
ԼԻԶՊՈՆ.- “Գալուստ Կիւլպէնկեան“ Հայկական Համայնքներու Բաժինը, յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, կը տեղեկացնէ թէ Անի Կարմիրեան նշա
նակուած է արեւմտահայերէնի տարածման պատասխանատու:
Ան Սեպտեմբեր 1-ին պիտի միանայ “Գալուստ Կիւլպէնկեան“ Հիմնարկութեան անձնակազմին, ինչ որ Հիմնարկութեան թոյլ պիտի տայ օգտուիլ իր բազմամեայ փորձառութենէն՝ բազմալեզու կրթութեան բնագաւառէն ներս, ինչպէս նաեւ իր մանկավարժական նորարար մօտեցումներէն։ Տիկին Կարմիրեան հեղինակ է բազմաթիւ յօդուածներու, նուիրուած՝ կրթութեան ընդմէջէն
լեզուներու պահպանութեան հարցին, ինչպէս՝ արեւմտահայերէնի, ոլորտ մը որմէ ներս ան փնտռուած դասախօս է։ “Մեզի համար առաւելութիւն մըն է Տիկին Կարմիրեանի ընդգրկումը մեր անձնակազմին մէջ”,-
յայտնեց Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժնի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան:
Իսկ Հայկական Համայնքներու Բաժնի ընդհանուր վարիչ Մարթէն Եսայեան այս առթիւ ըսւա.- “Այս նշանակումը կարեւոր հանգրուան մը կը հանդիսանայ Բաժնիս առաքելութեան մէջ, որ հայ ժողովուրդի լեզուին եւ մշակոյթին պաշտպանութեան եւ արժեւորման համար պատշաճ պայմաններ ստեղծելն է”։
Անի Կարմիրեան բնիկ Պոլսեցի է։ Ա իր երկրորդական ուսումը ստացած
է Պոլսոյ մէջ։ Ապա, ան ապրած է Իտալիոյ, Գերմանիոյ, Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ։
Լեզուաբանութեան եւ մանկավարժութեան մագիստրոս է, զոր ստացած է Հայտէլպերկի (Գերմանիա) համալսարանէն, ուր նաեւ աշխատած է երկրորդ լեզուի մը իւրացման շուրջ հետազօտութիւններ կատարող խումբի մը մէջ։ Ունի նաեւ երկրորդ մագիստրական մը, կրթական ղեկավարութեան բնագաւառէն ներս, որ ստացած է Նիւ Եորքի Պէնք Սթրիթ Գոլէճէն:
Անի Կարմիրեան նաեւ հիմնադիրն է Փարիզի “Մկնիկ“ երկլեզւու կրթութեան ֆրանսեւհայկական աշխատանոցին, ինչպէս նաեւ 1994-էն դասաւանդած է հայերէնի ուսուցողութիւն Փարիզի Արեւելեան Լեզուներու եւ Մշակոյթներու Ազգային Հիմնարկին (INALCO) մէջ։ 1997-էն սկսեալ, երկար տարիներ պաշտօնավարած է նաեւ Նիւ Ճըրզիի “Յովնանեան“ վարժարանին
մէջ, նախ որպէս հայ լեզուի դասաժամերու համակարգող, ապա՝ 2000-էն սկսեալ, որպէս հաստատութեան տնօրէնուհին։ Հեղինակ է երկլեզութեան վերաբերող զանազան խնդիրներու նուիրուած բազմաթիւ յօդուածներու։