Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 106-րդ Տարեժողովի Ճաշկերոյթը Պիտի Պատուէ Տոքթ. Նազարէթ Տարագճեանը
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 106-րդ Տարեժողովի Ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 18, 2025-ին, Jonathan Club-ին մէջ՝ Լոս Անճելըս – Քալիֆորնիա՝ «Հաւատարիմ Մեր ժառանգութեան» բնաբանով։ Ճաշկերոյթը պիտի նշէ Ընկերակցութեան 106-րդ Տարեժողովի աւարտը, որ տեղի պիտի ունենայ նոյն օրը առաւօտուն, Կլէնտէյլի Հայ Նազովրեցի Եկեղեցիին մէջ։
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը ծնունդ առած է 1918-ին՝ ի պատասխան Հայոց Ցեղասպանութեան թողած աւերներուն։ Անոր առաքելութիւնը եղած է աջակցիլ վերապրողներուն՝ վերականգնելով քանդուած համայնքները, եկեղեցիները եւ դպրոցները Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ Վերջին 107 տարիներու ընթացքին ան հաւատարիմ մնացած է իր ժառանգութեան։ Աւետարանչականը վերակառուցած, հիմնած, կառուցած եւ ամրապնդած է եկեղեցիներ, դպրոցներ եւ համայնքներ աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ։ Ընկերակցութիւնը ամուր կերպով կանգնած է երեք հիմնարար սիւներու վրայ՝ Աւետարանչութիւն, կրթութիւն եւ մարդասիրութիւն։
«Աստուծոյ շնորհքով մենք կը շարունակենք հաւատարիմ մնալ մեր ժառանգութեան՝ ֆինանսական օգնութիւն տրամադրելով վարժարաններու, ներդրումներ կատարելով երիտասարդական եւ առողջապահական ծրագիրներու, օգնելով եկեղեցիներուն որ տարածեն Քրիստոսի հանդէպ ունեցած մեր յաւերժական յոյսը, նպաստելով Հայ մանուկներու կաթի ծրագրին եւ ամառնային ճամբարներու, ինչպէս նաեւ աջակցելով Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն, որոնք կ’ինտեգրուին եւ իրենց ուրոյն տեղը կը գտնեն Հայաստանի մէջ» ըսաւ Սերժ Տ. Պուչաքճեան, ընկերակցութեան գործադիր տնօրէնը։
Ընկերակցութեան 106-րդ Տարեժողովի Ճաշկերոյթը պիտի պատուէ նաեւ իր Վարչական Խորհուրդի նախկին Նախագահ՝ Տոքթ. Նազարէթ Տարագճեանը։
Տոքթ Տարագճեանի տասնամեայ առաջնորդութեան ընթացքին, Աւետարանչականը դիմագրաւեց բազմաթիւ մարտահրաւէրներ եւ կարեւոր հանգրուաններ — ներառեալ COVID-19 համավարակը, Արցախեան պատերազմը, արցախահայերու բռնի տեղահանումը իրենց հայրենիքէն եւ վերաբնակեցումը Հայաստան, ինչպէս նաեւ Աւետարանչականի 100-ամեակին համաշխարհային նշումը եւ յաջող դրամահաւաքը։ Տարիներու ընթացքին՝ դժուարութիւններու եւ ուրախութեանց մէջ, Տօքթ. Տարագճեան առաջնորդեց Խորհուրդը իմաստութեամբ եւ անսասան նուիրումով՝ ուղղորդելով Ընկերակցութիւնը ամուր ճամբով՝ շարունակելու իր առաքելութիւնը նորոգ ուժով։
Տոքթ. Տարագճեան խոր արմատներ ունեցող Հայ Աւետարանական մըն է։ Ծնած Հալէպ՝ ան ապրած է իր բարեպաշտ ծնողներու երիցատան մէջ՝ հայրը՝ Վեր. Էմմանուէլ եւ մայրը՝ Մարի։ Տօքթ. Տարագճեան սիրով կը յիշէ իր ամառամառնային օրերը՝ Քեսապի լեռներուն մէջ քալելով եւ Միջերկրական ծովուն մէջ լողալով։ Դասական երաժշտութեան հանդէպ իր ծնողքին ունեցած մեծ սէրը վարակած է նաեւ Տօքթ. Տարագճեանը։
13 տարեկանին ընտանիքը տեղափոխուած է Պէյրութ, ուր ան աւարտած է Հայ Աւետարանական Գոլէճը եւ ապա յաճախելով Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը (AUB) ստացած վկայականը՝ շարունակելու իր ուսումը բժշկութեան ճիւղին մէջ։ Սակայն Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին սաստկացումով ընտանիքը տեղափոխուած է Շիքակօ։ 1978-ին ան աւարտած է Լոյոլա Բժշկագիտական Դպրոցը՝ գերազանցութեամբ՝ աչքի հիւանդութիւններու եւ վիրաբուժութեան մասնագիտութեամբ։
Տոքթ. Տարագճեան ճանչցուած է իր ամբողջական նուիրումով հայ համայնքին։ Իր տիկնոջ Տոքթ. Անիի հետ միասին անոնք գործուն անդամներ են Լոս Անճելըսի Միացեալ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին։ Ան նաեւ երկար տարիներ ծառայած է որպէս Ատենապետ եւ Հաշուապահ՝ Մերտինեան Հայ Աւետարանական Վարժարանի հոգաբարձութեան Խորհուրդին մէջ, ինչպէս նաեւ Կլէնտէյլի «Լարք» Երաժշտական Ընկերակցութեան Դիլիճան սենեկային երաժշտութեան Համոյթի վարչական կազմին։ Իր բուռն նուիրումը Աւետարանչականին կը ցոլայ իր երկարամեայ ծառայութեամբ որպէս Խորհուրդի անդամ, փոխնախագահ եւ նախագահ՝ գործունէութեան հարուստ տասնամեակի ընթացքին։
«Տարիներու ընթացքին Տոքթ. Տարագճեան եղած է եւ՛ վստահելի բարեկամ, եւ՛ արժէքաւոր գործակից։ Ես ականատես եղայ անոր անսասան հաւատքին, հաստատ իմաստութեան եւ առատաձեռն հոգիին՝ զոր ան ցոյց տուաւ իր ամէն գործունէութեան մէջ՝ թէ՛ Աւետարանչականի առաջնորդութեան, եւ թէ՛ մեր անձնական բարեկամութեան մէջ», — նշեց Կէրի Ֆիլիփս, Աւետարանչական Խորհուրդի Ներկայ Նախագահը։
Ճաշկերոյթի ընթացքին պիտի ցուցադրուի Աւետարանչականի գործունէութիւնները լուսաբանող տեսանիւթ։ Զուարճալի եւ գեղեցիկ երեկոն պիտի հրամցնէ նաեւ յատուկ եւ բացառիկ երաժշտական կատարումներ։
Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք կապ հաստատել Ընկերակցութեան Կեդրոնատեղիին հետ՝ Փըրամըս, Նիւ Ճըրզի 201.265.2607 հեռախօսահամարով կամ այցելելով կայքը՝ amaa.org/events:

