Տեղահանուած 25 Հազար Արցախահայեր Հեռացած Են Հայաստանէն
ԺԸՆԵՒ․- Մ․Ա․Կ․-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 63-րդ նստաշրջանի ծիրէն ներս, կազմակերպուած ձեռնարկի մը ընթացքին, Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան անդրադարձաւ «Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներուն՝ Հայաստանի մէջ տեղահանուած ըլլալու պայմաններուն տակ, ինչպէս նաեւ վերադարձի իրաւունքին» նիւթին։
Ան յայտնեց, որ երկրորդային արտագաղթի հետեւանքով շուրջ 25 հազար բռնի տեղահանուած արցախահայեր արդէն հեռացած են Հայաստանէն։ Գեղամ Ստեփանեան նախազգուշացուց, որ բազմաթիւ այլ ընտանիքներ եւս կրնան հարկադրուած ըլլալ իրենց ապագան այլ երկիրներու մէջ փնտռելու։
Գեղամ Ստեփանեան ներկայացուց բռնի տեղահանուած արցախահայութեան դիմագրաւած շարունակական մարդասիրական եւ ընկերային խնդիրները՝ զգուշացնելով, որ հրատապ օժանդակութեան ծրագիրները զգալիօրէն կրճատուած են կամ ամբողջովին դադրեցուած, մինչդեռ տեղահանուածները տակաւին կարիք ունին պատշաճ բնակարանի, կայուն աշխատանքի եւ հասարակական կեանքին լիարժէք համարկումին։
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Հայ Օգնութեան Միութեան եւ «Արդարութեան եւ Մարդու իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոն»-ին համագործակցութեամբ։ Անիկա նուիրուած էր գաղթականներու իրաւունքներու պաշտպանութեան, արդարութեան վերականգնման եւ բռնի տեղահանուած արցախահայութեան, մասնաւորաբար կիներու եւ մանուկներու իրաւունքներու վրայ հիմնուած լուծումներու քննարկման։


