
Պարպարա Յարութիւնեան
(թարգմանաբար)
Ամերիկայի Հայ Մշակութային Միութեան կազմակերպած 21-րդ տարեկան նաւապտոյտին ազդանշանը տրուեցաւ Յունուար 20-ին, Ֆորթ Լօտըրտէյլի նաւահանգիստէն: Աւելի քան հայորդիներ, բարձրացան «Ռոյըլ Քարիպիըն» ընկերութեան «Ֆրիտըմ աֆ տը Սիզ» շքեղ զբօսանաւը, որ օժտուած է արդի սարքաւորումներով:
Մասնակցող հայորդիները ժամանած էին զանազան երկիրներէ` Աւստրալիա, Արժանթին, Պրազիլ, Վենեզուելա, Թուրքիա, Գանատա, Անգլիա, Ֆրանսա, Գերմանիա, Լիբանան, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու զանազան նահանգներէն:
Այս տարի, մասնակցողները այցելեցին Սէնթ Քիթս, Անթիկկուա, Փորթօ Ռիքօ եւ Լապատի: Տարբեր կղզիներ, որոնք մեծ տպաւորութիւն ձգեցին: Պրազիլէն իր մասնակցութիւնը կը բերէր տեղւոյն Էջմիածնական թեմի Առաջնորդ՝ Նարեկ Պէրպէրեանը:
Առաջին երեկոն բարի գալուստի ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ Մարիա Դաւիթեանի եւ Մարկօ Քաֆթաճեանի ներկայութեամբ, որուն ընթացքին յանձնախումբի անդամները խօսեցան յառաջիկայ օրերու ձեռնարկներու մասին:
Տոհմիկ պարի սիրահարներուն համար, Մարկօ Քաֆթաճեան յատուկ դասընթացքներ կազմակերպած էր: Իսկ նարտի խաղի եւ պլօթ թղթախաղի սիրահարներուն համար, կազմակերպուեցան յատուկ մրշաշարքեր, կազմակերպութեամբ Անդրանիկ Պուտագեանի, Ճոն Ճերիքեանի եւ Համբար Վարդանեանի:
Յատուկ սեղան մը դասաւորուած էր, ուր Մարօ Ասթուրեան յաւելեալ տեղեկութիւններ կը փոխանցէր յառաջիկայ տարեշրջանի նաւապտոյտին մասին,, նաեւ Ամերիկայի Հայ Մշակութային Միութեան կազմակերպած մէկ այլ ձեռնարկին՝ Այցելութիւն Հայաստան եւ Արցախ, յառաջիկայ Մայիս 21-էն Յունիս 4, Մայիսեան Ա. Անկախութեան առթիւ:
«Հայրենիք»ի գրատունը, իր կարգին ներկայ էր տրամադրելով գիրքեր, խտասալիկներ, ձայնապնակներ եւ նուէրներ եւ մասնակցողներուն առիթ կ՛ընծայուէր կատարելու գնումներ:
Ճոխ էր գեղարուեստական յայտագիրը: Մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց յատկապէս Յարութ Փամպուքճեանը, որ շաբթուան մը ընթացքին տեւող այս նաւապտոյտին, երեք անգամ ելոյթ ունեցաւ: Պոլիսէն ժամանած Սիպիլ, երկու անգամ ելոյթ ունեցաւ: Իսկ «Օլ Սթար Քէֆ Պենտ»-ը (Ճիմ Գիզիրեանՙ Սթիւ Ոսպիկեան, Ռիչըրտ Պէրպէրեան, Անդրանիկ Գիզիրեան եւ Վիգ Մոմճեան), իրենց կողքին ունենալով Յարութ Պետրոսեանը յաւելեալ խանդավառութիւն ստեղծեցին:
Նիւ Ճըրզիի »Ախթամար» պարախումբը, յանձին պարուսոյց Սիլվա Ասատուրեանի մեծ տպաւորութիւն ձգեց:
Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, տեղի ունեցաւ հաւաք մը, կազմակերպութեամբ բժշկական-ատամնաբուժական-առողջապահական բնագաւառէն ներս մասնագիտացած բժիշկներու: Դասախօսութիւններ կատարուեցան զանազան մասնագէտ բժիշկներու կողմէ, որոնց կարգին՝ Րաֆֆի Յովհաննէսեան (հիմնարկի պատասխանատու), Ճոն Պիլեզիքեան եւ Մարիա Դաւիթեան:
Չորեքշաբթի երեկոյեան տեղի ունեցաւ յատուկ հայկական երեկոն եւ հիւրասիրութիւն, նաւապտոյտը կազմակերպող՝ Ամերիկայի Հայ Մշակութային Միութեան յանձնախումբին եւ «Թրավըլ Կրուփ Ինթըրնաշընըլ՝՝ ընկերութեան կողմէ:
Նաեւ, տեղի ունեցան կարեւոր ձեռնարկներ: Յատկապէս յիշատակելի է Ուաշինկթընի մօտ Արցախի հանրապետութեան ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանի ներկայացումը, Արցախի ներկայ իրավիճակին մասին: Նաեւ Հայ Դատի Կեդրոնական յանձնախումբի նախագահ Ռաֆֆի Համբարեան բանախօսութիւն մը կատարեց, նիւթ ունենալով «Հայ Դատը՝ Այսօր եւ ապագային»: Իսկ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատասխանատուներէն՝ Շահէն Միրաքեան, իր կարգին անդրադարձաւ Արցախի ճանաչման գործընթացին:
Հայկ Սեդրակեան զեկուցեց Հայաստանի դրամատնային կառոյցին մասին:
Իսկ, Պրազիլի Առաջնորդ Նարեկ Պէրպէրեան անդրադարձաւ Պրազիլի գաղութին մասին:
Քսան տարի առաջ հազիւ քանի մը հարիւր հայորդիներով սկսած այս նաւապտոյտը, ամէն տարի կը շարունակուի, աւելի քան քսան տարիէ ի վեր:
Այս ձեռնարկը, իրարու կը ծանօթացնէ զանազան գաղթօճախներէ ժամանած հայորդիներ, որոնք կը վայելեն ճոխ յայտագիր մը: Միշտ ալ նորութիւններով լեցուն է այս նաւապտոյտը, որ պատճառ դարձած է նաեւ որ երիտասարդներ յաւելեալ ծանօթանալով եւ իրենց կապերը պահելով ընտանիք կազմեն:
Նշենք, թէ յառաջիկայ տարեշրջանի նաւապտոյտը պիտի կատարուի Յունուար 20-27, 2019-ին, «Ռոյըլ Քարիպիըն՝՝ ընկերութեան «Ալըր աֆ տը Սիզ՝՝ շքեղ զբօսանաւով:
ՄԱՍՆԱԿՑՈՂՆԵՐԸ Կ’ԸՍԵՆ
«Ես Փարիզէն եմ: Եղբօրորդիիս հետ ժամանեցի այս նաւապտոյտին: Անպայման կ՛ուզէի ընբոշխնել Յարութ Փամպուքճեանն ու Սիպիլը: Շատ լաւ ժամանակ անցուցի: Աշխարհի զանազան անկիւններէն ժամանած հայորդիներու հետ տեսակցեցանք եւ զրուցեցինք: Յառաջիկայ տարի կրկին պիտի մասնակցիմ, քրոջս հետ»:
Պէաթրիս Յակոբեան
Փարիզ – Ֆրանսա
«Իւրայատուկ մթնոլորտ կը տիրէ այս նաւապտոյտին, եւ այդ ալ ամբողջ շաբթուան մը ընթացքին»:
Նուպար Կոստանեան
Լոս Անճելըս – Քալիֆորնիա
«Հինգերորդ անգամն է որ կը մասնակցիմ այս նաւապտոյտին: Բծախնդրութեամբ կազմակերպուած է այս նաւապտոյտը: Այս գծով, կը շնորհաւորեմ կազմակերպող մարմինը, որ անթերի է: Ամէն օր, ձեռնարկ կայ կատարելիք: Գեղարուեստական յայտագիրը ճոխ է, նաեւ վերջին տեղեկութիւնները կը ստանանք հայաստանի եւ Արցախի մասին՝՝:
Զապէլ Պելեան
Պլումֆիլտ Հիլ, Միշիկըն
«17-րդ անգամ ըլլալով կը մասնակցինք: Արդէն իսկ արձանագրուած ենք յառաջիկայ տարուայ նաւապտոյտին: Յոյսով ենք, որ վերստին կը տեսնուինք»:
Պօղոս եւ Սիլվա Տիրատուրեան
Ֆիլատելֆիա – Փենսիլվանիա
«Հանդիպեցայ ծանօթներու, հին ընկերներու: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ պատասխանատուներուն, որոնք յաջողութեամբ կազմակերպած էին այս նաւապտոյտը»:
Պէաթրիս Պապկունի
Ֆլորիտա
«Չէի սպասեր, թէ այսքան յաջող նաւապտոյտի մը պիտի մասնակցէի: Միասնաբար պտտեցանք, ճաշեցինք, պարեցինք ու երգեցինք: Անմոռանալի յիաշատակներ երկար ժամանակ թարմ պիտի մնան»:
Ազատ Կիւվէն
Վանքուվըր, Գանատա