Յօդուածներ
ԱԶԳԻ ՔՆԱՑՈՂ (ՔՆԱՑՈՒԱԾ) ԴՐԱՄԱԳԼՈՒԽԻ ՄԱՍԻՆ
Ազգը ամբողջութիւն մըն է իր հայրենիքով (հող) եւ իր ժողովուրդով (մարդիկ): Մարդիկ՝ որոնք կ’ունենան հաւաքականի գիտակցութիւն, կարենալ տէր ըլլալու համար: Տէր՝ տիրութեան իմաստով, ինչպէս այդ կ’ըսուի Խորենացիի եւ այլ պատմիչներու պարագային, որոնք հայ արքաներու մասին կ’ըսէին, թէ անոնց տիրութեան սահմանները մինչեւ ո՛ւր կը տարածուէին, ինչպէս կը ճշդուէին:


