
Ա.Ա.
Թրքախօս պետութիւններու Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան վեհաժողովը, որ կայացաւ Թուրքմենիստանի մայրաքաղաք Աշխապատի մէջ, բնականաբար Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն բանեցուցած ճնշումներուն իբրեւ արդիւնք, եզրափակիչ իր հռչակագրին մէջ տեղ տուաւ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին, որ ըստ Աշխապատի վեհաժողովին մասնակիցներուն, պիտի ըլլայ արեւելք- արեւմուտք եւ հիւսիս- հարաւ կապերու եւ հաղորդակցութիւններու իտէալական ուղի մը, որմէ մեծապէս պիտի օգտուին նաեւ Կեդրոնական Ասիոյ հինգ հանրապետութիւնները՝ Ղազախստան, Թուրքմենիստան, Խըրխըզիստան, Տաճիկիստան եւ Ուզպեքիստան։
Աշխապատէն արձակուած այս հռչակագրին բովանդակութիւնը խորքին մէջ նորութիւն մը չէ, ինչ կը վերաբերի թրքական ճակատին կողմէ Զանգեզուրի Միջանցք անուանուած փոխադրութեան ուղիին, որ Նախիջեւանի ինքնավար մարզը Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններուն պիտի կապէ՝ վերաբանալով նախկին խորհրդային երկաթուղին եւ կառուցելով նոր մայրուղի մը։Թուրքիա եւ Ատրպէյճան վերջին ամիսներուն քարոզչական լայնածիր աշխատանքի լծուած են՝ «Զանգեզուրի Միջանցք» տրամաբանութիւնը կեանքի կոչելու եւ զայն Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ ամրագրուած Լաչինի Միջանցքին համապատասխան ուղիի մը վերածելու համար։ Նորութիւն մը չէ նաեւ թրքական ճակատին կողմէ միջանցք անուանուած այս ուղիին վերաբերեալ Երեւանի դիրքորոշումը։ Հայկական կողմը առիթ չի փախցներ յայտարարելու, որ չէ քննարկուած եւ պիտի չքննարկուի հայկական տարածքներով Ատրպէյճանի ինքնիշխան միջանցք տրամադրելու խնդիրը, նոյնիսկ եթէ այդ միջանցքը ռուսական ուժերու հսկողութեան տակ պիտի դրուի։ Ըստ Երեւանի իշխանութիւններուն, ընդամէնը խօսքը կը վերաբերի երկաթուղիի եւ մայրուղիի գործարկման, որ ինչպէս Հայաստանի փոխ վարչապետ Մհեր Գրիգորեան քանի մը օր առաջ յայտարարեց, ամբողջութեամբ ենթակայ պիտի ըլլայ հայկական հսկողութեան։ Պէտք չէ մոռնալ, որ նախապէս ալ Ռուսիոյ փոխ վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք Երեւանի մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ իր խորհրդակցութիւններէն ետք յայտարարած էր, որ միջանցքային տրամաբանութեան քննարկում չկայ։
Միւս կողմէ, Մեղրիի վրայով Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ցամաքային կապը վերակենդանացնելու հարցին նկատմամբ թրքական ծրագրերը եւ հետաքրքրութիւնը ակնյայտ է։ Թրքական կողմը արդէն իսկ սկսած է գնահատականներ տալ Նախիջեւանի միջանցքին բացման պարագային թրքական տնտեսութեան ստանալիք օգուտներուն եւ շահերուն։Թուրքիոյ անկախ արդիւնաբերողներու եւ ձեռնակատէրերու ընկերակցութեան ղեկավար Մեհմէտ Հիլմի Քակնըճի յայտարարեց, որ Նախիջեւանի վրայով եւ Մեղրիէն անցնելիք միջանցքին բացումը պիտի դիւրացնէ Թուրքիայէն Ատրպէյճան եւ կեդրոնական Ասիա, Ռուսիա եւ այլ երկիրներ բեռներու փոխադրութիւնը։
Ներկայիս հարաւային կովկասեան փոխադրութեան ուղիներու եւ հաղորդակցութեան միջոցներու վերաբացման հարցը կը գտնուի բուռն քննարկումներու հանգրուանին մէջ եւ յստակ ոչինչ կայ՝ վերաբացուելիք ուղիներու կարգավիճակին, միջհանրապետական մայրուղիներու եւ երկաթուղիի գործարկման վարչական տնօրինման թէ մաքսային օրէնքներու մասին։ Ճիշդ է, որ թէ՛ հայկական եւ թէ՛ ատրպէյճանական կողմերը յայտարարած են, որ ամէն ինչ կրնայ տնօրինուիլ ըստ նախկին Խորհրդային Միութենէն ժառանգուած օրէնքներու եւ կանոններու, սակայն ներկայիս եւ յատկապէս Արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք ստեղծուած են այնպիսի իրավիճակներ եւ կացութիւններ, որոնք օրէնքներու եւ կանոններու վերանայում կը պարտադրեն, որպէսզի յատկապէս Հայաստանի հանրապետութեան պետական շահերը, ազգային ապահովութիւնն ու գերիշխանութիւնը վտանգներու ենթակայ չըլլան։Ասիկա առաւել կը շեշտուի, եթէ ի մտի ունենանք տասներկու մայիսէն ի վեր հայկական տարածքներ գրաւած ատրպէյճանական զօրամիաւորումներուն ոտնձգութիւններուն նկատմամբ թէ՛ Ռուսիոյ, թէ՛ Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան եւ թէ՛ Հաւաքական Ապահովութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան որդեգրած դիրքորոշումները եւ քաղաքականութիւնը, որոնք բնաւ լաւատեսութիւն չեն ներշնչեր։
Հայկական կողմը յստակ է, որ չի կրնար կանխարգիլել Հայաստանի հարաւէն անցնելիք եւ Նախիջեւանն ու Ատրպէյճանը իրարու կապելու կոչուած փոխադրութեան եւ հաղորդակցութեան ցամաքային միջոցներու վերաբացումը։ Ամբողջ հարցը կը վերաբերի այդ ուղիներուն վերահսկողութեան խնդրին։ Ի վերջոյ ինչպիսի կարգավիճակ պիտի ստանայ մեղրիի անցքը։ Իբրեւ միջանցք թէ փոխադրութեան սովորական ուղի մը պիտի գործէ։Որու՞ վերահսկողութեան տակ պիտի երկաթուղին եւ մայրուղին։ Թուրքերը համաձայն պիտի ըլլա՞ն, որ Թուրքիայէն Ատրպէյճան փոխադրուելիք բեռները ստուգուին հայ մաքսայինններուն կողմէ, թէ՞ պիտի ստանան առանց ստուգումներու ապրանքներու փոխադրութիւն կատարելու բացառիկ իրաւունք մը, թէկուզ եթէ նոյնիսկ մայրուղին եւ երկաթուղին հայկական վերահսկողութեան ներքեւ ըլլան։ Ասոնք հարցեր են, որոնց պատասխաններուն վերաբերեալ Երեւանի իշխանութիւններուն կատարած յայտարարութիւնները գէթ այս հանգրուանին բնաւ յստակ չեն։ Այս իմաստով ալ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի փոխ վարչապետերուն Մոսկուայի հանդիպումը ոչինչ կրցաւ իրագործել եւ Հայաստանի Ապահովութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան ստեղծուած անել իրավիճակին պատասխանատուն համարեց Ատրպէյճանը, թէ շինիչ կեցուածք դրսեւորելու քաղաքական կամք չունի։ Մինչ այդ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նախ կը յայտարարէր,որ միջանցքի տրամաբանութիւն չի քննարկուիր, ապա կ՛աւելցնէր, որ հայկական կողմը դէմ չէ Հայաստանի տարածքով թրքական կողմին փոխադրութեան ուղի տրամադրելու ընտրանքին։ Բայց հարցը ասիկա չէ։Խնդիրը կը վերաբերի այդ ուղիին վերահսկողութեան։Ատրպէյճան յաղթական դուրս եկաւ Արցախեան երկրորդ պատերազմէն եւ իբրեւ յաղթող կողմ շարունակ կը խօսի իր պահանջներուն եւ պայմաններուն մասին, որոնք պէտք է գործադրուին։
Նման բաւական բարդ իրավիճակի մէջ, Ռուսիա գետնի վրայ իբրեւ հակակշռող եւ զսպիչ ուժ կը գործէ։ Այլ խօսքով՝ ամէն ինչ կախեալ է Ռուսիոյ քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական շահերէն։Հարաւային կովկասեան փոխադրութեան ուղիներու եւ հաղորդակցութեան այլ միջոցներու վերաբացման խնդիրն ալ ռուսերուն համար բացառիկ խաղաքարտ մըն է, որ բնաւ իր ուժը պիտի չկորսնցէ։
Ամէն ինչ ռուսերէն կախեալ է։