ԱՊ­ՐԻԼ 9-ԷՆ ԵՏՔ` ԺՈ­ՂՈՎՐ­ԴԱ­ՎԱ­ՐՈՒ­ԹԵԱՆ ՕՐԻ­ՆԱ­ԿԱ­ՆՈՒ­ԹԻՒՆԸ ԽՆԴՐՈՅ ԱՌԱՐ­ԿԱՅ

0 0
Read Time:11 Minute, 20 Second

nor 12  Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

 

1990-ական թուա­կան­նե­րուն տի­րա­պե­տող ազա­տա­կան մտա­ծո­ղու­թեան գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան ակունք­նե­րուն ամե­նա­ան­կեղծ տրա­մա­բա­նու­թեան հա­մա­ձայն, քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թա­ցի, իմա՛ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան, հան­դէպ հա­սա­րա­կա­կան ան­տար­բե­րու­թիւնը ոչ միայն մտա­հո­գիչ երե­ւոյթ չէ այլ` նոյն այդ հա­սա­րա­կու­թեան հա­սու­նու­թեան չա­փա­նիշ: Մարդ-ան­հա­տին նպա­տա­կը եր­ջան­կու­թիւնն է` նիւ­թա­կան բա­րիք­նե­րու հա­սո­ղու­թեան ու անոնց բա­նա­կան սպա­ռու­մի իմաս­տով: Քա­ղա­քա­կան յանձ­նա­ռու­թիւն­նե­րը, ընդ որում` պե­տու­թիւնը, իրենց գո­յու­թիւնը կ՛ար­դա­րաց­նեն միայն երբ մարդ-ան­հա­տի այդ դրա­կան իմաս­տով շա­հախնդ­րա­կան նպա­տա­կի իրա­կա­նաց­ման պայ­ման­ներ կը ստեղ­ծեն: Ան­շուշտ, 19-րդ դա­րէն սկսեալ ըն­կեր­վա­րա­կան մտա­ծո­ղու­թիւնը իր բո­լոր տար­բե­րակ­նե­րով ցոյց տուած է ազա­տա­կա­նու­թեան հիմ­նա­կան տկա­րու­թիւնը` մարդ-ան­հա­տի զար­գաց­ման վրայ բա­ցար­ձակ կեդ­րո­նա­ցու­մը ան­տե­սած է մարդ-ան­հատ­նե­րու ամ­բող­ջը` հա­սա­րա­կու­թիւնը -եւ արիս­թո­թէլ­եան հին ճշմար­տու­թիւնը` մար­դը հա­սա­րա­կա­կան կեն­դա­նի է: Այ­սինքն` ազա­տա­կա­նու­թիւնը կ՛են­թադ­րէ որ հա­սա­րա­կու­թիւնը մարդ-ան­հատ­նե­րու գու­մա­րում է, հե­տե­ւա­բար` հա­սա­րա­կու­թեան մա­սին յա­տուկ տե­սու­թիւն չէ զար­գա­ցու­ցած բա­ցի անոր բնա­կա­նու­թեան տրա­մա­բա­նա­կան են­թադր­եա­լէն: Ըն­կեր­վա­րա­կան մտա­ծո­ղու­թեան հիմ­նա­կան ներդ­րու­մը եղաւ ցոյց տալ հարս­տու­թեան վե­րա­բաշ­խու­մի կա­րե­ւո­րու­թիւնը մարդ-ան­հա­տի ան­կաշ­կանդ զար­գաց­ման երաշ­խա­ւոր­ման հա­մար:

Քա­ղա­քա­կան-գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան մտա­ծո­ղու­թիւն­նե­րը, ան­շուշտ, եր­բեք չեն ար­տա­յայտ­ուիր իրենց գործ­նա­կա­նա­ցում­նե­րէն ան­կախ: Կա­րե­լի է ըսել որ վեր­ջին եր­կու դա­րե­րուն քա­ղա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թեան պատ­մու­թիւնը հիմ­նա­կա­նին մէջ այս եր­կու գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւն­նե­րու բա­խու­մի ու հա­մադր­ման գոր­ծըն­թա­ցը եղած է: Խորհր­դա­յին պատ­մա­փոր­ձի ձա­խո­ղու­թիւնը, որ ցոյց տուաւ որ հարս­տու­թեան վե­րա­բաշ­խու­մի գործ­նա­կա­նաց­ման մարքս-լե­նին­եան տար­բե­րակն ու անոր հե­տե­ւո­ղա­կան այ­լա­փո­խու­թիւն­նե­րու փոր­ձը մարդ-ան­հա­տի ու հա­սա­րա­կու­թեան ան­կաշ­կանդ զար­գաց­ման պայ­ման­ներ չեն ստեղ­ծեր, պատ­ճառ դար­ձաւ որ ազա­տա­կա­նու­թիւնը ինք­զինք հաս­տա­տէ/ներ­կա­յաց­նէ որ­պէս քա­ղա­քա­կան ու տնտե­սա­կան զար­գաց­ման մի­ակ ու­ղի: Ֆրան­սիս Ֆուք­ու­եա­մա այս տե­սու­թիւնը բա­նա­ձե­ւեց 1990-ին “Պատ­մու­թեան աւա՞ր­տը“ յօդ­ուա­ծով, ուր ան, ի մէջ այ­լոց, կը նա­խա­տե­սէր քա­ղա­քա­կան ստեղ­ծա­գործ կիր­քե­րէ զերծ ձանձ­րա­ցու­ցիչ գոր­ծըն­թաց­ներ, ուր գի­րիշ­խող պի­տի ըլ­լայ խնդիր­նե­րու թեք­նիք լու­ծում­նե­րու առա­ջադր­ման հան­րա­յին բա­նա­վէ­ճը:

Նախ­կին խորհր­դա­յին տա­րած­քի անց­նու­մի ամ­բողջ հո­լո­վոյ­թը, իր բո­լոր վե­րի­վայ­րում­նե­րով, ընդ որում եւ ող­բեր­գա­կան իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րով, հա­րա­զատ ար­տա­ցո­լումն է Ֆուք­ու­եա­մա­յի տե­սու­թեան. տնտե­սու­թեան ազա­տա­կա­նաց­ման ու սե­փա­կա­նաշ­նորհ­ման “շո­քա­յին բուժ­ման“ բնոր­դի կի­րարկ­ման ար­դիւն­քով առա­ջա­ցաւ դրա­մա­տի­րու­թեան ամե­նա­նախ­նա­կան ու մե­նաշ­նոր­հա­յին հա­մա­կար­գը, որ ան­խու­սա­փելի­օ­րէն ստեղ­ծեց հարս­տու­թեան խստա­գոյն կու­տա­կում եւ ըն­կե­րա­յին բե­ւե­ռա­ցում: Հե­տե­ւա­բար, այն­քան ալ անակն­կալ չէ որ առա­ջա­ցած տնտե­սա­կան հա­մա­կար­գը ծնունդ տայ իշ­խա­նա­կար­գի մը, ուր պե­տու­թիւնը մե­նաշ­նորհ­եալ դա­սա­կար­գի շա­հե­րու պաշտ­պա­նու­թեան դե­րը ստանձ­նած է: Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւնը այս պայ­ման­նե­րուն մէջ կը հասկց­ուի որ­պէս իշ­խա­նա­կար­գի իրա­ւա­կա­նու­թիւնը ապա­հո­վող ընտ­րա­կան հա­մա­կարգ, իր էու­թեամբ ձե­ւա­կա­նու­թիւն մը որ հեգ­նա­կա­նօ­րէն կը յի­շեց­նէ մի­ա­կու­սակ­ցա­կան հա­մա­կար­գի “ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւնը“ թէ­եւ, պարզ է, աւե­լի բաց ու ռիս­կա­յին: Թէ Վրաս­տա­նի կամ Ուք­րան­իոյ մէջ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւնը ցոյց տուաւ որ պար­բե­րա­բար կրնայ իշ­խա­նա­փո­խու­թիւն առա­ջաց­նել, ապա նա­եւ փաստ է, որ այդ իշ­խա­նա­փո­խու­թիւնը խոր­քին մէջ մե­նաշ­նորհ­եալ դա­սա­կար­գին շա­հե­րուն սպառ­նա­լիք չե­ղաւ, այ­սինքն` չա­ռաջ­նոր­դեց պե­տու­թեան դե­րի ար­մա­տա­կան բա­րե­փոխ­ման:

Հոս է, ահա­ւա­սիկ, ամէն “գու­նա­ւոր յե­ղա­փո­խու­թիւն­ներ“ու մեծ խաբ­կան­քը. այն­քան ատեն որ յե­ղա­փո­խու­թեան հե­տա­մուտ քա­ղա­քա­կան վեր­լու­ծու­մը կ՛ան­տե­սէ պարզ իրա­կա­նու­թիւն մը ընդ որում դրա­մա­տի­րու­թիւնն ու ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւնը ան­պայ­մա­նօ­րէն բնա­կան փոխ-լրա­ցու­ցիչ տնտե­սա­կան ու քա­ղա­քա­կան հա­մա­կար­գեր չեն, ժո­ղովր­դա­յին զանգ­ուած­նե­րու զօ­րա­շարժ պի­տի առա­ջաց­նէ բայց հա­մա­կար­գա­յին իշ­խա­նա­փո­խու­թիւն պի­տի ձա­խո­ղի իրա­կա­նաց­նել: Խոր­քին մէջ, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան օրի­նա­կա­նու­թիւնը ընտ­րա­կան հա­մա­կար­գէն աւե­լի է, եթէ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեամբ կը հասկ­նանք քա­ղա­քա­ցի­նե­րու կամ­քի ան­կաշ­կանդ ար­տա­յայ­տու­թիւնը, անոնց ու­ժե­ղա­ցու­մը որ­պէս ե՛ւ մարդ-ան­հատ, ե՛ւ հա­սա­րա­կու­թիւն: Տե­սա­կա­նօ­րէն այս կը նշա­նա­կէ, որ ազա­տա­կա­նու­թեան դա­ւա­նած պա­տե­հու­թիւն­նե­րու ազատ այ­լընտ­րան­քի ապա­հով­ման սկզբուն­քը առն­ուազն ան­կա­տար է եթէ կեն­ցա­ղա­յին պայ­ման­նե­րը քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն թոյլ չեն ազատ ընտ­րու­թիւն կա­տա­րել, որով­հե­տեւ նախ եւ առաջ մտա­հոգ են իրենց եւ իրենց ըն­տա­նիք­նե­րու հա­ցի խնդրով: Այլ խօս­քով, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւնը օրի­նա­կան չի կրնար ըլ­լալ միայն ընտ­րա­կան հա­մա­կար­գի իրա­ւա­կա­նու­թեամբ, այլ` միայն ու միայն երբ կը ձգտի հարս­տու­թեան ար­դար վե­րա­բաշ­խու­մի ձգտող քա­ղա­քա­կան իշ­խա­նա­կա­ռոյ­ցի առա­ջաց­ման:

Ահա թէ ին­չո՛ւ Ապ­րիլ 9-ին նա­խա­գա­հա­կան երկ­րորդ հնգամ­եա­կի երդ­ման արա­րո­ղու­թիւն տուած Սերժ Սարգս­եա­նի գլխա­ւո­րած իշ­խա­նա­կար­գը, թէ­կուզ եւ ապա­հո­ված իր ընտ­րա­կան յաղ­թա­նա­կի իրա­ւա­կա­նու­թիւնը ըստ քու­է­ար­կու­թեան ձե­ւա­կա­նու­թեան, դէմ յան­դի­ման պի­տի գայ իր օրի­նա­կա­նու­թիւնը խնդրոյ առար­կայ դարձ­նող ժո­ղովր­դա­յին զօ­րա­շար­ժի: Այդ զօ­րա­շար­ժի տե­սա­նե­լի երե­սը, ղե­կա­վար ան­ձը, ան­կաս­կած Ռաֆ­ֆի Յով­հան­նէս­եանն է, ան որ Փետր­ուար 20-ին մեր­ժեց տե­ղի տալ, հար­ցա­կա­նի տակ դրաւ ընտ­րու­թեանց օրի­նա­կա­նու­թիւնը եւ իրեն հա­ւա­տա­ցին: Բայց, բա­րե­բախ­տա­բար, Ռաֆ­ֆի Յով­հան­նէս­եա­նը առան­ձին չու­զեց մնալ եւ չմնաց: Անոր մի­ա­ցաւ բո­լոր ընդ­դի­մու­թիւնը: Ժո­ղովր­դա­յին զօ­րա­շար­ժը, որ շրջան­ցեց Մարտ մէկ­եան թա­կար­դը, Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու մէկ­տե­ղու­մով ըն­թացք տուաւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան վա­ւե­րա­կան եւ ոչ միայն ձե­ւա­կան-իրա­ւա­կան օրի­նա­կա­նու­թեան իւ­րա­յա­տուկ եր­կուն­քի մը, որ Ապ­րիլ 9-էն յե­տոյ շա­րու­նակ­ուե­լու երաշ­խիք կու տայ:

Ճիշդ է, ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րը տա­կա­ւին ինք­նաքն­նա­դա­տու­թեան մը պար­տա­ւո­րու­թիւնն ու պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւնը ու­նին: Չկա­րո­ղա­ցան մէկ ծրագ­րի մը շուրջ հա­մախմբ­ուիլ, չյա­ջո­ղե­ցան կո­ա­լիցի­ոն ընդ­դի­մու­թիւն մը առա­ջաց­նել եւ ար­մա­տա­կան այ­լընտ­րան­քի փաս­տը տալ քայլ առ քայլ Երե­ւա­նի աւա­գանիի ընտ­րու­թիւն­նե­րուն մի­աս­նա­կան ցան­կով ներ­կա­յա­նա­լէն մին­չեւ Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի նա­խա­ժամ­կէ­տա­յին ընտ­րու­թիւն­նե­րու պար­տա­ւո­րում: Երե­ւի ամ­բող­ջա­կան իշ­խա­նու­թիւնը վերց­նե­լու ամ­պից­ի­ան թոյլ չտուաւ գի­տակ­ցիլ որ անհ­րա­ժեշտ է իշ­խա­նա­կար­գա­յին կա­ռոյ­ցը ներ­քե­ւէն քան­դել, քա­ղա­քա­կան լծակ­նե­րու ձեռք­բե­րու­մով քայլ առ քայլ ապա­մե­նաշ­նոր­հել եւ, զու­գա­հե­ռա­բար, ըն­կե­րա-տնտե­սա­կան այ­լընտ­րան­քա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան իրա­կա­նաց­ման կա­րե­լիու­թեան փաս­տը տալ: Բայց վնաս չու­նի, սխալ­նե­րէն ալ դաս կը քաղ­ուի: Կա­րե­ւո­րը այն է որ ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րը ժո­ղովր­դա­յին զօ­րա­շար­ժի շա­րու­նակ­ման յանձ­նա­ռու մնան:

Ար­դէն ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րուն այ­լընտ­րանք չկայ: Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վէն ներս անոնք փոք­րա­մաս­նու­թիւն են եւ որ­քան ալ որ նա­խա­ձեռ­նող ըլ­լան, մէկ է` իշ­խա­նա­կար­գի հե­տե­ւորդ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը, կու­սակ­ցա­կան ըլ­լան անոնք թէ իրենց աթոռ­նե­րը գնած պիզ­նէս­մէն­ներ, ներ­կա­նե­րու եւ ատե­նը մէյ մը նա­եւ բա­ցա­կա­նե­րու կո­ճակ­նե­րը սեղ­մե­լով շէ­ֆին կամ շէ­ֆե­րուն ըսա­ծէն ան­դին պի­տի չեր­թան: Ան­պատ­ժե­լիու­թեան գի­տակ­ցու­թե­նէն ծնած իրենց ան­պատ­կա­ռու­թիւնը այն­քա­նին հա­սած է որ խնդիր չու­նին թէ­կուզ եւ նկա­րա­հան­ուիլ ու պատ­կե­րասփռ­ուիլ կո­ճակ­նե­րու սեղ­մու­մի իրենց խա­ղին մէջ: Աւե­լի՛ն, ինչ­պէս Ապ­րիլ 9-ի նա­խօր­եա­կին Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի մէջ Ժա­ռան­գու­թեան պատ­գա­մա­ւո­րու­հի Զա­րու­հի Փոս­տանջ­եա­նի հետ պա­տա­հած մի­ջա­դէ­պը, ընդ որում Ժո­ղո­վի փոխ-նա­խա­գահ Հան­րա­պե­տա­կան Էդ­ուարդ Շար­մա­զա­նո­վը եր­կու առի­թով թոյլ չտուաւ պատ­գա­մա­ւո­րուհի­ին եւ Նի­կոլ Փա­շին­եա­նին ար­տա­յայտ­ուիլ հրա­հան­գե­լով որ ան­ջա­տեն խօ­սա­փո­ղը, կը յու­շէ Սերժ Սարգս­եա­նի վե­րընտ­րու­թիւնը իր հե­տե­ւորդ­նե­րը աւե­լի ակ­րե­սիւ դարձ­նե­լու նա­խան­շան­ներ ցոյց կու տայ: Այլ խօս­քով‘ իշ­խա­նու­թիւնը բա­ցար­ձակ իշ­խա­նու­թիւն ըլ­լա­լու փոր­ձու­թեան առաջ կե­ցած է: Ժո­ղովր­դա­յին զօ­րա­շար­ժով ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան վա­ւե­րա­կան օրի­նա­կա­նու­թիւն տա­լու յանձ­նա­ռու­թիւնն ու ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թեան վրայ հիմն­ուած հա­մա­կարգ մը կա­ռու­ցե­լու նպա­տա­կը մի­ակ մի­ջոցն է զսպե­լու դրա­մա­տէր իշ­խա­նա­կար­գի բա­ցար­ձա­կա­պե­տա­կան ձգտու­մը:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles