
Քաննի շարժապատկերի փառատօնին ցուցադրուեցաւ «Տը Կօլի ճակատամարտը. Երկաթեայ դարաշրջան» (« La Bataille de Gaulle : L’Âge de fer ») ժապաւէնը, որ արժանացաւ որոտընդոստ ծափողջոյններու, յատկապէս շնորհիւ զօրավար Տը Կօլի դերը մարմնաւորած՝ Սիմոն Աբգարեանի բացառիկ եւ տպաւորիչ դերասանութեան։
Բեմադրիչ Անթոնէն Պոտրիի ժապաւէնը կը բաղկանայ երկու մասէ:
Երկրորդ մասը՝ «Անունդ կը գրեմ» (« J’écris ton nom ») պիտի ցուցարուի քանի մը շաբաթ ետք:
Նիւթը համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Տը Կօլի գրաւուած Ֆրանսայի ազատագրութեան համար տարած պայքարն էր, որ մեծ դժուարութիւններէ ետք, ի վերջոյ աւարտեցաւ յաղթանակով:
Արտադրող ընկերութիւնն է հանրածանօթ «Pathé»-ն, որ տրամադրած է մօտաւորապէս 74 մի լիոն եւրոյի պիւտճէ մը:

