Խորէն Փիլաւճեան
Հալէպ
Երբ մարդկային միտքը կը դառնայ բացարձակապէս անդրդուելի, կաղապարուած եւ անփոփոխ, այդ վիճակը կը վերածուի մտային ծայրայեղութեան։ Ծայրայեղութիւնը, իր բնոյթով, կուրութիւն է, ան թոյլ չի տար, որ անհատը յառաջդիմէ կամ զարգանայ, այլ` զայն կը մղէ դէպի ինքնակործանման տեսակ մը, որ ինքնին ինքնահարուածող երեւոյթ է։ Յաւատարմութեան պատրանքը եւ նորօրեայ ստրկութիւնը յաճախ կը կարծուի, թէ սեփական գաղափարներուն կուրօրէն կառչած մնալը` սկզբունքայնութեան կամ հաւատարմութեան նշան է։ Սակայն, երբ անհատը ինքնավստահութեամբ կը յայտարարէ թէ` «Ես միշտ մտքերուս հաւատարիմ պիտի մնամ, համոզումներս երբեք պիտի չփոխուին, եւ միտքերս միշտ այսպէս պիտի ընթանան», ան իրականութեան մէջ ոչ թէ դէպի ազատագրում կը քալէ, այլ` կը սուզուի նորագոյն եւ աւելի վտանգաւոր ստրկութեան մը մէջ։ Այդ` սեփական մտքերու ստրկութիւնն է։
Մարդկային բանականութիւնը պէտք է ըլլայ ովկիանոսի նման` բաց, շարժուն, ճկուն եւ միշտ պատրաստ նորն ու օգտակարը ընկալելու, այլ` ոչ թէ քարացած լիճ մը, որ ժամանակի ընթացքին կը դատապարտուի ճահճացման։ Երբ միտքերը անփոփոխ են ու քարացած, ատիկա ծայրայեղութիւն է, իսկ որեւէ ծայրայեղութեան վերջնական արդիւնքը միշտ ալ կործանարար կ’ըլլայ։
Ինչպէ՞ս կ’ազատագրուի մարդը այս ստրկութենէն։
Այս պարագային, ազատագրման բանալին ամբողջութեամբ կախեալ է անհատի կամքէն եւ սեփական անձը քննադատելու պատրաստակամութենէն։ Մարդ արարածը պէտք է երթայ դէպի հարցերուն հիմքը, իսկ այդ հիմքը ինքնին միտքն է։ Միտքը, իր բնականոն վիճակով, ենթակայ է մշտական փոփոխութեան, իսկ կեանքի մնացեալ բոլոր երեւոյթները պարզապէս այդ մտքին արդիւնքներն ու հետեւանքներն են։
Ինչո՞ւ հարկ է հարուածել կամ քննել բուն հիմքը` գաղափարի պայմանաւորուածութիւն:
Անհատը կը գործէ ըստ իր որդեգրած գաղափարին։ Երբ այդ գաղափարը կը կիրարկուի կեանքի մէջ եւ անոր արդիւնքը կ’ըլլայ վատ կամ ձախող, ապա բանականութիւնը կը թելադրէ անմիջապէս հրաժարիլ այդ մտքէն։ Երբ մարդը կուրօրէն կը հետեւի իր քարացած եւ հնացած մտքին, ան անխուսափելիօրէն կը նահանջէ կեանքի մէջ։ Ուստի, անհրաժեշտ է ընկալել ժամանակի պահանջքը եւ քալել անոր թելադրանքին զուգահեռ։
Սխալի ընդունումը վեհութիւն է, արդ` տեսնելով հանդերձ, որ որդեգրուած միտքը չի տուաւ սպասուած արդիւնքը եւ չի բաւարարեց նախատեսուած նպատակները, այդ սխալ մտքէն հրաժարիլը երբեք նսեմացում կամ պարտութիւն չէ։ Ընդհակառակը, սեփական սխալը տեսնելն ու զայն սրբագրելը մտային հասունութեան եւ հոգեկան արիութեան ամենաբարձր արտայայտութիւնն է։
Իսկ ինչո՞ւ մարդիկ յաճախ կը ձախողին եւ չեն բաւարարուիր իրենց մտքերու արդիւնքներով։ Պատճառն այն է, որ անոնք կը կեդրոնանան միայն արտաքին արդիւնքին վրայ եւ կ’անտեսեն բուն միտքը, որ ծնունդ տուած էր այդ արդիւնքին։ Առանց արմատը փոխելու` պտուղը չի փոխուիր։ Ազատ եւ ապրող միտքը այն է, որ պատրաստ է ինքնաքննութեան, ինքնասրբագրման եւ մշտական վերածնունդի։ Այս է միտք բանին։
Related