Լուսանկարիչ Իննա Մխիթարեանի ոսպնեակի ետին
Կեղծիք ու անարգանք է, ձայնագրութեան ուղեկցութեամբ երգելը:
Տարիներ շարունակ, հանդիսատեսը վճարելով պատկառելի գումար‘ համերգասրահէն կը հեռանայ խաբուած: Աւելին, հանդիսատեսը կը վճարէ նոյնքան սուղ գումար, որքան իսկական համոյթ մը:
Այսպէս, Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանի մտահոգութիւնը բաժնելով, մշակոյթի նախարարութիւնը արգիլեց պետական հսկողութեան տակ գտնուող սրահներու ձայնագրութեան ուղեկցութեամբ երգելը:
Յետայսու, Հայաստանի պետական լաւագոյն բեմահարթակներու վրայ միայն »բերան բացողփակող« կեղծաւոր երգիչները պիտի փոխարինուին իսկական երգիչներով: