
ՄԱՐԻ ՄԵՐՏԽԱՆԵԱՆ-ԵԱՐԱԼԵԱՆ
Ուզեցին մէկ հայ թողնել,
Եւ այն էլ… թանգարանում…
Անմահ Սեւակ մէկ նախադասութեան մէջ ամփոփած է ցեղասպանութեան ծրագիրի էութիւնը: Թալէաթն այդ նախադասութիւնն ըսա՞ծ է, թէ ոչ. երբե՛ք կարեւոր չէ: Ծրագիրի գործադրութեան մանրամասնութիւններուն ծանօթանալը ու հետեւանքներու կշռադատումը բաւարար է հասկնալու համար, որ Թալէաթի եւ գաղափարակիցներուն համար այդ մէկ հայն ալ վտանգ էր:
Կը ջանամ հետեւիլ 100¬րդ տարելիցի բազմազան ծրագիրներուն. յիշատակի եւ պահանջատիրական հանդէսներ, դատական պահանջներ, յուշարձաններ, ցուցահանդէսներ, քայլարշաւներ, ուխտագնացութիւններ, դասախօսութիւններ, սեմինարներ, գիրքերու հրատարակութիւններ, թարգմանութիւններ, ֆիլմեր, եւ այլն…
Այս բոլորէն անկախ, համոզուած եմ, որ Ցեղասպանութեան 100¬րդ տարելիցին, արեւմտահայու ամէնէն դիպուկ եւ վճռական պատասխանը պիտի ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի դառնալը: Մեր մեծ հայրերն ու մայրերը հայրենիքէն զրկուեցան եւ օտար երկիրներու մէջ մեզի կեանք տուին: Վերադարձի յոյսը եւ կամքը առկայծ պահելով, իրենց ըմբռնած եղանակներով պայքարեցան: Այսօր ունինք անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ միայն կորիզն է խլուած եւ 100 տարի առաջ դատարկուած Հայաստանին: Այդ հայրենիքը, իր անկախ եւ խլուած բաժիններով հոն է. ,կորուսեալե չէ, ինչպէս ոմանք կը սիրեն ըսել: Մեզի կը մնայ ատոր ՏԷՐ ըլլալ:
Եւ ԽՆԴՐԵՄ (քերականական կոպիտ խախտումին համար ներողամիտ եղէք). ,Պետականութիւնե եւ ,Իշխանութիւնե ըմբռնումները իրարու հետ մի՛ շփոթէք, գոնէ այս անգամ: Այս բոլորէն անդին, եւ ասոնցմէ առաջ, շա՜տ աւելի հիմնական եւ արմատական քայլ մը պէտք է առնել. ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱՑԻՈՒԹԻՒՆ ստանալ: Մենք մեզի եւ թշնամիին պէտք է ապացուցենք, որ մենք Տէրն ենք ՄԵՐ Հայրենիքին: Խօսքով եւ երգով չէ. յանձնառութեա՛մբ ՏԷՐ ենք:
Պատմական այս քայլը պարտական ենք մեր հայրերուն եւ մեր զաւակներուն: Հայրենիքէն անջատ ապրող մեր զաւակներուն պէտք է փոխանցել Հայրենիքի պատկանելութեան հպարտութիւնը: Անոնց միտքին մէջ ստեղծուած Հայրենիքի աղօտ գաղափարը առարկայական իրականութեան պէտք է վերածել: Իրողութենէն, պայմաններէն եւ ղեկավարներէն դժգոհանքը սեփական պետութիւնը նսեմացնելու իրաւունք չի տար:
100¬րդ տարելիցին մեր կորուստը իւրովի վերականգնենք: 1.5 միլիոն նահատակի համար այսպիսի պարզ ծրագիր մը Սփիւռքի բոլո՛ր գաղութներուն մէջ պէտք է կեանքի կոչել եւ հետապնդել: Ի՞նչը ցեղասպանին երեսն ի վեր նետուած աւելի հատու պատասխան կրնայ ըլլալ, քան տարուէ տարի հզօրացող Հայկական Պետութիւնը, օժտուած՝ պետականութեան բոլոր երաշխիքներով:
1.5 միլիոն ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՑԻ աւելցնենք մեր Հայրենիքի բնակչութեան թիւին վրայ: Լաւ. գործնական ըլլալու համար, պէտք է առաջարկեմ, որ իւրաքանչիւր 100 նահատակի յիշատակին համար ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ 1 (ՄԷԿ) ՔԱՂԱՔԱՑԻ աւելցնենք: Չյապաղինք: