկուայի գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, դիւանագէտներ, հայկական կազմակերպութիւններու անդամներ եւ հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներ:
Նախարար Մայիլեան, իր խօսքին մէջ ընդգծեց հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման կարեւորութիւնը՝ նոր ցեղասպանութիւններու կանխարգելման տեսանկիւնէն դիտուած, ինչպէս նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեց Ուրուկուայի ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն Մեծ Եղեռնէն փրկուած հայերուն ապաստան տալու եւ հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող առաջին երկիրը ըլլալուն պատճառաւ։
Նաեւ, Արցախի պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ Ուրուկուայի խորհրդարանին մէջ, հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին նուիրուած ձեռնարկին, որ կազմակերպուած էր խորհրդարանի ներկայացուցիչներու պալատին եւ Հայ Դատի յանձնախումբի համատեղ ջանքերով:
Նշենք թէ, Արժանթինի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատունը բողոքի գիր յղած է Ուրուկուայի արտաքին գործոց նախարարութեան, Մասիս Մայիլեան այցելութեան պատճառով։


