ԱզգայինԱրտերկիրԼրահոս

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԿԸ ԶՕՐԱԿՑԻ ՔԵՍԱՊԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

 ke bomb Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը, մօտէն կը հետեւի Քեսապի մէջ ստեղծուած կացութեան եւ յատկապէս ժողովուրդին դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Այս ուղղութեամբ Վեհափառ հայրապետը մնայուն կերպով կապեր հաստատեց Հալէպի, Լաթաքիոյ, Դամասկոսի եւ Լիբանանի մեր հոգեւոր, համայնքային ու քաղաքական պատասխանատուներուն հետ եւ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ անոնց հետ:

Վեհափառ հայրապետը միաբան հայրերէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը ղրկեց Լաթաքիա: Պատուիրակութեան նպատակն է ժողովուրդի զաւակներուն փոխանցել վեհափառ հայրապետին աղօթքներն ու զօրակցութիւնը, տեղեակ դառնալ ստեղծուած կացութեան եւ յատկապէս ուսումնասիրել ժողովուրդին կարիքները, որպէսզի կաթողիկոսարանին կողմէ անհրաժեշտ կարգադրութիւնները կատարուին:kessab events4

Մայր տաճարին մէջ վեհափառ հայրապետը պատգամ մը ուղղեց ժողովուրդին: Ան ընդհանուր գիծերով բացատրեց Քեսապի մէջ ստեղծուած կացութիւնը եւ յիշեցուց, որ նոյն ցեղասպան թուրքը հարիւր տարիներ ետք դարձեալ գաղթական կը դարձնէ մեր ժողովուրդի զաւակները: Ապա Վեհափառը շեշտեց, որ աղօթքի եւ զօրակցութեան ճամբով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը մնայ Քեսապի Եւ ամբողջ Սուրիոյ հայութեան կողքին:

kessab4  Նշենք թէ, Մարտ 22-ի ուշ ժամերուն, Վեհափառ հօր այցելեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանը: Հանդիպման ներկայ եղան Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Խաչերեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի: Սուրիոյ դեսպանը յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահին կողմէ իրեն պարտականութիւն տրուած է անմիջապէս այցելելու Վեհափառ հայրապետին իրեն վստահեցնելու, թէ Սուրիոյ պետութիւնն ու բանակը իրենց կարելին պիտի ընեն վերահաստատելու շրջանի խաղաղութիւնը:

Վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ ինք մտահոգութեամբ կը հետեւի Սուրիոյ անցուդարձերուն, եւ ո՛չ միայն Սուրիոյ հայերով, այլեւ ամբողջ Սուրիոյ ժողովուրդի ու Սուրիոյ բոլոր շրջաններու ապահովութեամբ մտահոգ է: Խօսելով Քեսապի մասին` վեհափառը ըսաւ, որ Քեսապը խորհրդանշական իմաստ մը ունի մեր ամբողջ ժողովուրդին համար: Վեհափառը յիշեցուց, որ նոյն ցեղասպան Թուրքիան է, որ առիթը կ’օգտագործէ հարուածելու հայ ժողովուրդը:

Տեղահանուած բնակիչներուն կ՛օժանդեն Ծովափի հայութեան (Լաթաքիա եւ Քեսապ) շտապ օգնութեան գործադիր մարմինը, Սուրիական Կարմիր Մահիկ կազմակերպութիւնը, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչն ու  Յոյն Օրթոտոքս եկեղեցական կազմակերպութիւնը: Քեսապի երեք համայնքներու հովիւները եւս Լաթաքիա ժամանած են: Շրջանի նահանգապետն ու առողջապահական պետական գրասենեակի տնօրէնը եւս այցելած են տեղահանուած ժողովուրդին:kessab blankets

Advertisement Subscribe Today

Լաթաքիոյ եւ Քեսապի  Շտապ Օգնութաեն մարմինները միացուցած են իրենց ճիգերն ու կը փութան ժողովուրդի օգնութեան եւ կենցաղային էական կարիքներու ապահովման: Հարկաւոր է, որ այսօր համայն աշխարհի հայութիւնը ողջ աշխարհին բացայայտէ թրքական հայատեաց քաղաքականութիւնը Սուրիոյ մէջ:

Լաթաքիա ժամանած քեսապցիներու մաս մը տեղաւորուած է իրենց հարազատներուն մօտ, իսկ ուրիշներ Առաքելական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ յարակից սրահներուն մէջ, ուր ամէն տեսակի օժանդակութիւն ցուցաբերուեցաւ:  Սուրիական Կարմիր մահիկը, պետական կառոյցները, հայկական միութիւնները եւ եկեղեցին մեծ ջանքեր կը գործադրեն գաղթական քեսապահայութեան օժանդակութեան համար` անոնց բաժնելով ուտելիք, անկողին, ծածկոցներ եւ ամէնտեսակի կենսական նիւթեր:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button