Գլխաւոր

Ալիեւ – Տաւութօղլու Կը Քննեն Արցախի Հիմնահարցը

aliev davut

 

ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Թուրքիա կատարած իր պետական այցելութեան ընթացքին, Յունուար 15ին հանդիպում մը ունեցած է երկրի վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուի հետ։

Advertisement Subscribe Today

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւններուն առնչուող շարք մը հարցեր։ Նախագահն ու վարչապետը ընդգծած են Արցախի հակամարտութեան լուծման հարցի կարեւորութիւնը։

Կողմերը նշած են, որ ատրպէյճանաթրքական կապերը դրական կերպով կ՛ազդեն տարածաշրջանային համագործակցութեան վրայ եւ կրնան նպաստել Արցախի հակամարտութեան լուծման՝ «պահպանելով Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը»։

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button