
Մայիս 22ին, Լոս Անճելըսի մէջ, մահացաւ բանաստեղծուհի Ալիսիա Կիրակոսեան: Ծնած Քորտոպա (Արժանթին) 1936ին, Ալիսիա հեղինակ է սպաներէն եւ հայերէն բանաստեծական բազմաթիւ երկերու:
Ալիսիա Կիրակոսեան աւարտած է Պուէնոս Այրէսի ազգային համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքը։ Տաս տարի թատրոնի դերեր խաղացած է։ 1968ին փոխադրուած է Լոս Անճելըս։ Բանաստեղծութիւններու առաջին գիրքը՝ “Մէկ օրում հինգ ձայն“, լոյս տեսած է 1966 ին։ Այնուհետեւ հրատարակուած են Կիրակոսեանի “Էութիւն եւ Կէտադրութիւն“, “Հայաստանեան Ապրումներ“, “Բանաստեղծութիւններ“ ժողովածունները։ Անոր “Պետրօ Ամոր“ փիեսը ներկայացուած է Պուէնոս Այրէսի “Փայրօ“ թատրոնի մէջ։
Ալիսիա Կիրակոսեան սպաներէնի թարգմանած է Րաֆֆիի “Խենթ“ը։
Ան Խաչատուր Աբովեանի անուան մրցանակակիր է։