Գլխաւոր

Ռուբէն Ռուբինեան Ընտրուեցաւ Հ․Հ․ Ազգային Ժողովի Նախագահ

ԵՐԵՒԱՆ․- Երկուշաբթի, Օգոստոս 3-ին Ազգային ժողովի նախագահ ընտրուեցաւ խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան` 63 թեր եւ 28 դէմ ձայներու տարբերութեամբ: Ռուբինեանի օգտին քուէարկեց միայն «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը։ «Ուժեղ Հայաստան»-ը դէմ քուէարկեց, «Հայաստան» խմբակցութիւնը չմասնակցեցաւ ընտրութեան:

Ռուբէն Ռուբինեանի թեկնածութեան հարցը խորհրդարանին մէջ քննարկուեցաւ երկու օր շարունակ: Այս ընթացքին պատգամաւորները թէ՛ հարցումներով, թէ՛ յայտարարութիւններով անդրադարձան անոր կենսագրութեան: Շարունակուեցան ընդդիմութեան եւ իշխանութեան իրարու դէմ ուղղուած մեղադրանքները` քաղաքական հետապնդումներու հետ կապուած: Ընդդիմադիր «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Նարեկ Կարապետեան իր առաջին ելոյթը ունեցաւ, եւ թէեւ հարցի քննարկումը կը վերաբերէր Ազգային ժողովի նախագահի ընտրութեան, սակայն անոր ելոյթը աւելի ընդհանրական էր. տարբեր խնդիրներու մասին խօսեցաւ Կարապետեան, նոյնիսկ առաջարկով հանդէս եկաւ, ըստ էութեան պնդելով այն օրակարգը, որ իրենք ունէին տակաւին նախընտրական փուլին: «Մենք ունինք առաջարկ: Մէկ օրէնքով այս հարցը կը լուծուի: Եկէք ընդունինք օրէնք, մենք այդ կ՛անուանենք հակասաֆարովեան օրէնք, որով ուղղակի իրաւունք չենք տար ազրպէյճանցիներուն 10 օր աւելի գտնուիլ մեր երկրին մէջ եւ ունենալ գոյք կամ հող այստեղ: Ատով մեր հարցերը կը սպառին», ըսաւ Կարապետեան:

«Յարգելի ընդդիմադիր գործընկերներ, այն փաստը, որ դուք չէք քուէարկած իմ օգտիս, ոչինչ կը նշանակէ մեր յարաբերութիւններուն մէջ, ես կը պատրաստուիմ ըլլալ ամբողջ Ազգային ժողովի նախագահը», յայտարարեց Ռուբինեան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button