Լրահոս

Քրիստինէ Վարդանեան Կը Նշէ, Թէ Փաշինեանի Գործողութիւնները Կը Նպաստեն Ընդդիմութեան Համախմբման

ԵՐԵՒԱՆ․- Յունիս 19-ին, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան մամլոյ ասուլիս մը տուաւ՝ անդրադառնալով թէ՛ արտաքին քաղաքական, թէ՛ ներքաղաքական օրակարգի հարցերուն։

Նախքան ներքաղաքական թեմաներուն անցնիլը, ան յիշատակեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին յայտարարութիւնները՝ նշելով, որ ան բացայայտ կերպով ներկայացուցած է, թէ ինչպէս ընթացած են տարիներու բանակցութիւնները Արցախի հարցին շուրջ։

«Երէկ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի հիմնական ուղերձները հետեւեալներն էին՝ պէտք է շարունակել բանակցիլ, այլ լուծում գոյութիւն չունի, Ատրպէյճանը չի կրնար պատերազմ սկսել, իսկ պատերազմի պարագային պատժամիջոցներ պիտի կիրառուին։ Ալիեւ այսպէս կը բացայայտէ, թէ իրականութեան մէջ ինչպէս զարգացած են բանակցութիւնները՝ սկսելով անկէ, որ փակ դռներու ետին կը փորձէին պարտադրել Արցախի անկախութեան ճանաչումը, մինչեւ այն հանգրուանը, երբ բանակցային գործընթացը խեղաթիւրուեցաւ եւ Հայաստանը առանձին մնաց իր դէմ սանձազերծուած պատերազմին մէջ», ըսաւ ան։

Վարդանեան յիշեցուց, որ Հայաստանի իշխանութիւնները յայտարարած էին, թէ «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի հարցը Օգոստոս 8-ի յայտարարութենէն ետք փակուած է, սակայն իր խօսքով՝ այդ օրուընէ ի վեր Ատրպէյճանի մէջ այս նիւթը աւելի յաճախ կը շօշափուի, քան երբեւէ։

Անդրադառնալով այն հարցումին, թէ ինչո՛ւ ընդդիմութիւնը վերջին նիստերուն չէ մասնակցած խորհրդարանի աշխատանքներուն, պատգամաւորը պատասխանեց. «Այս մէկը մարտավարական որոշում է, որ մենք ազատ ենք որդեգրելու։ Ընդդիմութիւնը վերջին նիստերուն ներկայ չէր, սակայն ներկայ էին հիստերիան, աղմուկը եւ վիրաւորական արտայայտութիւնները»։

Ընդդիմադիր ուժերու համագործակցութեան մասին հարցումին պատասխանելով՝ Քրիստինէ Վարդանեան շեշտեց, որ իր քաղաքական ուժը վաղուց ի վեր կողմ եղած է համախմբման գաղափարին։

Advertisement Subscribe Today

«Մենք եղած ենք այն ուժը, որ յստակ ըսած է՝ համագործակցութիւնը անհրաժեշտ է, որովհետեւ այսօր գոյութիւն չունի քաղաքական այնպիսի ուժ կամ անհատ, որ առանձին կարենայ յաղթահարել ստեղծուած իրավիճակը։ Գոհունակութեամբ կը տեսնենք, որ այդ ուղղութեամբ քայլեր կ՛առնուին։ Նիկոլ Փաշինեան իր գործողութիւններով եւ հռետորաբանութեամբ ամբողջովին կը նպաստէ, որ ընդդիմութիւնը աւելի լաւ գիտակցի իրականութիւնը եւ շարժի այդ ուղիով», նշեց ան։

Հարցումի մը պատասխանելով, թէ ե՞րբ նախատեսուած է «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Սամուէլ Կարապետեանի հանդիպումը, Վարդանեան ըսաւ, թէ «առողջ քննարկումներ կը շարունակուին, որոնց արդիւնքները մօտ ապագային տեսանելի պիտի դառնան»։

Արձագանգելով Ազգային ժողովին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հնչեցուցած բնորոշումներուն, ան ըսաւ. «Պատերազմի եռագլուխ դեւը Նիկոլ Փաշինեան–Ալիեւ–Էրտողան եռեակն է։ Մենք այդ եռագլուխ դեւին հետ որեւէ համագործակցութիւն չենք պատկերացներ, այլ կը պատկերացնենք պայքար անոր դէմ, եւ առաջին հերթին՝ այդ եռեակի ամէնէն կախեալ ու խամաճիկ գլխուն դէմ»։

Յարելեալ Մանրամասներ՝ 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button