Լրահոս

Ճոն Պէրպէրեան Եւ Անդրանիկ Գիզիրեանի Յիշատակելի Երաժշտական Երեկոն


Չորեքշաբթի, 10 Յունիսին, Ուաթըրթունի Ամերիկայի Հայկական Թանգարանը «Երաժշտութիւն Գոյներու Մէջ» («Music in Color») համերգաշարքի ծիրին մէջ, կազմակերպեց յիշատակելի յիշարժան երաժշտական երեկոյ մը։ Արդարեւ, ուտի երկու վարպետներ՝ վեթերան Ճոն Պէրպէրեան եւ երիտասարդ Անդրանիկ Գիզիրեան ներկաներուն հրամցուցին գրաւիչ ծրագիր մը՝ կամրջելով հայկական երաժշտական աւանդութեան երկու սերունդներուն միջեւ։
Այս ծրագիրը կը միտի կենդանի երաժշտութեան եւ կրթական բաղադրիչներու միջոցով աւելի խոր կապ ստեղծել Թանգարանի ցուցադրութիւններուն եւ այցելուներուն միջեւ՝ առիթ ընծայելով զգալու հայկական երաժշտութեան եւ արուեստի հարուստ աշխարհը։ Ծրագիրը այժմ իր երկրորդ տարին կը բոլորէ եւ առատաձեռնօրէն կը հովանաւորուի Նենսի Քոլլիկեանի կողմէ։
Ճոն եւ Անդրանիկ ներկայացուցին 17 գործեր, որոնց շարքին էին «Ղարաբաղի Եղնիկ»-ը՝ Արցախի բնական գեղեցկութիւնն ու մշակութային ժառանգութիւնը փառաբանող սիրուած ժողովրդական գործ մը, «Ղուժին Արա»-ն եւ «Սարի Նոր Եար Ջան»-ը, որոնք հաւաքագրուած ու մշակուած են Կոմիտաս Վարդապետին կողմէ, ինչպէս նաեւ «Թամզարա»-ն եւ «Մաղքի Աղջիկներ»-ը՝ Մեղրիի շրջանին առնչուող խանդավառ պարեղանակ մը, որ Ա․Մ․Ն․-ի մէջ լայն ճանաչում գտած է Ճոն Պէրպէրեանի «Echoes of Armenia «ձայնապնակին շնորհիւ։ Ներկաները ըմբոշխնեցին Արամ Խաչատուրեանի «Գայանէ» պալէէն կշռոյթ մը։
Համերգէն ետք Ճոն Պէրպէրեան ըսաւ.- «Ուտի հնադարեան պատմութիւնը եւ Հայկական Թանգարանի մթնոլորտը՝ իր ժամանակի փորձութիւնը դիմացած արժէքաւոր նմուշներով, իտէալական միջավայր ստեղծեցին այս համերգին համար։ Հիւրերը հաճոյքով շրջեցան ցուցասրահներուն մէջ, իսկ ինծի համար այս երեկոն միշտ անմոռանալի պիտի մնայ»։
Իսկ Գիզիրեան, իր կարգին ըսաւ․- «Հայկական ուտի հարուստ պատմութիւնն ու արուեստը ներկայացնելը եւ միաժամանակ նոր շունչ հաղորդելը վտանգուած մեր ուտի երաժշտական աւանդութեան՝ իսկապէս անմոռանալի փորձառութիւն մըն էր։ Այս բոլորը իրականացնել նման պատկառելի հաստատութեան մէջ, ձեռնարկին ազդեցութիւնը աւելի խորացուց եւ արժանաւոր դարձուց։ Այսպիսի մշակութային նախաձեռնութիւնները կը պահպանեն եւ կը զօրացնեն մեր համայնքը, ինչպէս նաեւ կարեւոր դեր կը կատարեն՝ այս երաժշտական ժառանգութեան պահպանման պատասխանատուութիւնը յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու գործին մէջ»։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button