
ԵՐԵՒԱՆ․- Հոկտեմբեր 10-ին գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի աջակցութեամբ եւ համագործակցութեամբ «Արդարութեան նոր մշակոյթ» հասարակական կազմակերպութեան, բացումը կատարուեցաւ բանաստեղծուհի, արձակագիր եւ հասարակական գործիչ Շուշանիկ Կուրղինեանի 150-ամեակին նուիրուած «Ըմբոստ կինը» խորագիրով ժամանակաւոր ցուցահանդէսին: Պատասխանատու նկարիչն է Սարգիս Յովհաննիսեանը, որուն ձեւաւորման շնորհիւ ցուցասրահին մէջ իւրայատուկ միջավայր ստեղծուեցաւ` ընդգծելով Կուրղինեանի ըմբոստութեան եւ ազատատենչութեան ոգին: Ցուցադրուած հատուածներուն, փաստաթուղթերուն եւ լուսանկարներուն միջոցով այցելուները կարելիութիւն ունեցան հետեւելու հեղինակին կեանքին եւ ստեղծագործական ուղիին` մանկութենէն մինչեւ հասուն շրջան:

