
Արուեստի սիրահարին համար, կամ աւելի ճիշդը իւրայատուկ դիտանկիւնէ դիտուած արուեստի »խենթ«երուն համար իւրայատուկ է, 2007էն ի վեր հռչակ սփռած »Փակակնինի« կատակերգութիւն-համերգը, որ Եւրոպայի զանազան քաղաքներէ ներս մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծելէ ետք, ժամանած է Նոր Աշխարհի նոր մայրաքաղաք՝ Նիւ Եորք:
»Փակակնինի«ն պիտի ներկայացուի »Տը Նիւ Վիքթըրի« (The New 42nd Street
229 West 42nd Street, Fl 10 New York, NY 100367299) սրահէն ներս, այսօր Մայիս 7, 2010էն սկսեալ մինչեւ Մայիս 23, յաջորդաբար Ուրբաթ (կ.ե. ժամը 7:00ին), Շաբաթ (կ.ե. ժամը 2:00ին եւ 7:00ին) եւ Կիրակի (12:00ին եւ կ.ե. 5:00ին) օրերը:
Առաջին հերթին նշենք թէ ուղղագրական, հնչողական կամ տպագրական անուշադրութեան արդիւնք չէ Փակակնինին փոխան Փականինիի: »Կակ«ն է՝ կատակերգութիւնը, որ դիտմամբ եւ այդ պատճառով ալ տարբեր գրութեամբ նշուած է որմազդին վրայ:
Նոյնինքն, հռչակաւոր իտալացի ջութակահար Նիքոլօ Փականինին անգամ…հեռաւոր (…կամ մօտակայ) անդէնականէն կրնայ շուտով իմանալ թէ իր անունն օգտագործելով Արա Մալիքեան եւ ընկերներ, գաղափարը յղացած են դասական երաժշտութեան երանգներուն ընդմէջէն, ներկայացնել իւրայատուկ կշռոյթներու շարք մը, որոնք ժամուայ մը տեւողութեամբ կը փոխադրեն ունկնդիրն ու ակնդիրը իրաւաերեւակայական տարբեր աշխարհ: Աշխարհ մը, որ աներեւակայելի էր երիտասարդ Արային համար, երբ հազիւ տաս գարուններ բոլորած, կը նուագէր Փականինի լարային ամէնէն աւելի բարդ եւ անհասանելի գործերը: Նոյնինքն Փականինիի 24 »քափրիս«ները եղած են, Արային լոյս ընծայած առաջին խտասալիկները, որուն կողքին, նաեւ տեղին է նշել Պրամսի եւ Մոցարթի »քուինթէթ«ները, Շումանի երեք հատանուագները (»սոնաթ«) վերապահուած ջութակի եւ դաշնակի:
Իր կողքին ունենալով երեք սպանացիներ՝ Էտուարտօ Օրթեկան (ջութակ), Ֆերնանտօ Քլեմենթէն (ջութակ) եւ Կարչիօթ Օրթիսը (թաւջութակ), Արա Մալիքեան իր ջութակը (լարերու կողքին, նաեւ մերթ ընդ մերթ հարուած տալով այդ գործիքին) տրամադրած է Աշխարհի երաժշտութեան, պահելով հանդերձ իր մակարդակը: Այսպէս արեւելեան, քլեցմըր, գնջու եւ ֆլամենկօն իրար հետ ներմուծելով, կարելի է երեւակայել թէ որքան ներդաշնակ եւ ռիթմիք երաժշտութիւն մը կարելի է ունկնդրել, հասնելով մինչեւ արդի ռոք երաժշտութեան (»Եու 2«) դռները:
Հոս տեղին է հարց տալ թէ Արա Մալիքեան եւ Սպանիա կապը ինչպէ՞ս ստեղծուած է: Արդարեւ, Սեպտեմբեր 2000էն ի վեր, Արա բնակութիւն հաստատած է Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ: Ան պարզ զբօսաշրջիկ մը չէ, ոչ ալ շատերու կամ Կոստան Զարեանի նման Սպանիոյ հանդէպ ակնածանքով կամ հրապոյրով հիասթափուած անձ մը…այլ, ան Մատրիտի համերգային նուագախումբին առաջին ջութակահարն է, որ կը հմայէ զինք ունկնդրողները Նիւ Եորքի »Քարնըկի Հոլ«էն մինչեւ Թոքիօ, անցնելով Թորոնթոյէն, Լոնտոնէն, Ցիւրիխէն եւ անշուշտ իր շատ սիրելի Փարիզէն, ուր անցուցած է պատանեկութեան քանի մը յիշատակելի տարիներ:
Քիչ մը աւելի պեղելով անցեալը, նշենք թէ Արա եօթ տարեկանին ժամանած է լոյսերու քաղաք եւ մօտաւորապէս մնացած է երկու տարի: Պատճառը՝ իր ծննդավայր Պէյրութի մէջ տիրող անապահովութիւնն էր: Կարճ զինադադարէն խաբուած, ան իր մօր հետ կը վերադառնայ Լիբանան, ուր կը դիմաւորեն պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան դաժան տարիներ:
Վերադառնալով պատմութեան թուական կարգին, Արա Մալիքեան ծնած է 1968ին: Հայրը՝ Ժիրայրը, դասական երաժշտութեան եւ յատկապէս ջութակի սիրահար վաճառական մը, իսկ Մայրը՝ Լուսին Մալիքեան, հանրածանօթ մանկավարժ, ուսուցչուհի եւ այժմ հանգստեան կոչուած, դեռ տարիներ առաջ, Մարսէյի ճեմարանին գործավարտնօրէնն էր:
Արա այցելած է »Համազգայինի Նշան Փալանճեան« ճեմարանը մինչեւ երկրորդական ուսում: Փարիզէն վերադարձին է որ այս վառվռուն, տաքարիւն եւ անհանդարտ մանուկը կը սկսի հետեւիլ ջութակի դասընթացքներու, հետզհետէ նախընտրելով այդ գործիքը՝ ոտնագնդակէն: Ահաւասիկ տասնեակ տարիներ ետք, ան չէր երեւակայէր թէ կզակին եւ ուսին միջեւ հանգչող այդ հմայիչ լարային գործիքը պիտի ըլլար իր անբաժանելի ընկերը…եւ 2001ին հռչակաւոր Ռէալ Մատրիտի կազմի աւելի քան տաս հազար պատուոյ անդամներուն համար, ներկայացնէր համերգ մը:
Պատերազմն ու կոյր ռմբակոծումները, ելեկտրականութեան չգոյութիւնն ու ջուրի պակասը մինչեւ օրս ձգած է իր ազդեցութիւնը, Արայի վրայ: Այսպէս, ինչպէս ֆրանսահայ երգիչ Ազնաւուր կը փոխանցէ. »Պատերազմի զաւակները…զաւակներ չեն«, Արա դժուար պայմաններու տակ, զրկուած երիտասարդի մը կեանք վայելելու այդ առաջին քայլէն, իր մօտիկ ընկերոջ՝ ջութակին հետ անցուց երկար ժամեր…խոր ու խոնաւ պատսպարաններու, մառաններու, գետնայարկերու մէջ, ուր այդ քաշողական մեղեդիին հետ, անկարելի կ’ըլլար …չըմբոշխնել հեռուէն ընկերացող որոտընդոստ ռմբակոծումները որոնք կը նմանէին հարուածային գործիքներ՝ հսկայ թմբուկի կամ ծնծղայի մը:
Երիտասարդ տարիքէն իսկ, Մալիքեան կրցաւ հասկնալ եւ վերլուծել թէ ի°նչ է արուեստագէտի մը եւ յատկապէս երաժշտութեան աշխարհէն ներս, աստղ դառնալու բանալին: Ան քաջատեղեակ էր թէ արդէն իսկ պատմութիւն կերտած երաժշտագէտի մը կամ առեւտրական ցրուիչ ընկերութեան մը հետ մօտիկ ազգականութիւնը, կամ նոյնիսկ անոնց հլու կամակատար ըլլալը մեծ դեր կը խաղար յաջողութեան հասնելու համար: Սակայն ինք ընտրած էր դժուար ու փշոտ ճամբան՝ ճակտի քրտինքով, հետեւողական ինքնաշխատութեամբ, ժիր կամքով եւ ուշիմ աշխատանքով, հասնելու հռչակին:
12 տարեկանին, Արա կատարեց իր առաջին համերգը, միշտ ալ հսկողութեամբ իր հօր: Երկու տարի ետք, գերմանացի երաժշտագէտ մը զինք նկատելով, գերտպաւորուած կ’առաջարկէ յաւելեալ մասնագիտութիւն Հաննովըրի երաժշտանոցին մէջ: Քանի մը ամիս բաւարար եղաւ որ ան բաւական մը ընտելանայ Կէօթէի լեզուին եւ այսպէս 15 տարեկանին երիտասարդ աստղ մը ժամանեց Պեթհովէնի երկիրը: Դեռ քսան տարիքը չբոլորած, բոլորովին իր մանկութիւնէն դուրս եկած Արա վերադարձաւ Լիբանան եւ ելոյթ ունեցաւ Ամերիկեան համալսարանի սրահէն ներս: Ան ճամբայ կտրած էր…երկար լուսաւոր եւ դէպի գագաթ ուղղուող լայն եւ լուսաւոր ճանապարհ…: Փոթորկոտ ծովու անդադար ալիքներու նման ծափողջոյնները կը շարունակուէին եւ յաջորդ օր, տեղւոյն քննադատները հիասթափուած զինք կը կոչէին »նորեկ հրէշը«:
Յատկապէս առաջին օրերուն, երբ դեռ պատերազմը կը շարունակուէր Լիբանանի մէջ եւ Մալիքեան աստղը նոր սկսած էր փայլիլ, շատեր հարցականի տակ կ’առնէին անոր պատկանելիութիւնը, անցեալն ու այսպէս արուեստի աշխարհին մօտիկ չըլլալը: Այս հաստատումները կատարողներուն պատասխանն ալ կտրուկ ու չոր իր մէկ արտայայտութեամբ. »Այո ահաբեկիչ չեմ. ատրճանակով ալ կրակել չեմ գիտեր, բայց փոխարէն, կարծեմ թէ շատ լաւ կը տիրապետեմ ջութակիս վրայ«:
17 տարեկան հասակին, Արա մասնակցեցաւ Սպանիոյ հիւսիսային պասք շրջանի Պիլպաօ քաղաքի »Փապլօ Սարասաթէ« մրցանքին: Յաջորդաբար երեք անգամ ալ ան առաջին դիրքը գրաւեց: Այժմ երաժշտութեան աշխարհէն ներս ինքզինք պարտադրած, ան չմասնակցիր այսպիսի մրցանքներու, ուր մասնակցողներու տարիքը հետզհետէ երտասարդացած է եւ աւելին՝ մրցակցութիւնն ալ հասած իր գագաթնակէտին: Այսպէս ամէն մէկ մասնակցող երիտասարդի համար, իր դէմ մրցող մնացեալ երաժիշտները թշնամիներ են: Աւելին, անոնց հետ ընկերացող ազգականներն ալ նոյն ատելութեամբ կը մօտենան, գէթ սխալելու ժամանակ իսկ, իրենց զաւակին թիկունք կանգնելով:
Երաժշտութեան աշխարհէն կամ համայնագիտարանէն ներս, ու՞ր կարելի է դասել Արան: Մեծ սխալ պիտի ըլլայ, եթէ ան չդասենք դասական երաժշտութեան մէջ գործող աստղերու շարքին: Սակայն հոս պէտք է շեշտել: Արա դասական երաժշտութեան այն յառաջդիմական ալիքին կը պատկանի որ դասականը իւրայատուկ ձուլումով (fusion) կը խառնէ ճազին, ժողովրդային երաժշտութեան եւ բնականաբար Սպանիոյ մէջ բնակութիւն հաստատած ըլլալով՝ ֆլամենկոյին: Երաժշտութեան տարբեր երանգներու եւ մեղեդիներու այս ձուլումը որ ճանչցուած է իբրեւ Աշխարհի երաժշտութիւն (World Music), մեծ խանդավառութիւն եւ ժողովրդականութիւն ստեղծած է, սակայն այս մէկ երեւոյթը ոչ մէկ ազդեցութիւն կ’ունենայ աստղին մակարդակին վրայ: Շատ մը արուեստագէտներ բռնած են այս ուղղին, նոյնիսկ ամէնէն աւելի խստապահանջ Քիմ Քաշքաշեանը (վայոլա), որ գործակցած է նորվեկիացի փողահար (սաքսոֆոն) Եան Կարպարէքի (»In Praise of Dreams«)հետ, նաեւ տարիներ առաջ պատրաստած՝ յոյն բեմադրիչ Թէօ Անկելոփուլոսի »Ulysses Gaze« ժապաւէնին երաժշտութիւնը:
Ջութակի լարերու ետին, Արա Մալիքեան, վերոյիշեալ մթնոլորտը ներկայացնէ ֆլամենկօ կշռոյթով, սպանացի ծանօթ բեմադրիչ Փետրօ Ալմոտովարի կարեւոր ժապաւէններէն՝ »Hable con ella«ին (Talk to her) երաժշտութեան մէջ…
Այսպէս, աշխարհի կամ աշխարհային երաժշտութենէն ներս մուտք գործելու համար, Արա մօտէն հետեւած է Հարլըմի ճազ երաժշտութեան: Նաեւ, ան մեկնած է Պրազիլ, տեղւոյն Ռիօ Տը Ժանէյրոյի փառատօնային քարնավալին օգտագործուած երաժշտութեան հետեւելու: Հաւանաբար, այս պատճառով է որ, Մալիքեան մեծ հաճոյքով կը նախընտրէ նուագել, իր նախասիրած դասական արդի գործերէն, 1920ականներուն յօրինուած Միլոյի »Ox on the Roof«ը, որուն տեւողութիւնը երկար է բայց իրեն համար գերհաճելի: Հակառակ արդի եւ դժուար գործ մը ըլլալուն: Արա մեծ յաջողութեամբ ներկայացուցած է այս գործը…անգամ մը եւս, իբրեւ Մատրիտի Համերգային նուագախումբի առաջին ջութակահար:
Հարազատ տաղանդի տէր, Արա բազմաթիւ մրցանակներու տիրացած է: Վերոյիշեալ Սարասաթէի մրցանքին կողքին, ան շահած է Փականինիի (…դեռ Փակակնինին գոյութիւն չունէր ) մրցանքն ու Պերլինի մէջ կայացած Մենտելսոնի մրցանքը:
Հայկական կտորներն ալ անպակաս մնացած են, Արայի երաժշտութեան բնագաւառէն ներս: Իր տարեկից գանատահայ դաշնակահար Սերուժ Քրաճեանի (Իզապէլ Պայրաքտարեանի կողակիցը) հետ, ան համերգներ տուած է զանազան հայահոծ գաղութներէ ներս:
Մալիքեան կը նուագէ Կոստան Զարեանի էջերու վրայ մռոտած…»Հրաշալի եւ խստամբեր դաշտանկար՝ անապատային, լերկ եւ խորունկ Սպանիան«: