Ռազմիկ Դաւոյեանի Ծննդեան 85-ամեակին Նուիրուած Գիտաժողովի Զեկոյցներու Ժողովածուի Շնորհահանդէս
Մարտ 11-ին տեղի ունեցաւ բանաստեղծ եւ հասարակական գործիչ Ռազմիկ Դաւոյեանի ծննդեան 85-ամեակին նուիրուած գիտաժողովի զեկոյցներու ժողովածուի շնորհահանդէսը, «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Երեւանի գրասենեակին եւ Երեւանի Պետական Համալսարանի Հայ Բանասիրութեան հիմնարկի համատեղ նախաձեռնութեամբ։
Ժողովածուն կը ներառէ անուանի բանաստեղծին գրական ժառանգութեան նուիրուած շարք մը կարեւոր ուսումնասիրութիւններ՝ անդրադառնալով անոր բացառիկ գրական տաղանդին եւ հաստատելով Ռազմիկ Դաւոյեանի՝ բոլոր ժամանակներու բանաստեղծ ըլլալու անժխտելի ճշմարտութիւնը։
Գիրքը կազմած եւ խմբագրած է Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Երեւանի Պետական Համալսարանի Հայ Բանասիրութեան հիմնարկի անունով Արշալոյս Գալստեան։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Համազգային»-ի Երեւանի գրասենեակին՝ սերտ համագործակցութեան եւ համատեղ իրականացուած շարք մը կարեւոր նախաձեռնութիւններու համար։ Ան նաեւ կարեւորեց Ռազմիկ Դաւոյեանի տիկնոջ՝ Լոնտոնի համալսարանի լեզուաբանութեան դոկտոր Արմինէ Թամրազեանի մեծ ջանքերը՝ բանաստեղծին գրական ժառանգութիւնը հանրութեան ներկայացնելու եւ այս ժողովածուն կազմելու գործին մէջ։
Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան, իր խօսքին մէջ նշեց, թէ 85-ամեակը առիթ է անգամ մը եւս արժեւորելու անուանի գրողին ստեղծագործական ուղին։ Ան ընդգծեց, որ անցեալի մեծ գրողներու ստեղծած արժէքները Դաւոյեանի համար չափանիշ էին, սակայն ներկայ ժամանակին ան կրցաւ ստեղծել իր անհատական եւ ինքնատիպ՝ Դաւոյեան գրողին «ես»-ը։
Ան նաեւ շեշտեց բանաստեղծին մեծ ներդրումն ու ջանքերը «Համազգային»-ի Երեւանի գրասենեակի ստեղծման եւ գործունէութեան մէջ։
«Ռազմիկ Դաւոյեանը ոչ միայն այս երկրի հարազատ բանաստեղծն էր, այլ նաեւ հարազատ քաղաքացին», իր խօսքին մէջ ընդգծեց «Համազգային»-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահպազեան՝ անդրադառնալով գրողին ոչ միայն գրական, այլ նաեւ հասարակական եւ մշակութային լայն գործունէութեան։
Գիրքի խմբագիր Լիլիթ Գալստեան, որ երկար տարիներ «Համազգային»-ի Երեւանի գրասենեակին մէջ աշխատած է Դաւոյեանի հետ, նշեց. «Բանաստեղծները չեն մահանար, քանի դեռ կայ անոնց տողը եւ տողին խորհուրդը։ Ռազմիկի տողը եւ անոր խորհուրդը կ՚ապրի այսօր եւ պիտի ապրի ապագային՝ ժամանակի ընթացքին աւելի ու աւելի արժեւորուելով։ Անոր տողերը զինք կը դարձնեն բոլոր ժամանակներու բանաստեղծ»։
Ռազմիկ Դաւոյեան բանաստեղծին անցած ուղին իրենց խօսքերուն մէջ արժեւորեցին նաեւ Խաչատուր Աբովեանի անուան Հայկական Պետական Մանկավարժական Համալսարանի դասախօօս Աշոտ Գալստեան, բանասիրական գիտութիւններու փրոֆէսոր Սուրէն Աբրահամեան, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Աբգար Ափինեան, ինչպէս նաեւ արուեստագիտութեան թեկնածու, Անուշ Ասլիբեկեան։
Դաւոյեանի կողակիցը՝ Արմինէ Թամրազեան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց ձեռնարկի կազմակերպիչներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան թէ՛ գիտաժողովին եւ թէ՛ այս ժողովածուին իրականացման մէջ։

