«ԹԻՒՖԷՆՔԵԱՆ» ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԳՈՐԾԵԼ ՔԱՇԱԹԱՂԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:56 Second

Նիւ Եորքէն յատուկ լրագրութեամբ մը, »Թիւֆէնքեան«  հաստատութիւնը կը տեղեկացնէ թէ Քաշաթաղի (նախապէս Լաջին) մէջ յատուկ աշխատանքներ կը կատարէ շրջանի պատմական յուշարձաններու եւ մշակութային արուեստագործութիւններու պահպանման եւ վերանորոգման բնագաւառէն ներս:
»Շատերու համար ծանօթ է, որ Քաշաթաղ կենսական եւ  ռազմավարական կապ մըն է Արցախի եւ Հայաստանի միջեւ«, նշեց հաստատութեան տնօրէն Անդրանիկ Գասպարեան: »Համեմատաբար, նուազ ծանօթ ենք շրջակայքի հայկական պատմագրական արմատներու գոյութեան  արմատներ, որոնք արմատախիլ եղան 19181920ի ջարդերու եւ տարագրութիւններու ժամանակ: Հիմա որ շրջանը ազատագրուած է, կը հաւատանք որ պէտք է մերժենք Ատրպէյճանի հողերու հարցական պահանջքը, բան մը որ պէտք չէ միջազգային համայնքի զօրավիգին արժանանայ«, կը յայտնէ Գասպարեան:
Արդարեւ, հաստատութիւնը սկսած է վերանորոգել պատմական Սուրբ Մինաս եկեղեցին (16րդ դար), Հաք գիւղին մէջ, որ կը կարծուի թէ կառուցուած է  11րդ դարաշրջանին: Հայ բնակչութեան գաղթ ու ջարդէն ետք, ազերի զօրքերու յառաջխաղացքին արդիւնք, այս կառոյցը թալանուած էր:  Եկեղեցւոյ վերանորոգման կողքին, հաստատութիւնը նաեւ պիտի կառուցէ ջրաբաշխման նոր սարքաւորումներ գիւղին համար, ուր այժմ կը բնակին յիսուն բնակիչներ:
Այս գործը նպաստաւորուած է շնորհիւ Նիւ Եորք քաղաքի Վըրճինիա Տէյվիսի առատաձեռն օժանդակութեան: Օգնութեան այլ առաջարկներ կատարուած են, որոնք լոյս պիտի ընծայուին յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին: Յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար Թիւֆէնքեան հաստատութեան Քաշաթաղ նախաձեռնութեան մասին, այցելել.   RBarry@Tufenkian.com.

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles