
ԱԹԷՆՔ («Ազատ Օր»)․- Լիզպոնի հինգ տղոց ողջակիզման 38-րդ տարելիցին առթիւ, Յուլիս 25-ին, Նէօս Գոզմոսի (Ֆիքսի) Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, կազմակերպուած Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան կողմէ։
Թէեւ պսակաձեւ ժահրի պատճառով եկեղեցւոյ մէջ սահմանափակ թիւով ներկաներու կ՚արտօնուէր հետեւիլ արարողութեան, եկեղեցիէն ներս եւ դուրս մեր հայրենակիցները եկած էին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու նահատակուած հայորդիներուն:
Արարողութեան ներկայ եղան գաղութի կառոյցներու ներկայացուցիչները եւ նկատառելի թիւով հայրենակիցներ:
Բեմին վրայ զետեղուած էին հինգ տղոց՝ Սարգիսի, Սեդրակի, Արայի, Սիմոնի եւ Վաչէի նկարները, ինչպէս նաեւ եռագոյն ու Հ.Յ.Դ. դրօշակները։