
ԵՐԵՒԱՆ․- Մայիսի 28-ին, Սարդարապատի յուշահամալիրին մէջ, հանդիսաւոր արարողութեամբ բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր, պետական եւ քաղաքական նշանաւոր գործիչ Արամ Մանուկեանի ծննդեան 140-ամեակին նուիրուած յուշակոթողին:
Յուշարձանը տեղադրուած է զանգաշտարակին մօտակայքը: Յուշարձանի խորհրդանիշներն են` սուրը, արծիւները, յաւերժութեան նշանը:
Հ․Յ․Դ․-ի այս նախաձեռնութիւնը իրականացաւ համագործակցութեամբ Սարդարապատի թանգարան, հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան թանգարանի տնօրէնութեան հետ: Ծրագիրը իրականացաւ Հ․Յ․Դ․ Գանատայի կառոյցի հովանաւորութեամբ եւ Վարուժ Լափոյեանի (Թորոնթօ) մեկենասութեամբ:

