ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ.- ԱԼԻԵՒԻ “ԵՈՒՐՕՎԻԺԸՆ“Ը

0 0
Read Time:1 Minute, 37 Second

 Բեղուն օրեր կ՛ապրի Պաքուն,ուր վերրջերս տեղի ունեցաւ Եւրոպայի Միութեան եւ Արեւելեան Եւրոպական երկիրներու միջեւ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային գործակցութեան վեհաժողով` “Եուրօնեսթ“ը: Իսկ քանի մը շաբաթ ետք, Մայիս ամսուան ընթացքին, տեղի պիտի ունենայ երիտասարդ ու անծանօթ երգիչներու վերապահուած այլ համա-եւրոպական բնոյթ ունեցող ձեռնարկ-մրցանք մը` “Եուրօվիժըն“ը:

Երկու տարբեր բեւեռներ են այս համա-եւրոպական հաւաքները:

Տարբերութեան իմաստով` լեռ ու ձոր գոյութիւն ունի “Եուրօնեսթ“ին եւ “Եուրօվիժըն“ին միջեւ:

Մէկը` հունտն է…իմաստ ու խորք ունեցող վեհաժողով, իսկ միւսը` կեղեւ, երիտասարդութիւնը հրահրող մշակութային լրջութիւնէ զուրկ մրցանք մը, որ իր ամեայն թեթեւութեամբ կարելի է անսեթեւեթեալ նկատել:

Բնականաբար հունտը գերադասելով կեղեւէն, Հայաստան օրեր առաջ որոշած էր չմասնակցիլ իր կազմակերպական ու մրցանքի բնոյթով եւ ընթացքով, որոշ ջղագրգռութիւն ստեղծող այդ երիտասարդական “Եուրօվիժըն“ին, փոխարէն անցեալ օրերուն Հայաստանի պատուիրակութիւնը ներկայ էր “Եուրօնեսթ“ին:

Սակայն աւա՜ղ որ այդ հունտ եւ կեղեւ հասկացողութիւնը, որ վստահաբար պիտի չակընկալուէր այդ մակերեսային “Եուրօվիժըն“ի ընթացքին, յանգեցաւ միեւնոյն եզրակացութեան եւ “Եուրօնեսթ“ հասկացողութիւնը վերածեց տարբեր ու թունաւոր “բոյն“ի:

Արդարեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, աշխարհի զանազան շրջաններէն ժամանած ակադեմականներու, մասնագէտներու եւ քաղաքագէտներու ներկայութենէն օգտուելով, բեմահարթակ բարձրանալով, հակահայ քարոզչական աշխատանքի լծուեցաւ:

Ո՛չ թէ միայն ներկայ հայ պատուիրակները, այլ ընդհանրապէս քաղաքակրթուած աշխարհը անակնկալի եկաւ Ալիեւի ելոյթէն:

Ըստ երեւոյթին Ատրպէյճանի նախագահը սովորականին նման շփոթած էր վերոյիշեալ երկու անբաղդատելի ձեռնարկներուն միջեւ: “Հունտազուրկ“ բնոյթով իր իսկական հունտը, այսինքն կեղեւը ներկայացնելով ան կատարեց անտեղի հաստատումներ, քննադատութիւններ եւ մեղադրանքներ, որոնք կարելի է պարզապէս նկատի ունենալ իբրեւ ցափռտուք:

Ալիեւ ներկայացուց իր “Եուրօվիժըն“ի երգը, կամ աւելի ճիշդ` յանկերգը…“Եուրօնեսթ“ին:

Իւրայատուկ “ռէփ“ երաժշտական գործ մը ներկայացուց ազերի ղեկավարը, շարունակ կրկնելով թէ Արցախը պատմականօրէն կը պատկանի Ատրպէյճանին եւ թէ այժմ կը նկատուի բռնագրաւուած տարածք: Նաեւ, ան իր “ռէփ“ին մէջ կը “գեղգեղէր“ թէ հայերը ցեղասպաններ ու ծայրայեղ ազգայնամոլ ֆաշիստներ են, որոնք ջարդած են ամեղ կիներ եւ երեխաներ:

Ունկնդրողին կը մնայ որոշել էր, թէ որքա՜ն յաջողակ երգիչ մըն էր Ալիեւը եւ իր պատրաստած երգը` “Եուրօնեսթ“ի տեսլականը:

…Բայց միթէ “Եուրօվիժըն“ի մրցանքը, Մայիսի աւարտին չէ՞ որ պիտի կատարուի:

 

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles