Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարար` Մասիս Մայիլեան Այցելեց Աւստրալիա
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ․- Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը, յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ սկսած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի գլխաւորած պատուիրակութեան աշխատանքային այցելութիւնը Աւստրալիա` Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբին հրաւէրով:
Կիրակի, Յուլիս 28-ին, Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ հայ առաքելական եկեղեցւոյ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի թեմի առաջնորդ Հայկազուն արք. Նաճարեանի հետ: Նոյն օրը Սիտնիի Հայկական մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ պատուիրակութեան անդամներուն հանդիպումը հայկական երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, որուն ընթացքին Մայիլեան ներկայացուց Արցախի անկախ եւ ժողովրդավարական պետականաշինութեան հոլովոյթին մէջ արձանագրուած ձեռքբերումները: Այնուհետեւ Մասիս Մայիլեան եւ Դաւիթ Իշխանեան պատասխանած են ձեռնարկի մասնակիցներուն բազմաթիւ հարցումներուն: Հանդիպումներուն կը մասնակցէին նաեւ Աւստրալիոյ մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեան եւ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Հայկ Գայսերեան:
Պատուիրակութեան կազմին մէջ է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր, Հ․Յ․Դ․ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան: Այցելութեան շրջագիծին մէջ նախատեսուած են շարք մը հանդիպումներ Աւստրալիոյ պետական, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներու, ինչպէս նաեւ հայկական համայնքային կառոյցներու եւ հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներու հետ:

