
Ապրի՛լ …եւ այդ ալ դուրս գալով յիսնամեայ ահազանգային մոռացումէ: Այո՛…1965-ին էր, որ Հայութիւնն ու նաեւ Աշխարհը նշեց քսաներորդ դարու պետական բնոյթ ունեցող մտածուած, կանխամտածուած, նախատեսուած քստմնելի ոճիրը` Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Վերապրի՛լ…եւ այդ ալ պայքարելով ակն ընդ ական, ցցուած բոլոր դժուարութիւններուն դէմ…մանաւանդ երբ թրքական յաջորդական կառավարութիւններն ու արտասահմանեան իրենց ներկայացուցիչները հետեւողականօրէն ջանացին շարունակ Ցեղասպանութեան իրողութիւնը խեղաթիւրել, պատմական ճշմարտութիւնները մոռացութեան մատնել ու ծածկել եւ նոյնիսկ իսկական զոհին ու դահիճին դերերու փոփոխութիւն ալ կատարել…իւրայատուկ թրքական կեղծ պատմագրութեամբ:
Ապրի՛լ…պայքարելով ու դիմադրելով այդ կեղծ ու դաժան փորձերուն, որոնք կը կատարուին Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը, “Դէպքը պատահա՞ծ է թէ ոչ“ յաւելեալ հարցադրումներու տակ առնելու եւ տեղափոխելու պատմական ուսումնասիրութիւններու քննարկման հարթակ եւ դեռ աւելին, ամէն ճիգ թափելով, որ ճեղքեր բացուին թէ՛ հայաստանեան եւ թէ՛ սփիւռքեան զանազան հատուածներու միջեւ:
Վերապրի՛լ…յաչս հատուցման գերագոյն հրամայականին, որ այլեւս կը նկատուի հայութեան ազգային պահանջատիրութեան կարեւորագոյն հանգրուանը, իր ամբողջական հասկացողութեամբ, սկսելով հայութեան կրած հողային կորուստներէն մինչեւ նիւթական վնասներու հաշուեյարդար:
Ապրի՛լ… շարունակ ի մտի ունենալով պահանջատիրական դիւանագիտութեան տեսութիւնը, իր առաջնահերթ եւ հիմնական դրութիւններով` ազգային անվտանգութիւն, ներազգային միասնականութիւն եւ միջազգային յանձնառութիւն, որոնք բոլորն ալ կ՛ենթադրեն ազդեցիկ եւ առկայ քաղաքական զանազան ծրագիրներ եւ գործընթացներ:
Վերապրի՛լ…երբեք պատմութիւնը չթողնելով լոկ պատմաբաններու հայեցողդութեան, այլ ընդհակառակը, յամառօրէն կառչած մնալով հայութենէն բռնագրաւուած հողերու, տարածքներու եւ կալուածներու իրաւատիրոջ վերադարձի տեսլականին:
Ապրի՛լ եւ վերապրի՛լ…Հակառակ հայութիւնը պառակտելու թրքական սին մարտավարութեան եւ անշո՛ւշտ ոչ մէկ զիջում կատարելով հայութեան ազգային գոյատեւման հայեցակէտէն, միշտ ալ ի մտի ունենալով ապագայի հայորդիները պատմական իրենց օրրանին մէջ համախմբելու հրամայականը:
ՀԱՅՐԵՆԻՔ