Պրիւքսէլի Մէջ Փաշինեան-Ալիեւ-Միշէլ Հանդիպում

ՊՐԻՒՔՍԷԼ․- Օգոստոս 31-ին, տեղի ունեցաւ սպասուած եռակողմ հանդիպումը։
Հ․Հ․ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումէն առաջ, կատարուեցան հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ։
Կողմերը կարեւոր նկատեցին երկխօսութեան շարունակականութիւնն ու յոյս յայտնած, որ բանակցութիւնները պիտի ըլլան արդիւնաւէտ: Փաշինեան եւ Միշէլ քննարկեցին Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն երկկողմանի օրակարգին վերաբերող հարցեր:
Իսկ Ալիեւ եւ Միշէլ իրենց կարգին քննած են Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը։
Արդէն իսկ, Պելճիքայի մայրաքաղաքին մէջ, նոյն ձեւաչափով երեք հանդիպում կայացած է: Առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ Դետկտեմբեր 14, 2021-ին, երկրորդը` Ապրիլ 6, 2022-ին,իսկ երրորդը` Մայիս 23, 2022-ին։

