Սփիւռքը՝ Բեմի Լուսարձակին Տակ
Կարին Գասապեան
Մոնրէալ – Գանատա
«Salud»։
«Կենաց»։
Ամէն երեկոյ այս երկու բառերը կը հանդիպէին նոյն սեղանին շուրջ։ Մեր լեցուն գինեգաւաթներու զրնգոցը կը խառնուէր ծիծաղներու, պատմութիւններու եւ երկու տարբեր աշխարհներէ եկած հայերու ձայներուն։
Այդ ճոխ իրարանցումի պահերուն դժուար էր հաւատալ, թէ ընդամէնը քանի մը օր առաջ Արժանթին կ՚երթայի գրեթէ առանց ակնկալութեան։ Յուլիս 17-էն 27, «Դէմքեր» թատերախումբի անդամներով ճամբորդեցինք դէպի Արժանթին՝ մեր սիրելի բեմադրիչ Նանսի Իսսա Թորոսեանի ծննդավայրը։ Ճամբորդութեան բուն նպատակն էր ներկայացնել «Արեան Հատուցում – Նէմէսիս» թատերախաղը՝ բեմադրութիւն մը, որ արդէն խոր հետք ձգած էր Մոնրէալի գաղութին մէջ։ Այս թատերախաղին գաղափարը յղացած էր Նանսին Քորտոպայի մէջ, Արամ Երկանեանի շիրիմին առջեւ, եւ մենք պիտի վերադառնայինք այդ նոյն վայրը զայն ներկայացնելու։
Իբրեւ այս բեմադրութեան նորագոյն դերասանը, պէտք է խոստովանիմ, որ նախքան այցելութիւնս, այս ճամբորդութեան տարողութիւնն ու նշանակութիւնը անյայտ էին ինծի։ Կը կարծէի, թէ պարզապէս պիտի ներկայացնենք թատերախաղը եւ ետքը վերադառնանք տուն։ Սակայն իրականութիւնը բոլորովին տարբեր դուրս եկաւ։ Փոխարէնը, ինքզինքս գտայ համայնքի մը մէջ, որ իր ջերմութեամբ, հայասիրութեամբ եւ կենսունակութեամբ վերափոխեց իմ պատկերացումներս սփիւռքի մասին։
Տասը օրուան ընթացքին ծանօթացանք Պուէնոս Այրէսի եւ Քորտոպայի սքանչելի հայ գաղութներուն։ Վայելեցինք անոնց ընդարձակ ակումբները, գեղեցիկ սրահները, շքեղ բեմերն ու ճաշարանները։ Կազմեցինք նոր ընկերութիւններ, լսեցինք պատմութիւններ, եւ մխրճուեցանք աշխարհի մը մէջ, որուն նման փորձառութիւն մինչ այդ չէի ունեցած։ Արժանթինի հայկական գաղութը գերազանցեց բոլոր պատկերացումներս։ Հմայուած մնացի անոնց հայասիրութեամբ, կազմակերպութեամբ եւ ազգային ինքնութիւնը պահպանելու յամառ ջանքերով։
Սփիւռքի ամէնահին եւ ամէնէն հաստատուած գաղութներէն մէկուն մէջ կը գտնուէինք։ Երբ կը շրջէինք Պուէնոս Այրէսի եւ Քորտոպայի թաղերը, յաճախ կը հանդիպէինք հայկական անուններու, հայատառ ցուցանակներու եւ հայերու ներկայութեան հետքերու։ Այդ տեսարաններով անդրադարձայ, թէ հայութեան արմատները որքան խորացած են այդ երկրին մէջ, եւ այն նոյն արմատներէն մեր միութիւնները սնունդ կը ստանան եւ կը շարունակեն ծլիլ, բողբոջել, ի վերջոյ վերածուելով մշակութային անտառներու։ Միեւնոյն ժամանակ, կը փորձէի մտաբերել նաեւ գաղութին պատմական ճանապարհը։ Տասնամեակներու ընթացքին այս մարդիկը ստեղծած էին իրենց հաստատութիւնները, կառուցած են դպրոցներ, ակումբներն ու մշակութային կեդրոնները՝ հեռու հայրենիքէն, բայց ո՛չ հայութենէն։
Մեր ներկայացումներուն ընթացքին յատկապէս զգալի էր «Նէմէսիս»-ի խորհուրդը եւ վրէժի պատմութիւնը։ Բեմին վրայ կենդանացնելով Արամ Երկանեանի եւ իր սերնդակիցներուն նուիրումը, յարգանք ընծայեցինք այն սերունդին, որ իր ուսերուն կրեց ամբողջ ժողովուրդի մը ցաւը, յոյսն ու արդարութեան տենչը։ Իբրեւ դերասաններ վերահաստատեցինք յիշելու, փոխանցելու եւ ազգային արժանապատուութիւնը պահպանելու մեր հաւաքական պարտականութիւնը։ Բեմն ու պատմութիւնը այդ պահուն միացան, եւ անցեալն ու ներկան անընդհատ խօսեցան իրարու հետ։
Ամէնէն յուզիչ պահերէն էին ներկայացումներէն ետք հանդիսատեսին հետ ունեցած հանդիպումները։ Մարդիկ կը մօտենային մեզի եւ կ՚ըսէին, թէ առաջին անգամ ըլլալով իսկապէս ծանօթացան շիրիմին ետի մարդուն պատմութեան։ Շատերուն համար Արամ Երկանեանի անունը ծանօթ էր, սակայն անոր կեանքի մանրամասնութիւնները, ու ներքին պայքարները անծանօթ մնացած էին։ Այդ պահերուն կը զգայի, թէ մեր արուեստը իր առաքելութիւնը կատարած էր։ Այս զգացումը կը խորանայ այն գիտակցութեամբ, որ Արամ Երկանեանի աճիւնները կը հանգչին այն ակումբին մէջ, ուր այսօր նոր սերունդներ կը հաւաքուին, կը սորվին, կը պարէն, կ՚երգեն եւ կը ծառայեն իրենց ժողովուրդին։ Անցեալն ու ներկան կրկին կը հանդիպին նոյն վայրին մէջ։
Այս ամբողջ փորձառութիւնը նաեւ առիթ մըն էր վերագտնելու միութենական կեանքի արժէքը։ Մեծցած եմ այն գաղափարով, որ հայկական միութիւնները պարզ կազմակերպութիւններ չեն, այլ ազգային կեանքի ողնայարը։ Ուստի մեծ տպաւորութիւն ձգեց վրաս Արժանթինի հայերուն ակումբային կեանքը, նուիրուածութիւնն ու մշակոյթը պահպանելու կամքը։ Թէեւ իրենց մօտեցումը շատ անգամ տարբեր է մեզի ծանօթ իրականութենէն, անոնք յաջողած են գեղեցիկ կերպով միաւորել երկու ինքնութիւններ։ Անոնք թէ՛ հայ են, եւ թէ՛ Արժանթինցի՝ առանց մէկը միւսին զոհաբերելու։ Պուէնոս Այրէսի հայկական կեդրոնի նկուղին մէջ միասին թանկօ պարեցինք։ Քորտոպայի «Անդրանիկ Ակումբ»-ի պատերէն ներս ծանօթացանք Արժանթինի բնիկ ժողովուրդներու աւանդական երգերուն։ Կերանք «Mante con Madzoun», եւ մեր ականջները սպաներէնով լեցուցինք։
Արժանթինահայերը ողջ մարմնաւորումն են այն գաղափարին թէ մշակոյթը քարացած բան մը չէ։ Ան կը շնչէ, կ՚ապրի, կը զարգանայ եւ կը հարստանայ նոր միջավայրերու մէջ՝ առանց կորսնցնելու իր էութիւնը։ Երբ այսօր կը խորհիմ այս սուղ փորձառութեան մասին, կը հասկնամ, որ անիկա շատ աւելի իմաստալից էր, քան թատերական շրջագայութիւն մը։ Ան եղաւ հանդիպում մը պատմութեան, սփիւռքի, բարեկամութեան, եւ ինքնութեան հետ։
Բոլոր ներկաներուն փորձառութիւնները ծնան գաղափարէ մը՝ գուցէ նոյնիսկ խենթ գաղափարէ մը, որ յայտնուեցաւ Նանսի Իսսա Թորոսեանի մտքին մէջ։ Այնուհետեւ այդ գաղափարը վերածուեցաւ էջերու եւ էջերու գրութեան, ոգեշնչուեցաւ բազմաթիւ հեղինակներէ, ստացաւ մարմին ու հոգի, եւ վերջապէս կենդանացաւ բեմին վրայ նուիրեալ դերասաններու եւ օգնականներու խումբի մը միջոցաւ։
Ետ նայելով, կրնամ վստահաբար ըսել, թէ չկայ աւելի գեղեցիկ դէպք, քան ականատես ըլլալ գաղափարի մը ճամբորդութեան։ Գաղափար մը, որ ժամանակին միայն կայծ մըն էր մէկու մը երեւակայութեան մէջ, տարիներու համբերատար աշխատանքով եւ նուիրումով վերածուեցաւ բոցի, ապա՝ փարոսի մը, որ իր բեմական լոյսին շուրջ համախմբեց ժողովուրդը։
Թերեւս այս է ամբողջ փորձառութեան մեծագոյն դասը. որքան ալ հեռու ըլլան իրարմէ մեր գաղութները, որքան ալ տարբեր ըլլան մեր առօրեաները, մեր լեզուական առոգանութիւնները կամ սովորութիւնները, կը մնայ այդտեղ նոյն անտեսանելի թելը, որ մեզ բոլորս կը կապէ իրարու։ Այդ թելը հայութիւնն է՝ անսահման, անգոյն եւ անժամանակ։
Արժանթինի մէջ հասկցայ, որ իսկական նպատակը հեռաւորութիւն եւ տկարութիւն չի ճանչնար, իսկ արուեստի հանդէպ սէրն ու նուիրումը կրնան անհնարինը հնարաւոր դարձնել։ Սորվեցայ նաեւ թէ երբ տեսլական մը կը միանայ կամքի եւ հաւատքի, կրնայ լեռներ շարժել, սերունդներ իրարու մօտեցնել եւ կամուրջներ կառուցել համայնքներու միջեւ, որոնք իրարմէ հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռու կը գտնուին։
Եւ թերեւս այդ պատճառով է, որ Արժանթինէն վերադարձանք ոչ միայն յիշատակներով ու լուսանկարներով հարուստ, այլ նաեւ աւելի հաւատացած մեր ժողովուրդին գոյատեւման, մեր մշակոյթին եւ այն անխախտ ուժին, որ դարերէ ի վեր կը շարունակէ մեզ մէկ ընտանիքի պէս կապել աշխարհի չորս ծագերուն մէջ։

