Լրահոս

ԱԶԵՐԻ ԲԱՆԱԿԸ ՌՄԲԱԿՈԾԵՑ ԱՅԳԵՊԱՐԸ

p1 aykebar  ԵՐԵՒԱՆ.- Անցեալ շաբաթավերջին ազերի բանակը, անգամ մը եւս խախտեց անդորրութիւնը եւ ծանրօրէն ռմբակոծեց Տաւուշի մարզէն ներս գտնուող, սահմանամերձ՝ Այգեպար գիւղը: Երկու ժամ տեւեց այս ռմբակոծումը, որուն արդիւնք Ներքին Կարմիրաղբիւր, Բարեկամաւան եւ յատկապէս Այգեպար գիւղերը բաւական լուրջ վնասներ կրեցին:

Այգեպար գիւղի գիւղապետ Անդրանիկ Այտինեան յայտնեց, թէ ամբողջ գիւղը ծուխի մէջ է, ազերի բանակը առանց յատուկ թիրախի կրակած է Այգեպարի ուղղութեամբ: Գիւղի տուներէն մէկը հրկիզուած է, սակայն տեղացիք վրայ հասնելով, շուտով կրցած են մարել հրդեհը եւ տէր կանգնիլ կացութեան: Այտինեան, նշեց թէ ընդամէնը ութ տուն վնասուած է:
Այս կոյր ռմբակոծումին պատճառով, վնասուած է գիւղի կազատար խողովակը, որ քանի մը ժամուան վերանորոգման աշխատանքէ ետք, կարելի եղած է վերականգնել:
Յունիս 24-ին, Արցախի հակամարտ զօրքերու շփման գիծի արեւելեան շրջանէն ներս, ազերի նախայարձակ ուժերուն կողմէ մահացու հարուած ստացած էր 19-ամեայ զինուոր Արմէն Աւետիսեանը: Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը գուժեց լուրը եւ իր զօրակցութիւնը փոխանցեց Աւետիսեանի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: Արմէն Աւետիսեան յետմահու պարգեւատրուեցաւ “Մարտական ծառայութեան“ մետալով:

Advertisement Subscribe Today
Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button