
Գէորգ Պետիկեան
Կասկածէ դուրս է, որ մեր ճակատագիրը, մեր իսկ պատմութեան մէջ է: Տոկալ եւ վերապրիլ: Այս է մեր ցեղին գաղտնիքը: Ու այս տողերովս ընթերցողիս միայն նորութիւններ չեն, որ կ’ուզեմ ներկայացնել, ոչ ալ պարզ շարադրանքներ, այլ՝ իրենց հոգիները բանալով, անոնց ետին ու յատկապէս այս օրերուն, շնորհապարտ խօսքեր եւ երախտապարտ զգացումներ հասցէագրել՝ աշխարհի հայուն եւ հայութեան:
Անկեղծ ու ջերմ գնահատանք: Հաւատացէ՛ք:
Նախ յիշեցնեմ, որ դժբախտաբար, այս օրերուն մեր երկրին վրայ կայ ճակատագրական պատերազմ: Ասոր կողքին, աշխարհի տարածքին իբրեւ գործնական քայլեր՝ կան բողոքի ցոյցեր ու նաեւ անսակարկ նուիրաբերումով՝ դրամահաւաքներ:
Ահա այս է ներկայ աշխարհացրիւ հայութեան իրավիճակը: Ճգնաժամ եւ հայրենիքի կանչ:
Իրականութիւն է, որ Սեպտեմբեր 27-ի օրը, հայրենի մեր տան պատկից դրացին, յանկարծ մեր վրայ յարձակելով, սկսաւ մեզ անխնայ հարուածել, թիրախաւորելով աջ-ձախ, տուն-տեղ, եկեղեցի եւ մարդաբնակ կառոյցներ ու նպատակ ունենալով վնասել եւ առաւելագոյնը՝ գրաւել, քանդել ու աւերել մեր շէն երկիրը ու սպաննել փորձել դարերու պատմութիւն ունեցող անոր պապենական հողին վրայ ապրող հայ բնակչութիւնը: Ապա անմիջապէս եւ արագ, մեզմէ անկախ՝ հասունցան դէպքերը: Պատմութիւնը խառնեց իր էջերը: Պատերազմի մահացու ահազանգը հնչեց, որուն իբրեւ հետեւանք, հայ կեանքը կորսնցուց իր խաղաղ շրջագիծը: Անժամանակ մահը լեռներէն վար, դէպի ցած իջնելով, մեր աշխարհը դժոխքի վերածեց: Հայ տան խաղաղութիւնը յօշոտուեցաւ: Աշխարհի լռութեան առջեւ, մեր տուները սկսան մոխրանալ: Մեր ժողովուրդին գլխուն տեսակաւոր կայծակ եւ փոթորիկ սկսան տեղալ: Ռազմական ծանր եւ մահացու գործողութիւններ, ոչ միայն հակառակորդի բանակներով, այլ նաեւ անհամար վարձկան ոճրագործներու օժանդակութեամբ, որոնք կը սպառնան ոչնչացնել, մեզ հիմնովին բնաջնջել: Սրբել: Ահա մահու-կենաց խնդիր եւ ճակատագրական պատերազմ: Հաստատապէս հակառակորդը կեանքի նոր եւ արիւնոտ իր դրօշը պարզած է: Ան, ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ սրած էր իր մեծ եւ վերջին դանակը: Պատերազմը իր չար եւ մահացու պարը սկսած էր պարել մեր հողերուն վրայ: Նոյնիսկ մոլորակը քանդող իր ռումբերով եւ հրթիռներով ան կը փորձէր խլել մեր երիտասարդ եւ քաջարի զինուորներու մատղաշ կեանքերը:
Անմարդկային յարձակում եւ դժոխային պատերազմ: Ու թէեւ աշխարհը կարծեց, թէ հայը հարաւային Կովկասի մէջ մինակ մնացած ազգ մըն էր, շրջափակուած եւ աղքատ երկիրով, յանկարծ եւ առանց վայրկեան մը իսկ տատամսելու, աշխարհի համայն եւ վրիժառու հայութիւնը, լծուեցաւ սրբազան իր առաքելութեան ու իր հայրենիքի պաշտպանութեան վազեց:
Այսպէս մեծով-պզտիկով կամաւորագրուելով, հայը հասաւ իր հզօր եւ մարտունակ բանակի կողքին, յանուն՝ իր հողին, իր հաւատքին, եւ իր ազատութեան փրկութեան եւ երկրի խաղաղութեան վերահաստատման: Ու ամէն օր, մեզի նման ամբողջ աշխարհն ալ հետեւեցաւ հայրենի մեր բանակի լուրերու հոսքին, անոր յանդուգն եւ խրոխտ մարտնչումներուն: Իսկ մենք, մեզի համար իւրաքանչիւր ժամ եւ վայրկեան եւ անոր ընկերացող ամէն տեղեկութիւն եւ լուր, մեր կեանքին մէջ նոր բացուած արշալոյսի նման, թէեւ յաճախ մեզ յուզեց, բայց մեր զինուորներու արձանագրած յաղթանակները, մեր հոգիները յուզումով խանդավառեց: Ահա հաւաքական կամք եւ լեռներու ոգի՝ կ’ըսեմ հպարտօրէն: Ժայռական: Եւ ապա, նոյն այս խուլ եւ համր, նոյնիսկ կոյր աշխարհը ականատես եղաւ, եւ լսեց, թէ ինչպէ՞ս առ ի զօրակցութիւն, հայկական կամաւորական գունդեր կազմուեցան: Հայու իւրայատուկ ինքնութեան դրսեւորում: Հայրենիքէն եւ արտերկրէն, աշխարհի նոյնիսկ խուլ ծայրերէն հայը մեծով պզտիկով վազեց «դէպի երկիր» եւ հասաւ հայրենի հող, իր օրինակելի եւ անընկճելի կամքով: Ան նոյնիսկ մարտիկի հագուստ հագնելով, ժամ առաջ՝ դէպի վիրաւոր Արցախ, դէպի մարտի դաշտ, հայու ոգիով լի բանակի տղոց, հայ զինուորի կողքին կռուելու եւ մահուան գնով հայրենիքը պաշտպանելու: Հայը կրկին հաստատեց՝ թէ ինք միշտ հերոս եղած էր եւ այդպէս ալ կը մնար: Թէ ինք դարձեալ կեցած էր հերոսութեան եւ յաղթանակին միջեւ: Յանդուգն եւ անպարտելի: Խիզախ հիացում պարտադրող եւ ակներեւ հմայք: Դժբախտաբար, այս մարտերու ընթացքին, շատ ու շատ քաջեր նահատակուեցան, զոհուեցան, փայլուն եւ հպարտ կերպով կատարելով ազգային իրենց պարտականութիւնը:
Սխրալի կռիւներուն զոհուած եւ նահատուած մեր բանակի բոլոր զինուորներուն՝ Փառք ու Յաւերժ խոնարհում՝ անոնց Յիշատակին, անոր Մարտիրոսացման: Լոյսերու մէջ մնան:
Այս բոլորին զուգահեռ, տեղի ունեցաւ նաեւ արիւնարաշաւ եւ որուն ընկերացան աշխարհի հայաշատ մեծ ու փոքր քաղաքներու հրապարակներուն եւ փողոցներուն վրայ հայու բողոքի ցոյցեր: Սփիւռքահայը ինքզինք փնտռեց եւ հայկականութեամբ լեցուած՝ ցոյցի ելաւ: Կազմակերպեց յաղթանա-կի քայլարշաւներ, աշխարհի պատասխանատուներու, դիւանագէտներու եւ այսպէս կոչուած «մեծերու» դռներուն առջեւ եւ դիմաց: Խաղաղ եւ համոզիչ, հայը կրկին պարզեց իր եռագոյնը, իր բողոքին եւ ընդվզումին հետ միասին: Ու հայուն լռութիւնը պոռթկաց:
Պատիւ իրեն: Իր ամէն տեսակի ցոյցերու ընթացքին, ան իր նոյն ապրած քաղաքներու մէջ, մեծ ու փոքր ճամբաներն ու մայրուղիները փակեց եւ այս ձեւով աշխարհին ուշադրութիւնը գրաւել տուաւ եւ բոլորի ակնարկները կեդրոնացուց իր բողոքին, իր արդար ընդվզումին վրայ, միաժամանակ բացատրելով, դատապարտելով եւ պահանջելով, թէ մեր երկրին վրայ պատերազմ յայտարարուած էր, կար, ե՛ւ կատաղի, ե՛ւ անհաւասար, յանուն մեր մահուան եւ մեր էութեան, յանուն մեր տառապող ժողովուրդի կեանքին եւ անոր սպառնացող բովանդակութեան: Ուստի, արդարութիւն պահանջեց: Նաեւ հասկցուց բոլորին, թէ հերոսը հոն էր, Արցախի սահմանին վրայ, եւ իր արեան կանչին կը հետեւէր:
Ապա այս մէկուն ընկերացաւ նաեւ համայն հայութեան յատուկ դրամահաւաք: Նուիրումի ոգիով՝ դրամահաւաք: Յանուն մարդասիրական նպատակներու: Ու ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ հայը իր քսակը բացաւ եւ առատաձեռնօրէն նուիրաբերեց՝ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին: Իր լուման, հազարը կամ միլիոնը, հայ մարդասիրական նպատակներու համար, սրտանց յանձնեց սրբազան նպատակին: Եւ տակաւին, յանուն այս Հիմնադրամին, ան իբրեւ սրբազան պարտականու-թիւն շարունակեց իր դրական ներդրումը՝ դրամահաւաքը: Այսպէս, իր մեծով-պզտիկով, փողոցներու փոշոտ մայթերու վրայ ընկոյզ, ձեռագործ, հագուտ ծախեց: Ինքնաշարժներ լուաց: Իրեն համար ամէնէն թանկագին գանձանակները պարպեց: Տարիներու իր խնայածը՝ անսակարկ նուիրեց: Բազմատեսակ պիտոյք, դեղորայք ղրկեց: Սրտանց նուիրաբերեց: Ինքզինք եւ կամաւոր՝ իր զանազան հաճոյքներէն զրկեց: Անվերապահ աջակցութիւն: Յուզիչ՝ նոյնքան ալ օրինակելի ու հպարտալի:
Համոզուած եմ, որ ժամանակը հասած է, յետ այսու, այս եւ նման ազգային նպատակներուն համար, «Ազգային Տուրք»ի դրութիւնը պէտք է ստեղծել, հաստատել, աշխարհի հայութեան վզին եւ խղճին իբրեւ արդար եւ սրբազան պարտականութիւն: Բայց՝ այս ուրիշ խնդիր է: Այլ հարց:
Արդ, կրկնութեան գնով ըսեմ, թէ մեր բոլոր զինուորները մեր փառքն են եւ մեր ցեղին պատիւը: Ունիմ եւ ունինք՝ միայն հպարտանք, սքանչացում եւ երկիւղած պաշտամունք:
Միւս կողմէ բոլորս ալ ականատեսներ ենք, թէ ինչպէս կը շարունակենք արդարութիւն պահանջող կանչերու մեր հոսանքները ամէն կերպով եւ միջոցներով հասցնել աշխարհի ականջներուն: Ու կը տեսնենք, թէ ինչպէ՞ս տակաւին քաղաքական վատութիւնները կը պղծեն մեր վէրքին եւ սուգին նուիրականութիւնը:
Մեր աշխատանքը տակաւին չէ աւարտած: Ամէն ճամբով եւ գնով՝ զօրակցիլ է պէտք մեր Արցախին, որովհետեւ տակաւին աշխարհը լուռ է: Ոչ մէկ դրական ձայն: Արդարութեան դաշտը տակաւին անապատ է եւ մեռելային եւ արդարութիւն ըուածն ալ՝ խաչուած: Յստակ իրականութիւն:
Ահա թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս կը զգաս, որ մեր հայու հոգին ամէն տեղ է:
Դարերու ընթացքին հողի եւ ազատութեան համար արիւն թափած ենք եւ մեր արեան մէջ պահած ենք մեր այս ուխտը, մօր մը ջերմութեան նման: Անոր համար այս օրերուն մեր ցաւն ու սէրը միահիւսուած են: Հայկ նահապետէն ի վեր ազատութիւնը կրած ենք մեր հոգիին մէջ: Տարիներով բացատրած ենք աշխարհի եւ տակաւին՝ թէ մեր մօտ յոյսի եւ լոյսի խորհուրդը անբացատրելի է: Առանց այս երկուքին, կարելի չէ ըմբռնել մեզ: Նոյնիսկ աշխարհին ցոյց տուած ենք մեր զինուորներուն էութեան մէջ գտնուող ազատութեան վառ տենչը, որ ծնունդ է կերտելու, ստեղծելու եւ ըլլալու մեր կամքին:
Որովհետեւ իւրաքանչիւր հայ իր արեան կանչին է, որ կը հետեւի անխախտ հաւատարմութեամբ: Բոլորս ալ գիտենք, որ մեր հայրենիքն է, որ իր արմատներով մեզ բոլորս պահած է: Արմատներ, որոնք մեր ներսն են, եւ որոնք մեր ցեղին կեանքը կը բնորոշեն: Ուստի անընդունելի են բոլոր այն «ճամբա-ները», որոնք ազատ եւ անկախ Արցախ չեն տանիր:
Որովհետեւ, հայուն համար Արցախը՝ Հայաստանն է:
Եւ նոյն մեր այս Արցախը, որ այս օրերուն իր վիրաւոր աչքերով մեզ կը դիտէ, եւ որ իր զաւակները իրենց արիւնով կը ներկեն մեր եռագոյնը, արդէն խօսած է իւրաքանչիւրիս սրտին եւ հոգիին ու մեզ միաւորած ու համախմբած: Հոս է հայուն նոր կեանքի բանալին եւ վա~յ այն օրուան, երբ կորսնցնենք այդ բանալին: Աշխարհին ցոյց տուինք, որ մենք ազգովին մեր Արցախի կողքին հետ: Ո՛չ մէկ կասկած: Ազատ հայրենիքը մեզի համար յոյս է: Լինելութեան նշան: Կեանքի կանչ եւ հզօրութիւն: Որովհետեւ հո՛ն քաջութիւն եւ խիզախութիւն կայ: Հայ ինքնութեան եւ լինելիութեան խորհրդանիշ:
Հակառակորդին փաստեցինք, որ մեր ոգին եւ ապրելու կամքը, մեր պայքարի զէնքն է, անոր համար այս օրերուն դարձած ենք մէկ բռունցք: Թէեւ մեր վիշտերն ու ժպիտները աղօթքի հեւք ունին, բայց մեր ռազմիկի պատմական ռիթմը տակաւին ողջ է եւ կատաղի: Թէեւ մեր երկիրը զարմանալի երկիր մըն է, ուրկէ երբ խաղաղ է, կը հեռանանք եւ երբ պատերազմ է, շուտով կը վերադառնանք, բայց ընդունինք կամ ո՛չ, ան մեր մերն է եւ մեր սրտին մօտ: Պատմական առաքելութիւն ունինք, ոչ մէկ տատամսում: Բոլորս ալ միասին բացած մեր պատմութեան էջերը, անոր օրերուն մէջ կ’ապրինք ու աշխարհին կը փորձենք պարտադրել, որ Ճանչնայ ազատ Արցախի հանրապետութիւնը: Միջազգային ճանաչում: Համաշխարհային գիտակցութիւն ու մեր ազգային գիտակցութեան կողքին:
Գիտենք, որ երկրագունդի վրայ տակաւին սեւ ոսկին՝ նաւթը, գերակշիռ է, բայց մենք, մեր դէմքը չենք կորսնցուցած, ոչ ալ մեր ոգին՝ աղաւաղած: Թող լաւ գիտնան բոլորն ալ, թէ մեր պատմութիւնը, իր պատմական դասերը ունի: Մեր ճակատագիրը մեր յաղթելու անհրաժեշտութենէն կը ծնի, ոչ թէ օտարին որոշումներէն:
Հաւատացէ՛ք, գոյութիւն ունին բոլոր այն ժողովուրդները, որոնց երգը կը հնչէ դիւցազնօրէն եւ լայնաշունչ: Ու մեր մեղեդին թռիչք ունի եւ դարձած է ահազանգ:
Որովհետեւ, այս օրերուն մեր երաժշտութիւնը միալար է.- Միայն Յաղթանակ:
Ու մենք ազգովին այս երգը երգած եւ տակաւին կ’երգենք, ու միշտ պիտի երգենք՝ ՅԱՂԹԵԼՈՒ ԵՆՔ: