ԱՅՍՕՐՈՒԱՅ ԴԷՊՔԵՐՈՒ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ.- ԷՋԵՐ ՀԱԼԷՊԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԾՆՆԴՈՑԷՆ…

0 0
Read Time:6 Minute, 41 Second


 Հայ Սփիւռքի ամենաաշխոյժ գաղութներէն մին հանդիսացող Սուրիահայութեան իսկական մայրաքաղաքը շէնցնող Հալէպահայութիւնը, այսօր դէմ առ դէմ ամբողջ արաբական աշխարհը սարսող ընկերային ու հասարակական վերիվայրումներուն վերջին արարին, սուրիական յեղաշրման արիւնալի բախումներուն — եւ անոնցմէ յառաջացող օր ըստ  օրէ  բազմապատկուող դժուարութիւններուն — այսօր կարիքը ունի հայրենի իշխանութիւններուն եւ սփիւռքեան մեր կառոյցներուն օժանդակութեան` կարենալ պահելու եւ պահպանելու այն ինչ որ վերակառուցեր էր հայու ուշիմութեամբ, համբերութեամբ ու քրտինքով, Մեծ Եղեռնի վաղորդայնին:  
Հայոց դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը կանխամտածուած ոճիր էր իր բոլո՛ր երեսներով ու ժամանակագրական ինքնուրոյն կարգով: Մինչեւ 1915-ի յուլիս ամսու վերջերը, Հալէպի նահանգին մէջ չէր գործադրուած աքսորի հրամանը, սակայն նոյն տարուայ Յուլիս 30-էն ետք, հո՛ն եւս հայութիւնը կ՛ենթարկուէր Եղեռնի դառն ճակատագրին:

1915-ի Օգոստոսին, Հալէպ կը հասնէին արեւելեան նահանգներու հայութեան բեկորները եւ 1916-ին, աւելի քան 350.000 հայեր հանգրուանած էին Հալէպ, եւ կարճ ժամանակ մնալէ ետք, խումբ առ խումբ, կը քշուէին դէպի անապատ: 1915 Սեպտեմբեր 26-ին, Թալէաթ փաշան, հեռագրով ուղարկուած հրամանագիրով մը խստօրէն արգիլած էր որբանոց հաստատել Հալէպի մէջ:

Քաղաքին խաներուն եւ փողոցներուն մէջ կուտակուած էին այլազան գաւառներէ քշուած, բազմահազար, անօթութեան եւ հիւանդութիւններու ճիրաններուն մէջ գալարուող հայ  կիներ, ծերունիներ ու մանուկներ որոնք ամէն օր հարիւրներով կը մահանային: Հալէպէն ետք, հարաւային Սուրիոյ մէջ, կարաւաններու գլխաւոր հանգրուան կը հանդիսանար Դամասկոսը` իր արուարձաններով:  Այս երկու քաղաքներէն դուրս բերուող կարաւանները կը քշուէին դէպի փոքր աքսորակայններ, որոնք կը գտնուէին սուրիական անապատին մերձակայ վայրերու մէջ — Մեսքենէ, Տէր Զօր, Ռաս Էլ Այն, Ինթիլլի, Ռագգա, Ճարապլուս, ուրկէ այլեւս վերադարձ չկար:

1918 թուի Նոյեմբերի զինադադարէն ետք, Հալէպ հաւաքավայրը դարձած էր բոլո՛ր այն վերապրողներուն, որոնք 1915-էն ետք աքսորուած էին դէպի Տէր Զօր, Մուսուլ եւ Դամասկոս, թշուառ եւ անօգնական վիճակի մէջ:

Անգլիացիներու կողմէ Հալէպի գրաւումով, Տէր Զօրէն ու շրջակայքէն եկող տարաբախտ գաղթականներու հոծ թիւ մը աւելի՛ եւս խտացուցած էր թշուառներու շարքերը: Շնորհիւ ամերիկեան եւ անգլիական պատսպարաններու, գաղթականներուն մեծամասնութիւնը պարենաւորուած էր:  Այսուհանդերձ, անգործութեան ու թշուառութեան հետեւանքով, հիւանդութիւնները ծայրայեղօրէն խիստ էին եղած: Այս բոլորին վրայ կուգար աւելնալու անպատսպար վիճակը Հայկական լէգէոնէն արձակուած կամաւորներու եւ  գաղթական­ներու, որոնք անգործ կը թափառէին եւ օգնութիւն կ՛ակընկալէին Ազգ. իշխանութիւններէն“ որոնք իրենց կարելին ի գործ էին դրած բոլորի՛ն, անխտի՛ր օգնութիւն հասցնելու, սակայն կարիքը անսահման էր, իսկ միջոցները` սահմանափակ:

Ի տես այս համատարած թշուառութեան, խումբ մը սրտցաւ ազգայիններ, Սեպտեմբեր 2.1919-ին կը որոշեն հաւաքուիլ եւ հիմնել “Հայ Կարմիր Խաչ“-ի մասնաճիւղ մը Հալէպի մէջ, նիւթապէ՛ս թէ բարոյապէ՛ս կարենալ օգնելու համար թշուառ ու հիւանդ վերապրողներուն, միաժամանակ ջանալով գործ հայթայթել անգործներուն: Առաջին ժողովին իսկ, որ քառասուն մասնակիցներով տեղի կ՛ունենար նոյն ամսոյն 4-ին, կ՛ընտրուէր առժամեայ վարչութիւն մը:

1919 թուի սկիզբները Անգլիա տէր դարձած էր ամբողջ Պաղեստինի, Միջագետքի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի տարածքներուն: Սակայն, ի վերջոյ քաշուելով որոշ շրջաններէ, Սուրիոյ եւ Կիլիկիոյ  քաղաքական ճակատագիրը կը յանձնէր Ֆրանսայի:

Ֆրանսական իշխանութեանց կողմէ Կիլիկիոյ գրաւումը կը քաջալերէր Միջագետքի եւ Սուրիոյ անապատներուն մէջ տարագրուած հայութեան մնացորդացը, որ վերադառնան Կիլիկիա եւ վերաշինեն իրենց մոխրակոյտի վերածուած ընտանեկան օճախները: Երկարատեւ դարերու ստրկութենէ ետք, հայութիւնը առաջին անգամն էր որ կ՛ողջունէր եւրոպական պետութեան մը հովանին ու պաշտպանութիւնը, գէթ ժամանակաւորապէս:

Այսպիսով, Ֆրանսական “Խնամատար Հայոց“ կոչուած ներգաղթի գրասենեակին ջանքերով, մեծ թիւով հայեր — որոնց մէջ նաեւ շատ մը Հ.Կ. Խաչի անդամներ — կ՛ուղղուին դէպի Կիլիկիա, ինչ որ կը թուլացնէ թէ՛ կազմը եւ թէ՛ կազմի գործունէութիւնը: Կը ստեղծուի մի քանի ամիս տեւողութեամբ անորոշ վիճակ մը, որուն ընթացքին, Միութիւնը կը ձեռնարկէ աշխատանքի տուն մը բանալու անգործ մարդոց եւ մանաւա՛նդ լքուած կամաւոր զինուորներուն գործ հայթայթելու համար: Այդ առաջադրանքէն մեկնելով, կը դիմէ բոլոր հաստատութիւններուն եւ ընկերութիւններուն, որ աշխատաւորի պէտք ունեցած ժամանակ դիմեն Հ.Կ.Խ.-ի վարչութեան: Սակայն, դէպի Կիլիկիա արտագաղթի բուռն հոսանքը կ՛արգիլէ այս եւ այլ ձեռնարկներու իրականացումը:

Հալէպ մնացողները կը գտնուին տխուր իրականութեան առջեւ. հարկ էր աշխատանքի լծուիլ. ա՛յդ էր օրուայ հրամայականը`  որուն գիտակից քանի մը անձնուէր անդամներու ջանքերով, 1919 Դեկտեմբեր 1-ին կը վերակազմուի վարչութիւնը 11 երկսեռ անդամներով:

Նորակազմ մարմինը, նորագիր ուժերով զօրացած, կեդրոնէն  հասած նոր կանոնագրերու եւ հրահանգներու ուղղութեամբ, եռանդով եւ անձնուիրութեամբ գործի կը սկսի – մասնաճիւղին հասոյթի հիմնական աղբիւրները կՙըլլան անդամական տուրքերը, լսարաններու եւ պարահանդէսներու հասոյթը, լանջասեղներու վաճառքը եւ այլազան առիթներով եղած նուիրատւութիւնները:

Հ.Կ.

Խաչի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութիւնը պոլսահայ թերթերէն իմանալով հայ զինուորներու անմխիթար վիճակի մասին, անոնց օգնութեան կոչին ի պատասխան, կը որոշէ իր դրամագլուխին  90%-ը  տրամադրել այդ նպատակին եւ կը ձեռնարկէ  հանգանակութեան մը` Հայ Ազգային Միութեան եւ Ազգ. իշխանութիւններուն հովանաւորութեամբ: Միաժամանակ, 28 մարտ 1920 թուակիր նամակով  մը կը տեղեկացնէ Կ. Պոլսոյ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ` դեսպան Թահթաճեանին` օրուայ կացութեան մանրամասնութիւնները:

Հ. Կ. Խաչը հալէպահայութեան բազմապահանջ պէտքերուն գոհացում տուող հաստատութիւններէն մին ըլլալով, վարչութեան հիմնական նպատակներէն մէկը եղած է դարմանատուն մը հաստատելու ծրագիրը, սակայն պիւտճէի անբաւարար մակարդակը հնարաւոր չէր դարձուցած այդ գաղափարին անմիջական իրագործումը:  Աւելի ուշ, վարչութիւնը պիտի իրականացնէր յարմար դարմանատուն մը, ուր պիտի բուժուէին անհամար անտէր ու անօգնական մնացած հիւանդներ:

1919-ի վերջաւորութեան եւ 1920-ի. սկիզբը, ամերիկեան հիւանդանոցներու եւ դարմանատուներու գոցուելուն հետեւանքով, կը բազմանայ հիւանդներու թիւը, առաւել եւս ծանրաբեռնելով Հ. Կ. Խաչը,  որ ամէն ճիգ կը թափէ հասնելու հիւանդներուն բազմազան կարիքներուն: Վարչութեան հիմնական առաջադրանքներէն էր նաեւ անգործներու օգնութիւն ցուցաբերելը: Հ. Կ. Խաչի վարչութիւնը, 16 Յուլիս 1920. թուակիր նամակով մը պատասխանելէ ետք Հայ Ազգային Միութեան հարցումներուն,  կը յայտնէ իր գործունէութեան ծրագիրը. ըստ որու, կը ծրագրէր հաստատել աշխատանքի տուն մը` անգործներուն զբաղում հայթայթելու նպատակաւ, նոյնատեն յառաջիկայի համար նկատի առնելով երկու գործնական միջոց`  որոնց տրամադրելի գումար կը նախատեսուէր 200 ոսկի.- 1) գուլպաներ արտադրող հիսուածեղէնի աշխատանոց մը. 2)` արդուկարարի խանութ մը:  Միաժամանակ, մինչեւ ծրագրին իրագործումը, Հ.Կ.Խ.-ը նիւթապէս կ՛օգնէր արձակուած զինուորներուն եւ, իր միջոցներով, անոնց կը հայթայթէր ճերմակեղէն եւ հագուստեղէն:

Հ.Կ. Խաչի վարչութիւնը մտերիմ յարաբերութիւններ մշակած է զանազան բարեսիրական հաստատութիւններու հետ, որոնցմէ նաեւ ստացած է նիւթական օժանդակութիւն: Սեպտեմբեր  22, 1919-ին, Ազգ. Ներսէսեան վարժարանի սանուհիներէն կազմուած “Դեռատի Օրիորդաց Պսակ“ միութիւնը ծրագիրներ մշակած էր հայ որբուհիներուն օժանդակելու, եւ նկատելով որ իրենց ձեռնարկը յար եւ  նման էր Հ.Կ. Խաչի ծրագիրներուն, կը փափաքի միանալ անոր եւ վայելել այդ միութեան հովանաւորութիւնը: Հետագային, որպէս “Հայ Օրիորդաց Միութիւն“, կը դառնայ Ազգային Առաջնորդարանին ենթակայ  եւ որոշ ժամանակ կը ստանձնէ Ազգ. Պատսպարանի ղեկավարումն ու մատակարարումը` մինչեւ 1928 թուականը: Բացի վերոյիշեալ Օրիորդաց միութենէն, Հ.Կ. Խաչի նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւն ցուցաբերած են նաեւ Ամերիկայի նպաստամատոյցը եւ Հայ Աւե­տարանական համայնքը:

Օգոստոս 14, 1921-ին կայացած անդամական ընդհանուր ժողովէ մը ընտրուած նորակազմ վարչութիւնը անմիջապէս կը լծուի Դարմանատան աշխատանքներուն կանոնաւոր ընթացք տալու համար ու կ՛ընէ հարկ եղած կարգադրութիւնները: Մինչեւ 1921 թուականի Սեպտեմբերը, դարմանատան գործը կը կառավարուէր քաղաքին հայ բժիշկներուն կողմէ: Իւրաքանչիւր բժիշկ, իր կարգին, մէ՛կ շաբաթով,  օրական 1-2 ժամ կը ստանձնէր դարմանատան աշխատանքը, որուն փոխարէն կը ստանար անուանական վճարում:

Երբ ֆրանսական զօրագունդերը անսպասելիօրէն կը հեռանան Կիլիկիայէն, 1921-ի Դեկտեմբերին կը սկսի նորանոր ջարդերէ ճողոպրած գաղթականներու հոսք մը ողողել Հալէպ քաղաքը, որուն հետեւանքով, Հ.Կ. Խաչի մասնաճիւղը, համեմատաբար նախորդ շրջանին, կը դրուէր յաւելեա՛լ ծանր պարտաւորութեանց  տակ: Հազարաւո՛ր նոր գաղթականներու Հալէպ ժամանումով, աւելի՛  եւս պիտի խճողուէին հին քէմբերը  եւ պիտի հաս­տատուէին նորերը` բա՛ց երկինքի տակ, շա՛տ աւելի կարօտ բժշկական անմիջական օգնութեան: Օրական հարիւրաւոր հիւանդներ կը լեցուէին դարմանատան մէջ, եւ անոնց դարմանումը կարելի՛ չէր իրականացնել միութեան սահմանափակ միջոցներով:

Այս անել կացութենէն փրկուելու համար, միութիւնը կը դիմէ հանգանակութեան, որուն միջոցաւ կը գոյանայ 75 օսմ. ոսկիի կոկիկ գումար մը`  որով կարելի կ՛ըլլայ 4 ամիսով, քէմբերուն համար բժիշկ մը վարձել. կարելի կ՛ըլլայ նաեւ դարմանատունը օժտել մնայուն դեղագործով մը: 1921թուի վերջերը, դարմանատան կողքին, կը ստեղծուի ակնաբուժական բաժին մը`  ծանօթ հայասէր ամերիկուհի` տիկ. Նորթընի նախաձեռնութեամբ: Այդ օրերուն, դարմանուած հիւանդներու թիւը կը հասնի 606-ի: Հետագային, կ՛աւելցուի նաեւ ատամնաբուժարան մը:

Մօտ չորս տարիներու գոյութենէ մը ետք, 1922-ի աւարտին, Հալէպի Հ. Կ. Խաչի վարչութիւնը, որ մինչ այդ իր հասոյթի համեստ աղբիւրներով ջանացած էր գոհացնել 30-40,000 հոգի հաշուող հայ գաղութի մը կարիքները, ի տես յարաճուն դժուարութիւններու, հարկ կը զգայ դիմելու քոյր կազմակերպութիւններու,որոնք աւելի բախտաւոր եւ լաւ պայմաններու մէջ կը գտնուէին:

Օգոստոս 5, 1923-ին տեղի կ՛ունենայ անդամական ընդհ. ժողով, ուր վարչութիւնը իր պաշտօնավարութեան պայմանաժամը լրացուցած համարելով, հաւաքական հրաժարական կը ներկայացնէ:  Յաջորդական վարչութիւններու տնօրինութեան տակ, միութիւնը կը շարունակէ իր գոյութիւնը մինչեւ Հալէպի Հայ Ազգայի՛ն Կարմիր Խաչի ստեղծումը` որուն, ժամանակ մը ետք, կը միանայ նաեւ Հ.Կ. Խաչը:

1929 թուին, Ամերիկայի Հ. Կ. Խաչի Կեդրոնական վարչութիւնը որոշում կ՛անցնէ  Սուրիոյ տարածքին – ներառեալ Լիբանանը — նոր մասնաճիւղեր կազմակերպելու: Տարի մը ետք,  Լիբանանի կազմի շրջանային իրավիճակ ստանալէն ետք, կը հաստատուի Սուրիո՛յ Հայ Գթութեան Խաչը` որ մինչեւ օրս կը հանդիսանար Հայ Օգնութեան Միութեան ամենափայլուն

ստղերէն մին:

Հայ Օգնութեան Միութեան Տեղեկատւութեանց Կեդրոնական Գրասենեակ

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles