Ոտքի Կանգնող «Ամբաստանեալներ»-ը

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
«Ոտքի կանգնեցէ՛ք ամբաստանեալներ»․․․դատական նիստերու ընթացքին յաճախ գործածուած եզրոյթ մըն է, որմէ ետք մեկնարկը կը տրուի դատավարութեան։
Սեպտեմբեր 2023-էն ի վեր Պաքուի մէջ, այս «սենարիօ»-ն է, որ կը կատարուի, հեռու․․․շա՜տ հեռու, ոճիրի մը դատավարութիւնը նկարագրող ֆրանսացի Մօրիս Թուրնէօրի 1930 թուականին բեմադրած «Ոտքի կանգնէ՛ ամբաստանեալ» ժապաւէնէն։
Պաքուն ձերբակալուած հայ պաշտօնատարները կը մեղադրէ չափազանց ծանր շինծու յանցագործութիւններու մէջ, որոնք կ՛ընդգրկեն խաղաղութեան եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ, ապօրինի զինեալ խմբաւորումներու ստեղծում, պատերազմ, ահաբեկչութեան ֆինանսաւորում, պատերազմի օրէնքներու խախտում եւ նոյնիսկ (ոչ զարմանալի) ցեղասպանութիւն։
Դեռ վերջերս՝ Յուլիս 14-ին, Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած էր Ատրպէյճանի մէջ հայ բանտարկեալներուն նուիրուած համաժողով մը, ներկայութեամբ մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու եւ միջազգային իրաւունքի մասնագէտներու՝ շեշտելով, որ կատարուածը միակողմանի դատավարութեան մը կրկէսն է։
Եւրոպացի օրէնսդիրներու հետաքրքրութիւնն ու մօտեցումը կարեւոր է, որովհետեւ այսպիսով կը վկայուի, թէ հարցը հետզհետէ կը ներկայացուի ոչ միայն իբրեւ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ վէճ, այլ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան երկկողմանի յարաբերութիւններու սահմաններէն դուրս գալով, իբրեւ մարդու իրաւունքներու, արդար դատավարութեան եւ միջազգային իրաւունքի հարց։
Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը նախապէս ալ կոչ ըրած էր Ատրպէյճանին ազատ արձակելու Արցախի ձերբակալուած ներկայացուցիչներն ու հայ ռազմագերիները՝ ընդգծելով, որ Արցախի նախկին ղեկավարներուն դէմ դատական գործընթացները կրնան վնասել կայուն խաղաղութեան նկատմամբ վստահութեան։
Հոս տեղին է նաեւ նշել, թէ վերջին զարգացումները կը բացայայտեն Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին հիմնական հակասութիւններէն մէկը։ Արդարեւ, Երեւան եւ Պաքու կը յայտարարեն, թէ մօտեցած են վերջնական խաղաղութեան համաձայնութեան, սակայն միեւնոյն ժամանակ Արցախի քաղաքական եւ զինուորական նախկին ղեկավարները կը մնան արգելափակուած։
Պաքու կը պնդէ, որ կալանաւորները պատասխանատու են երկարատեւ հակամարտութեան ընթացքին կատարուած յանցագործութիւններուն համար։ Մինչդեռ Հայաստանի համար այս հարցը շարունակ հպանցիկ ակնարկներով կը նշուի, հակառակ անոր, որ բազմաթիւ միջազգային իրաւապաշտպաններ կը պնդեն, որ դատավարութիւնները երբեք չեն համապատասխանած անկախ եւ արդար դատաքննութեան պահանջներուն։
Օգոստոս 5-ին հրապարակուած որոշումով դատարանը մերժած է բանտարկուած հայերուն վերաքննիչ բողոքները եւ ըստ էութեան անփոփոխ ձգած է այս տարուան սկիզբը Պաքուի զինուորական դատարանին կողմէ արձակուած դատավճիռները։ Այսպէս հարցը աւելի լուրջ եւ անորոշ փուլ կը թեւակոխէ Ատրպէյճանի վերաքննիչ դատարանի որոշումէն ետք, որ յամառօրէն կառչած մնալով իր որոշումներուն, անփոփոխ կը նկատէ եւ կը հաստատէ Արցախի նախկին քաղաքական ու զինուորական ղեկավարներուն եւ այլ հայ կալանաւորներուն նկատմամբ կայացած դատավճիռներն ու բանտարկութեան երկարատեւ պատիժները։
Այս զարգացումը նոր քննադատութիւններու դուռ կը բանայ, յատկապէս իրաւապաշտպաններու մօտ, որոնք կը պնդեն, թէ դատավարութիւնները քաղաքական շարժառիթներով կը տարուին, եւ թէ կալանաւորները պէտք չէ օգտագործուին իբրեւ գործիք՝ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին մէջ։
Դժբախտաբար Արցախի նախկին ղեկավարներուն բանտարկութիւնը այսօր վերածուած է աւելի քան պարզ դատական վէճի։ Անիկա դարձած է փորձաքար մը՝ հասկնալու համար, թէ ինչի՞ կը ձգտի Հայաստան-Ատրպէյճան ձեւաւորուող խաղաղութեան գործընթացը։
Խաղաղութեան համաձայնութիւնը կրնայ սահմաններ հաստատել, հաղորդակցութեան ուղիներ բանալ եւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները բնականոնացնել, սակայն երկարատեւ եւ կայուն հաշտեցումը կը պահանջէ նաեւ վստահութիւն, որ քաղաքական տարակարծութիւնները պիտի չվերածուին յաւերժական բանտարկութեան, իսկ արդարութիւնը տարբեր միջոցներով պիտի չդառնայ քաղաքական պայքարի շարունակութիւն։
Հաւանաբար Ազգային Ժողովի տիրապետող մեծամասնութեան համար հայ բանտարկեալներու հարցը երկրորդական է, սակայն հայորդիին համար անոնց ճակատագիրը կը մնայ խորապէս զգացական եւ ազգային հարց։ Եւ դեռ․․․եւ դեռ գոյութիւն ունի արցախահայութեան վերադարձի հարցը։
Կալանաւորները կը մտնեն իրաւական պայքարի հաւանական նոր փուլը, միջազգային համայնքը կը գտնուի դժուար ընտրութեան մը առջեւ. պէ՞տք է ենթարկուիլ բռնակալ Ալիեւի հրահանգներուն եւ անոնց բանտարկութիւնը նկատել որպէս Ատրպէյճանի ներքին դատական հարց։
Պաքուի բանտերուն մէջ սպասող ընտանիքներուն եւ անոնց ազատ արձակումը պահանջող սփիւռքեան համայնքներուն համար պատասխանը յստակ է. Անոնք ուղղակիօրէն կապուած են տարածաշրջանին մէջ ձեւաւորուող խաղաղութեան գործընթացի վստահելիութեան հետ, որուն մասին երկար-բարակ խօսակցութիւններ կատարուած էին,, պղտոր համաձայնութիւններ կնքուած էին տարի մը առաջ․․․Օգոստոս 8-9-ին, Ուաշինկթընի մէջ։

