ԱՐԱՄ Ա.-Ի ԿԱԹՈՂԻԿՈՂԻ ԱՌԱՋԱՐԿ- ՈՒՂԵԳԻԾԸ “ԺԸՆԵՒ 2“ԻՆ

0 0
Read Time:2 Minute, 16 Second

 

gva aram2 Ժընեւի Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի կեդրոնատեղիին մէջ գումարուող միջազգային համագումարին, որուն բացումը կատարած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս, առաջարկ- ուղեգիծ մը յղուեցաւ “Ժընեւ 2“-ին: Այսհամագումարին նպատակն էր “Ժընեւ 2“ին ներկայացնել եկեղեցիներու հաւաքական տեսակէտը:

Ստորեւ, ինը կէտերէ բաղկացած ուղեգիծը.-

Ա) Զինադադարի անմիջական յայտարարութիւն եւ սուրիական հողին վրայ տեղի ունեցող ամէն տեսակի բռնարարքներու եւ առեւանգումներու դադարում եւ առեւանգեալներու ազատ արձակում: Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ապահովական խորհուրդը պէտք է ազդու միջոցներու դիմէ Սուրիա մտնող զինամթերքի ինչպէս նաեւ օտար կռուողներու դադրեցման:

Բ) Սուրիացի գաղթականներուն թէ՛ երկրէն ներս եւ թէ շրջակայ արաբական երկիրներէն ներս կատարուող մարդասիրական օժանդակութիւնը կազմակերպել եւ ներքին ամէն տեսակ շրջափակումները շուտով վերացնել:

Գ) Սուրիական տագնապը կարելի չէ զէնքի ուժով լուծել, այլ միայն` քաղաքական երկխօսութեամբ: Երկխօսութիւնն ու անոր յաջորդող գործընթացքը պէտք է ըլլայ համապարփակ, ծրագրուած եւ յառաջանայ յստակ ժամանակացոյցի մը համաձայն: Անոր պէտք է մասնակցին կառավարութիւնը, ընդդիմադրութիւնը, բոլոր համայնքներու ներկայացուցիչները եւ ընդհանրապէս քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները: Աշխարհաքաղաքական շահերը, շրջանային թէ միջազգային ուժերուն, միշտ ալ եղած են ի գին տեղական ժողովուրդներու շահերուն ու իրաւունքներուն: Սուրիական տագնապի “սուրիանականացում“ը լուծման առաջնորդող ազդու ճամբաներէն մէկը կրնայ ըլլալ:

 

Դ) “Ժընեւ 2“-ը, որ վճռական դէպք մը կոչուած է դառնալու սուրիական տագնապի ծիրէն ներս, պէտք է վերածուի Սուրիան դէպի ամբողջական ու մնայուն խաղաղութիւն առաջնորդողգործընթացքի, որուն նպատակը պէտք է դառնայ նաեւ ժողովուրդին իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ Սուրիոյ անկախութեան ապահովումը:

Ե) Սուրիան խաղաղութեան առաջնորդող գործընթացքը պէտք է գլխաւորուի ու ղեկավարուիսուրիացի ժողովուրդին կողմէ: Այլ խօսքով` Սուրիոյ ժողովուրդը իր բաղկացուցիչ բոլոր տարրերով պէտք է ինք ճշդէ իր երկրի ապագան: Այս ծիրէն ներս Արաբական Լիկայի, ՄԱԿ–ի եւ Միջազգային համայնքի ամբողջական աջակցութիւնը հրամայական է:

Զ) Պէտք է ամէն գնով ապահովել Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը: Ներ–համայնքային ու ներ–կրօնական հակասութիւնները ու բախումները, որոնք սկսած են դառնալ տիրական ամբողջ Միջին Արեւելքէն ներս, կրնան սուրիական ընկերութիւնը առաջնորդել ներքին բաժանումներու, որոնք իրենց կարգին, կրնան յառաջացնել նաեւ հողային բաժանումներ. վտանգալից երեւոյթ մը, որ կրնայ իր ժխտական անդրադարձը կրնայ ունենալ ամբողջ շրջանին վրայ:

Է) Կրօնական, ցեղային ու համայնքային բազմազանութիւնը սուրիական ընկերութեան յատկանշական երեւոյթներէն մէկը եղած է միշտ: Զայն պէտք է պահել անվթար եւ այս ծիրէն ներս պէտք է ապահովել բոլոր սուրիացիներուն, համայնքներու թէ անհատներու, քաղաքացիական համահաւասար պարտաւորութիւններն ու իրաւունքները:

Ը) Մարդկային իրաւունքները եւ ժողովրդավարական սկզբունքները անհրաժեշտ է պաշտպանել` այս ուղղութեամբ ի պահանջել հարկին փոփոխութիւններ կատարելով սահմանադրութենէն ինչպէս նաեւ` պետական կառոյցներէն ներս, ապահովելու համար բոլոր քաղաքացիներու մասնակցութիւնը Սուրիոյ հաւաքական կեանքին, բոլոր բնագաւառներէն ներս ու բոլոր մակարդակներու վրայ:

Թ) Որպէս քրիստոնեաներ, մենք մեր հաւաքական ձայնը կը բարձրացնենք եւ վստահ ենք որ մեզի հետ են աշխարհի բոլոր կողմերը գտնուող բոլոր քրիստոնեաները: Մեր ձեռքը կ՛երկարենք մեր իսլամ եղբայրներուն ու քոյրերուն, որոնց հետ Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեաներ դարեր շարունակ գոյակցած են միասնաբար մեր գործօն մասնակցութիւնը բերելու Սուրիոյ վերականգնումի հաւաքական աշխատանքին` փոխադարձ հասկացողութեան, յարգանքի ու վստահութեան մթնոլորտի մէջ:

Վեհափառ Հայրապետին վերոյիշեալ առաջարկը միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ համաժողովին կողմէ, որպէս հիմքը “Ժընեւ 2“-ին ուղղուելիք ուղեգիծին:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles