ԳլխաւորԼրահոս

ԱՐՑԱԽԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԱՆԴԱՄ ԼԵՌՆԻԿ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ ԺԱՄԱՆԵՑ Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆ

lernik ad

 

Ամերիկահայ Մշակութային Ընկերակցութեան «Արցախ Ֆոնտ»ի եւ «Հայրենիք»ի հրաւէրով, յառաջիկայ օրերուն, շրջանի հայաշատ գաղութներ պիտի այցելէ Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ՝ Լեռնիկ Յովհաննիսեան (ընտրատարածք թիւ 10,Հ.Յ.Դ.-ի անդամ): Ան պիտի ներկայացնէ Արցախի վերաբնակեցման եւ ընդհանրապէս հիմնահարցի ներկայ իրավիճակը: Նշենք թէ, Արցախի յանձնախումբը յատուկ ծրագիր մը մշակած է Հատրութի շրջանի Առաջամուղ գիւղի շինարարութեան եւ վերաբնակեցման մասին:
Ծնած Յուլիս 24, 1973-ին Շուշիի Քարինտակ գիւղին մէջ, Լեռնիկ Յովհաննիսեան երկրորդական ուսումը շարունակած է Երեւանի «Խրիմեան Հայրիկ»ի անուան հայագիտական դպրոցէն ներս: Ապա, 1996-ին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժնի հիմնարկը: Յովհաննիսեան ծառայած է Արցախի պաշտպանութեան բանակի 52-րդ գումարտակէն ներս, եւ այս առթիւ իր մասնակցութիւնը բերած՝ շարք մը մարտական գործողութիւններու:
Ամուսնացած է եւ տէր է երեք զաւակներու: 1999-2013 թուականներուն, ան աշխատած է Արցախի պետական համալսարանի պատմութեան ամպիոնէն ներս, որպէս ազգագրութեան եւ հայոց պատմութեան աւագ դասախօս: Յունիս 17, 2013-ին, ան ստանձնած է Արցախի Մշակոյթի եւ Երիտասարդութեան հարցերու նախարարական տեղակալի պաշտօնը:
Արցախի հանրային պատկերասփիւռի կայանէն ներս, ան վարած է իր հեղինակած «Մեր Երկիր» հաղորդաշարը: Մայիս 3, 2015-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, Լեռնիկ Յովհաննիսեան Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի պատգամաւոր ընտրուած է:
Աւելի քան տաս գիտական աշխատանքներու եւ ութ քարտէսներու հեղինակ, Լեռնիկ Յովհաննիսեան, Ազգային Ժողովի պաշտպանութեան, անվտանգութեան եւ օրինապահպանութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահի տեղակալն է:
Լեռնիկ Յովհաննիսեան պիտի այցելէ Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի, Ֆիլատելֆիա, Պոսթըն, Ուաշինկթըն, Փրովիտենս, Տիթրոյթ եւ Շիքակօ: Նաեւ, ան պիտի մասնակցի Հ.Ե.Դ.-ի բանակումին եւ յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի փոխանցէ Արցախի ներկայ իրավիճակին մասին:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button