Տաւուշի Եւ Իջեւանի Մէջ՝ «Հայաստան» Դաշինքի Նախընտրական Հանդիպումները

ԵՐԵՒԱՆ․- Մայիս 11-ին, «Հայաստան» դաշինքի թեկնածուները Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորութեամբ Տաւուշ ժամանեցին։ Անոնք քաղաքապետարանին յարակից հրապարակին մէջ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններու քարոզարշաւի շրջանակին մէջ քաղաքացիներու հետ հանդիպում ունեցան եւ նշեցին, որ ընտրութիւններուն արդիւնքները լաւ պիտի ըլլան:
«Հայաստան» դաշինքի պատգամաւորի թեկնածուները Դիլիջանէն մեկնեցան դէպի Իջեւան, ուր ընտրողներուն հետ քաղաքի սրահին մէջ ունեցան բազմամարդ հանդիպում մը:
Իջեւանի մէջ Ռոպերթ Քոչարեան յայտարարեց. «Նիկոլ Փաշինեանը կը նկատէ, որ ինք լիազօրութիւն ստացած է Ղարաբաղը յանձնելու համար, միայնակ` Ղարաբաղի ժողովուրդին անունով որոշելու համար, որ Ղարաբաղը Ատրպէյճանին մաս կը կազմէ: Իմ մօտս ուղղակի հարց կը յառաջանայ` բոլոր անոնք, որոնք 2021 թուականին քուէարկած են Նիկոլ Փաշինեանի համար, կը գիտակցի՞ն, թէ ինչ հետեւանքներ այդ քուէարկութիւնը ունեցած է: Յոյս ունիմ, մեծ յոյս ունիմ, որ այդ գիտակցութիւնը, այնուամենայնիւ, այսօր կայ»:

