ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ ՏԻՏՂՈՍ

0 0
Read Time:40 Second


Նոյեմբեր 22, 2018 թուակիր կոնդակով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. թեմիս նորընտիր առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան եպս. Դանիէլեանին շնորհած է արքութեան տիտղոսը։ Կոնդակին մէջ, Վեհափառ Տէրը մասնաւորապէս գրած է.

Մօտէն հետեւած ենք թեմէն ներս երկար տարիներու Ձեր գործունէութեան, որպէս Առաջնորդական Փոխանորդ եւ Միջ-եկեղեցական յարաբերութեան պատասխանատու, եւ Ձեր մէջ տեսած՝ մեր եկեղեցւոյ ու Ս. Աթոռին հաւատարիմ ու նուիրեալ միաբանը։
Արդ, առ ի գնահատութիւն անցնող տարիներու Ձեր նուիրեալ ծառայութեան եւ որպէս քաջալերանք Ձեր կեանքին առջեւ բացուող նորանոր ծառայութեանց, այսու Հայրապետական Կոնդակաւ Ձեզի կը շնորհենք ԱՐՔՈՒԹԵԱՆ պատիւ եւ տիտղոս։
Վստահ ենք որ Ձեզի տրուած այս տիտղոսը նոր մղում պիտի հանդիսանայ՝ վերանորոգ հաւատքով եւ ամբողջական նուիրումով կատարելու Ձեզի վստահուած առաքելութիւնը մեր Սուրբ Աթոռի ծառայութեան դաշտէն ներս“։
Կիրակի, Դեկտեմբեր 2-ի տօնակատարութիւնը, այսպիսով, դարձաւ առաջնորդական ընտրութեան եւ աստիճանի բարձրացման կրկնակի տօնախմբութիւն։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles